Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսքը Առանց Գործի Մեռեալ Է

Նոյեմբեր 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ամիսէ մը ի վեր Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ բախումները, Կազայի սիրտ ու անմարդկային ռմբակոծումը լուսարձակները հեռացուցին Ուքրանիայէն ու մեր պարագային` մասամբ Արցախէն ու Հայաստանէն: Երեք տագնապներուն միջեւ բաղդատութիւններ եղան յատկապէս ելեկտրոնային կայքերու միջոցով, ինչպէս սովոր է, մոռնալով, որ կարելի է բաղդատել նմանօրինակ հանգամանքներ ունեցող իրողութիւններ, միաժամանակ յարգելով նաեւ պատմականութեան սկզբունքը, այսինքն` դէպքերուն ժամանակի քաղաքական իրադրութիւնը: Անցնինք:

Արցախի բռնի տեղահանութենէն ետք, կա՞յ արդեօք տակաւին Արցախեան հարց: Արցախի գաղթական դարձած իշխանութիւնները, յատկապէս Ազգային ժողովը եւ կառավարութիւնը, հրապարակային ձեւով աշխատանք ծաւալելու տրամադրութիւն ցոյց չեն տար: Քանի մը խուսափոխական յայտարարութիւն կատարուեցաւ, ապա տիրեց խուլ լռութիւն: Գուցէ ոչ հրապարակային աշխատանք կը կատարուի, գուցէ ինքնակազմակերպման քայլեր կ՛առնուին: Գուցէ: Տպաւորութիւնը այն է, որ Արցախի իշխանութիւնները խարխափումի մէջ են, չեն յաջողիր իրենցմէ սպասուածը սահմանել ու աշխատանք կազմակերպել:

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները մնացեր են մինակ: Հայաստանի իշխանութիւններուն համար խնդիրը գաղթական արցախահայերուն օժանդակութիւն հայթայթելու համար միջոցներու որոնումն է այժմ: Քաղաքական խնդիր չկայ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար. Արցախը ազրպէյճանական հող է, արցախահայերն ալ… Ազրպէյճանի քաղաքացիներ են: Արցախահայութեան իր հայրենի հողը վերադառնալու հարց կայ, սակայն այդ հարցը կը վերաբերի արցախահայերուն: Միջամտել այդ հարցին կը նշանակէ խառնուիլ Ազրպէյճանի ներքին հարցերուն, իսկ նման միջամտութիւն կը հակասէ խաղաղութեան գործընթացին: Հայաստան աներկբայօրէն կառչած է խաղաղութեան խաչմերուկ դառնալու քաղաքականութեան ու պատրաստ է` անոր յաջողութեան համար ցանկացած զիջումի:

Միջազգային ընտանիք կոչուած անգոյ հաւաքականութեան համար եւս տագնապը լուծուած է ու հարցը փակուած: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ, մասնաւորաբար իրարու մրցակից մնայուն անդամները (Միացեալ Նահանգներ,  Ռուսիա, Ֆրանսա, Անգլիա եւ Չինաստան) կը դատապարտեն կատարուածը, կը կարեկցին գաղթականներուն, սակայն անարդարութիւնը սրբագրելու գծով ոչինչ կ՛որոշեն: Նոյնիսկ որոշման նախագիծ չեն առաջարկեր: Ըսուեցաւ, որ Ֆրանսա նախագիծ մը ներկայացնելու տրամադիր է, սակայն կողմնակի խորհրդակցութիւնները ըստ երեւոյթին ձախողցուցին նման մտադրութեան մը գործնականացումը:

Հայաստան որոշած է Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել: Որոշման նախագիծեր կը փոխանակուին. այդ առաջարկներուն մասին ոչ մէկ իրազեկում կ՛ըլլայ, սակայն կողմնակի յայտարարութիւններէն կարելի է կռահել, որ արգելքը «Զանգեզուրի միջանցքն» է, թերեւս նաեւ խորհրդային շրջանին Հայաստանի մէջ ցանուած ազրպէյճանական գիւղերը (անքլաւները): Երկրորդը Ազրպէյճանին վերադարձնելու պատրաստ կը թուի Նիկոլ Փաշինեան. առաջինի պարագային միջանցքին վրայ գերիշխանութեան հարց կը յարուցուի: Էրտողան կը սպառնայ. «Հայաստան պէտք է յարգէ իր տուած խոստումները»: Ի՞նչ խոստումի մասին է խօսքը. մեզի համար հանելուկ կը մնայ: Վերեւի երկու պահանջնե՞րն են արդեօք:

Վերջին շաբաթներուն արդէն դասական դարձած խառնաշփոթներուն վրայ աւելցաւ նոր մը եւս: Ո՞վ պիտի ըլլայ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքահայրը: Արեւմո՞ւտքը, ի դէմս Եւրոպական Միութեան, թէ՞ Ռուսիան: Ռուսիա անդադար կը յիշեցնէ, Հայաստանի կողմէ յարաբերութիւնները փճացնող իւրաքանչիւր արարքէ ետք, թէ Հայաստան Ռուսիոյ դաշնակիցն է եւ թէ ոչինչ կրնայ Ռուսիան հեռացնել Անդրկովկասէն:

Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ հայ եւ ազերի հակամարտութեան ճակատին վրայ ժամանակաւոր դադար յայտարարած են աշխարհի մեծերը: Այլ, աւելի կարեւոր ու այժմէական ընելիք ունին, յետոյ կը նային:

Մենք ի՞նչ կ՛ընենք: Նման աղէտալի պայմանները պէտք է պարտադրէին բոլոր իմաստուն վերլուծումներուն դադար տալ ու ազգովին ձեռնարկել ընդհանուր զօրակոչի: Հայրենիք կը կորսնցնենք. խօսելու ժամանակը անցած է, պէտք է գործել:

Աշխարհիկ սուրբը` Սիմոն Զաւարեան, պատգամած էր շատոնց. «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Մանչեսթըր Եունայթըտի «Հսկայ» Պոպի Չարլթընի Վերջին Հրաժեշտը

RelatedPosts

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան.  Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան
Անդրադարձ

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան. Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան

Մայիս 24, 2025
«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Ծանօթացան Լուր Գրելու Սկզբունքներուն
Անդրադարձ

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն

Մայիս 24, 2025
Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը
Անդրադարձ

Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը

Մայիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?