Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մոռացում, Անհոգութիւն, Արհամարհանք…

Նոյեմբեր 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի անկումէն շաբաթներ անց, ամէն օր նոր բացատրութիւններ եւ տեղեկութիւններ կը տրուին ա՛յն ահաւոր, ճգնաժամային քանի մը օրերուն մասին, երբ ազրպէյճանական յարձակումը շղթայազերծուեցաւ, բուռն դիմադրութենէ ետք զինադադար յայտարարուեցաւ, Պաշտպանութեան բանակը յանձնուեցաւ եւ ծայր առաւ զանգուածին գաղթը:

Արցախի նախագահը` Սամուէլ Շահրամանեան, բաւական մանրամասնութեամբ ներկայացուց դէպքերու ընթացքը: Յիշատակելի է անոր մէկ հաստատումը, որ 19 սեպտեմբերի ազրպէյճանական յարձակումին իրեն համար յստակ եղած է, որ արցախցին առանձին մնացած էր: Պաշտպանութեան բանակը, որ խիզախօրէն կը փորձէր պաշտպանել, կորով չէր կորսնցուցած, սակայն յստակ էր, թէ ռազմաճակատէն առաջ, դիւանագիտական գետնի վրայ արդէն պարտուած էինք: Ոչ մէկ աշխատանք տարուած էր, իսկ ռուս խաղաղապահ ուժերն ալ վերածուած էին պարզ, անզօր դէտի: Հաշիւները այդպէս կը պահանջէին, իսկ հայկական կողմի «հաշուապահներն» ալ այլ հաշիւներով զբաղած էին:

Պարտութեան վերջին էջը, նաեւ` Արցախի առանձին մնալը, չմոռնանք, սկսած էր խմբագրուիլ այն օրէն, երբ Հայաստանի վարչապետը հպարտօրէն յայտարարած էր, որ Արցախը Ազրպէյճանի մաս կը կազմէ, եւ պաշտօնապէս ու վերջնականապէս ձեռքերը լուացած էր այս գործէն: Կարելի չէ մոռնալ այդ յայտարարութիւնը կանխած եւ անոր յաջորդած քաղաքական ձախաւերութիւններու ամբողջ շարանը…

Հիմա բան մը փոխուա՞ծ է: Երանի՛ թէ: Սակայն բաց աչքերով կը տեսնենք, որ ոչինչ փոխուած է:

ՀՀ վարչապետն ու իր խմբակը բազմազբաղ կ՛երեւին: Այնքա՜ն զբաղած, որ ՀՀ-ի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս ոչ մէկ տեսակցութիւն ունեցած է Արցախի ղեկավարութեան հետ: Զբաղումներուն շարքին են` «Հայաստանը ժողովրդավար երկիր է» քարոզները, «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ի մենախօսութիւններն ու Ալիեւի հետ նախատեսուած հանդիպումին ջնջումը, Հայաստանի երեսին շպրտուած` ալիեւեան արհամարհանքին նորագոյն փաստը…

Կրթական վերամուտին առիթով, Փաշինեան այցելած է նորակառոյց կրթօճախներ, ուրկէ արձագանգներ կը լսուին, թէ վերատեսութեան ենթարկուած հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ կարելի եղածին չափ մոռցուած են Արցախն ու արցախցին, իսկ հնագոյն դարաշրջաններու քարտէսներուն վրայ տեղ գտած է… Ազրպէյճանը, այդ ալ` մանկավարժական ինչպիսի՜ հնարամտութեամբ: Անկէ քանի մը օր առաջ, երբ վարչապետը արդիական կազմածներով օժտուած ոստիկաններու նոր փաղանգի մը երդման արարողութեան ներկայ եղած է, հոն ալ յիշողութեան կորուստի դէպք մը արձանագրուած է. մոռցուած է երկրին պաշտպանութիւնն ու անոր բազկերակ բանակը (դեռ կը սպասենք Ֆրանսայէն եւ Հնդկաստանէն մատակարարուած հրթիռներն ու ռազմամթերքը): Փոխան պետութեան եւ պետականութեան` վարչախումբի՛ն ապահովութիւնն է, որ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ: Մոռցուած են հողն ու անոր համար պայքարած ու նահատակուած Եռաբլուրի սերունդները, որոնց ընտանիքներն ալ վարկաբեկումի կ՛ենթարկուին նո՛յն այդ ոստիկաններուն կողմէ:

Պիտի պատահի՞ արդեօք պաշտօնական տեսակցութիւն Արցախի ղեկավարութեան հետ: Եւ ի՞նչ ընելու համար…

Ղեկավարութիւն մը, որ վիրաւոր է եւ կարիքն ունի շտապ օժանդակութեան եւ գործակցութեան: Արդեօք պիտի կրկնուի՞ յանկերգը, թէ Հայաստան ընելիք չունի, ու Արցախի պատասխանատուները պէտք է իրենց հարցերը (խօսքը քաղաքականին եւ մարդկայինին մասին է) լուծեն Պաքուի հետ: Այլապէս, արդէն տեսանելի է, թէ արցախցիք ինչպիսի՜ տագնապներու դէմ յանդիման են Հայաստան բռնագաղթուելէ ետք, անոնցմէ իրողապէս կը խլուի Հայաստանի քաղաքացիութեան իրաւունքը…

Այո՛, վիրաւոր է Արցախի ղեկավարութիւնը, որովհետեւ կարելի չէ մոռնալ Պաքուի բանտախուցերուն մէջ գերեվարուած տասնեակ մը ղեկավարները, որոնք աւելցան նախապէս գերի տարուած հայորդիներուն վրայ: Կարելի չէ մոռնալ նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք գերի բռնուած հայ զինուորները, որոնց թիւը կը մնայ անորոշ, եւ որոնք շատո՜նց դուրս ինկած են Երեւանի հպարտ կառավարիչներուն յիշողութենէն:

Վիճելի չէ, որ Արցախէն հեռացուած շուրջ 120 հազար գաղթականներու դժնդակ կացութիւնը առաջնահերթութիւն է: Հապա անո՞նք, որոնք Հայաստան հասած էին ու չէին վերադարձած 44-օրեայ պատերազմէն ետք…

Զարմանալի է ստեղծուած կացութիւնը:

Մոլորուած ու ձեռնածալ ենք բոլորս:

Շեշտենք` բոլո՛րս, այսինքն` ե՛ւ իշխանաւոր, ե՛ւ ընդդիմութիւն:

Եթէ այս ընթացքը շարունակուի, աւելի քան ամիսէ մը ի վեր պարպուած Արցախը կրնայ վերջնականապէս կորսուիլ: Ազերիները արդէն ոգի ի բռին գործի լծուած են հայկական հետքերու ջնջման համար: Ո՞վ ինչի՛ կը սպասէ: Ճիշդ ու խելամիտ վերլուծումները, ախտաճանաչումները շատ լաւ են, սակայն կացութիւնը դարմանող ԳՈՐԾ չեն:

Աքսորուած արցախցիին պէտք է շուտափոյթ աքսորական կառավարութիւն (government in exile), եւ այս նպատակով աշխատանք պէտք է կատարուի անյապաղ: Ներելի չեն նմանօրինակ մոռացում, անհոգութիւն, արհամարհանք, թմրութիւն…

Նախորդը

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը

Յաջորդը

Կրկնապատկուած Վտանգը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?