Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փտածութեան Կղզեակը` Ազրպէյճան

Նոյեմբեր 11, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Իլհամ Ալիեւի իշխանութեան հասնելէն ետք Ազրպէյճան շատ արագ յայտնուեցաւ կաշառակերութեան եւ փտածութեան կասկածներու հիմամբ հետաքննութիւններ կատարող լրագրողներու եւ միջազգային մարմիններու ուշադրութեան կեդրոնը, որովհետեւ Իլհամ եւ Մեհրիպան Ալիեւներու երեք զաւակներուն անուններուն կապուած Անգլիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ունեցուածքներուն թիւը տարուէ տարի կը բարձրանար, մինչ օֆշորային ընկերութիւններու մէջ շահաբաժինները կը կուտակուէին Արզուի, Լէյլայի եւ Հայտարի մօտիկ անձնաւորութիւններու դրամատնային հաշիւներուն մէջ:

Կաշառակերութիւնն ու փտածութիւնը Ազրպէյճանի պետութեան տարբեր կառոյցներուն մէջ այնքան տարածուած եւ արմատացած է, որ եւրոպացի հետաքննիչ լրագրողներ, փտածութեան դէմ պայքարի «Թրասփարընսի ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի Խորհրդարանական վեհաժողովի տարբեր կառոյցները իրենց ամբողջական ուշադրութեան առարկային վերածած են Ազրպէյճանի տխրահռչակ ձկնկիթի դիւանագիտութեան զոհ գացած եւրոպացի  բազմաթիւ խորհրդարանականներ, որոնք Ազրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու մարզին մէջ արձանագրուող ահաւոր ճնշումներն ու ոտնակոխումները ջրելու միտումով, եւրոպական բազմաթիւ մարմիններու մէջ թունդ ազրպէյճանամէտ «պաշտպան փաստաբան»-ներ էին` ստապատիր վկայութիւններով եւ նենգափոխուած տեղեկութիւններով զինուած լոպիիսթներու վերածուելով: Նման սպանացի, հունգարացի, պելճիքացի եւ գերմանացի խորհրդարանականներ իրենց «առաքելութիւն»-ը կատարելու համար հազարաւոր եւրոներու հասնող գումարներ, ոսկեղէն եւ այլ թանկարժէք նուէրներ ստացած են տարբեր դրամատուներու միջոցով լուացուած միլիոնաւոր եւրոներու եւ տոլարներու հաշիւներէ, որոնց ընդհանուր գումարը մէկ միլիառ տոլարը անցած է:

Ազրպէյճանական պետական մակարդակի փտածութեան այլ օրինակ մըն է Ալիեւներու եւ անոնց մօտիկ շրջապատին մէջ գտնուող անձերու պատկանող ընկերութիւններու կողմէ պետական տուրքեր չվճարուելու իրողութիւնը, որ գիտակցաբար կը թաքցուի Ազրպէյճանի հարկային իշխանութիւններուն կողմէ, որոնց յառաջացուցած հարկերու գրանցման մատեանին մէջ գոյութիւն չունին Արզու եւ Լէյլա Ալիեւաներու պատկանող բազմաթիւ ընկերութիւններու անունները: Ասիկա ցայտուն ցուցանիշ մըն է, որ այդ ընկերութիւնները երկար տարիներէ ի վեր տուրքերէ զերծ կը գործեն` միլիոնաւոր տոլարներու հասնող գումարներ իւրացնելով, պարզապէս որովհետեւ Իլհամ Ալիեւի դուստրերուն կամ անոնց մօտիկ անձերու պատկանող ընկերութիւններ են: Նման փտածութեան պարագաներու մասին յաճախ կը խօսուի Հետաքննիչ լրագրողներու համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ լրագրողներու կողմէ հետաքննուած եւ հաստատ տեղեկութիւններու հիման վրայ պատրաստուած տեղեկագիրներու մէջ, որոնք բնականաբար ազրպէյճանական պետական հաստատութիւններու եւ մարմիններու կողմէ կա՛մ ամբողջութեամբ կ՛անտեսուին, կա՛մ, լաւագոյն պարագային, կը հերքուին նենգափոխուած տեղեկութիւններու հոսքով:

Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաներուն պատկանած ընկերութիւններու խումբին` «Փաշա հոլտինկ»-ին կապուած փտածութեան գայթակղութեան նորագոյն պատմութիւնները հրապարակուեցան վերջերս, երբ հետաքննիչ լրագրողներ ջանացին յայտնաբերել «Փաշա հոլտինկ»-ի հովանիին տակ գործող ընկերութիւններու կողմէ վճարուած տուրքերու ընդհանուր գումարը: Ասիկա կարելի չեղաւ յայտնաբերել, որովհետեւ հետաքննութիւնները ցոյց տուին, որ պետական արտօնագրերով գործող բազմաթիւ ընկերութիւններ, ինչպէս` «Պլես Էլ Էլ Սի», «Այտիյըլ պիզնիս քամփընի», «Փրայմ էսթեյց, «Եուրօ սթենտըրտ», «Քալինա քլովան» եւ այլ բազմաթիւ ընկերութիւններ, գրանցուած ըլլալով հանդերձ, պետական տուրք չեն վճարեր: Այս ընկերութիւնները կա՛մ Արզուի եւ Լէյլայի, կա՛մ ալ անոնց մօտիկ անձերու կը պատկանին: Հետաքրքրականը այն է, որ բոլոր ընկերութիւններն ալ արձանագրուած են նոյն հասցէին` Նեֆթճիլեր պողոտայ, թիւ 153: Այս հասցէին գրանցուած է նաեւ «Փաշա հոլտինկ»-ի կեդրոնական գրասենեակը:  Իսկ շէնքը կը պատկանի «Փորթ Պաքու Փաշա հոլտինկ»-ին: Աւելի՛ն. այս հասցէին գրանցուած ընկերութիւններէն մէկուն կը պատկանի «Փաշա» դրամատան բաժնետոմսերուն ութսուն հինգ առ հարիւրը: Իսկ դրամատան երկու կառավարիչները Արզու եւ Լէյլա Ալիեւաներն են:

Փտածութեան դէմ պայքարի «Թրանսփարընսի ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան կողմէ Ազրպէյճան կը գտնուի 157-րդ դիրքի վրայ` հարիւր ութսուն երկիրներէ բաղկացած ցանկին վրայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ազրպէյճանի մէջ փտածութիւնն ու կաշառակերութիւնը համատարած են: Սակայն շատ յստակ է, որ փտածութեան բարձր ցուցանիշ ունեցող Ազրպէյճան միջազգային դերակատարներու համար աւելի ծանր կը կշռէ, քան` արդարութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Համաշխարհային Հոգեւոր Գրականութեան Գոհարներէն «Հաւատով Խոստովանիմ» Աղօթքը` Թարգմանուած 50 Լեզուներու

Յաջորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?