Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելութիւն «Ազդակ» Օրաթերթի Խմբագրատուն

Նոյեմբեր 15, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Որքան հաճելի ու հետաքրքրական կը դառնայ դասը, երբ անիկա գործնական ու հետազօտական բնոյթ ունենայ:

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տասներորդ դասարանի աշակերտներս այս տարի մեր հայերէնի ուսուցչուհիին հետ ծրագրած ենք, դասագիրքին զուգահեռ, գործնական աշխատանքներ կատարել:

Նկատի ունենալով Թարգմանչաց տօնը, որ հայ գիրի ու գրականութեան հիմքը կը հանդիսանայ, առաւել եւս մեր առաջին դասի նիւթէն` Յ. Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-ու խմբագիրի տիպարէն մեկնած` ուզեցինք ծանօթանալ արդար եւ համեստ խմբագիրներու եւ անոնց կատարած ուղիղ ու ճարտար աշխատանքներուն:

Զոյգ առիթներուն համար խնդրեցինք այցելել «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատունը:

Մեր առաջարկը արդէն շուտով ընդունուեցաւ, եւ պատիւը ունեցանք չորեքշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտեան այցելելու «Ազդակ»-ի խմբագրատուն:

Մեզ դիմաւորեց խմբագիրներէն Արշօ Պալեանը, որ «Ազդակ»-ի լիբանանեան լուրերու եւ բացառիկներու խմբագիր է, ինչպէս նաեւ` «Ապագայ լրագրողներ» աշակերտական խմբակի պատասխանատուն:

Ա. Պալեան, սիրայօժար ու աշխուժ, «Ազդակ»-ի մասին զանազան տեղեկութիւններ տուաւ մեզի. իմացանք, որ այս օրաթերթը 96 տարիէ ի վեր կը գործէ, հիմնուած է 1927 թուականին, Լիբանանի մէջ, սկիզբը` Պէյրութ, ապա փոխադրուած է Պուրճ Համուտ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:

«Ազդակ»-ը ամենահին ու վստահելի օրաթերթերէն է, ուրկէ կը ստանանք` լիբանանեան, հայկական քաղաքական լուրեր, մարզական աշխարհի տեղեկութիւններ, գաղութներու պատմութիւններ, համաշխարհային լուրեր եւ այլն: Կը հրատարակուի մինչեւ օրս, ներկայիս աւելի նուազ քանակով կը տպագրուի, որովհետեւ թուայնացուած օրինակներ բոլորիս տրամադրութեան տակ են, ընթերցողը տարբեր միջոցներ օգտագործելու ընտրութիւններ ունի լուրեր ստանալու համար` թերթով, «app»-ով, կամ կայքով, «app»-ը 8-10 տարիէ կը գործէ, 2008 թուականին հիմնուած է «Ազդակ Daily» անունով, որ կը բովանդակէ ամբողջ թերթը: Թերթը արաբական կայք եւս ունի: «Ազդակ»-ի տպարանը 2020-ի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած է, առ այդ, ներկայիս կը տպուի այլ տեղ:

Ա. Պալեան ցոյց տուաւ մեզի «Ազդակ»-ի բացառիկներէն, որոնք տարուան ընթացքին մէկ անգամ, կարեւոր առիթներուն  լոյս կը տեսնեն:

Ան նաեւ խօսեցաւ Ափոլոյին մասին, որ 50 տարիներ շարունակ թերթեր բաժնած է, եւ անոր արձանը կանգնեցուած է Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին առջեւ:

Քաղաքացիական պատերազմէն ետք «Ազդակ» երկար տարիներ լոյս տեսած է 10 էջերով, միայն «Քորոնա»-ի համաճարակի ատեն նուազած է 4 էջի, ինչ որ գանգատներ յառաջացուցած է ընթերցողներուն մօտ` բաւարար նիւթեր չարծարծուելու պատճառով: Եւ ըստ այնմ, քանի մը ամիս ետք «Ազդակ» վերադարձած է 8 էջի տարբերակով եւ այդպէս կը շարունակէ մինչեւ օրս:

Թերթին մասին բաւական տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, Արշօ Պալեան մեզ հետաքրքրող հարցումներուն պատասխանեց, ապա թերթ հրատարակելու հերթական աշխատանքը ներկայացուց. իմացանք, որ լրագրողը լուրեր կը հաւաքէ, յետոյ պատասխանատու խմբագիրին կը յանձնէ, որպէսզի սրբագրութիւնը կատարուի, ապա կը յանձնէ գրաշարներուն, համակարգիչի մէջ կը զետեղէ եւ ետ կը ղրկէ սրբագրողին, որմէ ետք կը գրաշարեն սրբագրուած լուրերը, յետոյ կը փոխանցուին էջադրողին, որ իր կարգին յատուկ ծրագիրով յօդուածները կ՛էջադրէ թերթին մէջ: Հրատարակուած բոլոր թերթերը արխիւի կը վերածուին եւ կը թուայնացուին:

Որքան հաճելի էր ծանօթանալ խմբագիրներուն եւ մօտէն հետեւիլ անոնց կատարած աշխատանքներուն: Բոլոր խմբագիրները սիրալիր վերաբերում ցուցաբերեցին եւ իրենց աշխատանքները ցոյց տուին մեզի:

Յատկանշական էր օրաթերթի սկզբունքներէն այն, որ բոլոր կուսակցութիւններու, համայնքներու եւ գաղափարներու լուրերուն կ՛անդրադառնայ, սակայն թերթին մէջ երբեք լոյս չեն տեսներ անձնական վիրաւորական պարունակող  յօդուածներ:

Օգտաշատ այս այցելութիւնը իր յատուկ դրոշմը ունեցաւ, որքան հետաքրքրական էր, նոյնքան ալ` տպաւորիչ: Հակառակ այսօրուան դիմագրաւուած բոլոր դժուարութիւններուն, լիբանանահայութիւնը ունի հայկական թերթեր` վառ պահելու համար հայոց լեզուն, գրականութիւնը եւ մշակոյթը: Իսկ ամէնէն գնահատելին այն է, որ նիւթականացուած այս աշխարհին մէջ կեղծ ու դրամով ծախուած, շողոքորթ խմբագիրներու ի դէմ` հայերս ունինք ոչ միայն ազգասէր, հայրենասէր ու ճարտար խմբագիրներ, այլ` ճշմարտութեան ձայնը հասցնող ժրաջան ու պարտաճանաչ ազգային գործիչներ:

Մեր արտադասարանային հայերէնի դասապահը իր շինիչ առաքելութիւնը կատարեց. մենք գոհունակ սրտով եւ հպարտութեամբ վերադարձանք դպրոց` շարունակելու մեր սկսած աշխատանքը…

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ Ժ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Նախորդը

Արդարութեան Յաղթանակով

Յաջորդը

«Աստուածային Խաղը»

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?