Անկախութիւն` Պատերազմի Սեմին
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Լիբանանի մէջ այս օրերուն այնքան խորթ կը հնչէ այս բառը ... դժբախտաբար իրողութիւնը այս է եւ կարելի չէ իրապաշտ չըլլալ ու անտեսել ճշմարտութիւնն ու «ոչ անկախ» վիճակի մը մէջ գտնուելու իրականութիւնը: Իր անկախութեան 80-ամեակի նախօրեակին Լիբանան կը գտնուի պատերազմի սեմին: Իսրայէլի դէմ պատերազմ մը, որ Աստուած մի առասցէ, եթէ բռնկի, կը սպառնայ Լիբանանի գոյութեան, որովհետեւ թշնամին կը խոստանայ...



















