Արցախը` Առանց Արցախցիներու. Ռուսական Ներկայութիւնը «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի Կովկասին Մէջ
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Նիկոլ Փաշինեանը Փրակայի մէջ Արցախը ճանչցաւ Ազրպէյճանի 86.600 քառ. քմ տարածքին մէջ: Արձանագրուած իրողութիւն է պատմութեան համար: Այնպէս` ինչպէս այս իշխանութիւններու բառամթերքէն պատմական հայկական հողատարածութեան հայերէն անուանակոչման բացառումը եւ անոր պաշտօնական փոխանակումը «Լեռնային Ղարաբաղ»-ով: Ընդհուպ` մինչեւ հրապարակային ներողամտութեան հայցումը «Արցախ»-ի սխալմամբ գործածման պարագային... Փաշինեան չի՛ ժխտեր այդ մէկը: Ընդհակառակը, առիթ չի՛ փախցներ հաստատելու,որ, այո՛, այդպէս է: Կարծես...



















