Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աստուածային Խաղը»

Նոյեմբեր 15, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Տարիներ առաջ էր, որ կարդացեր էի անգլիացի վիպասան Ճոն Ֆոուլզի մէկ վէպը` «Մոգը» (The Magus) խորագրով:

Վէպը վրաս ծանր տպաւորութիւն գործած էր ոչ միայն իր բարդ հանգոյցներով եւ լուծումով, այլ նաեւ` որովհետեւ կը խօսէր նոր աշխարհի մը դրուածքին մասին:

Այդ օրերուն աշխարհին նոր, տարբեր ըլլալը տակաւին չէինք զգացած, ոչ ալ անոր պատկերացումը ունէինք:

Երբ նոր կ՛ըսեմ, ընդհանրապէս կը խօսիմ մարդկային սկզբունքներու մասին, որոնք դարեր շարունակ առաջնորդեր են մարդը, մինչ անկէ շեղողները (ընդհանրապէս ուժի դիրքերու վրայ եղող կայսրեր, թագաւորներ եւ այլն), բացառութիւն կը կազմէին: Մարդիկ կ՛ապրէին մարդկային սկզբունքներով եւ կը տառապէին անոնցմէ զառածողներուն` այդ «բացառութիւններուն» պատճառով: Ժողովուրդները իրենք էին, որ կը փոխանցէին այդ սկզբունքները սերունդէ սերունդ:

«Մոգը» վէպը կը պատմէ անգլիացի երիտասարդ ուսուցիչի մը մասին, որ կը հրաւիրուի յունական փոքր կղզիի մը` Ֆրաքսոսի դպրոցին մէջ դասաւանդելու (Phraxos, որուն նախատիպարն է Spetses կղզին, ուր հեղինակը դասաւանդած է 1950-1952 տարիներուն): Այս երիտասարդը ոչ մէկ ձեւով կապուած է իր ծննդավայրին, չունի ծնողք, եղբայր-քոյրեր, կին եւ զաւակներ, կայուն աշխատանք:

Դպրոցին մէջ տարօրինակ դէպքեր կը պատահին, որոնք կը սկսին խախտել իր հոգեկան անդորրը: Վերջաւորութեան, երբ ամէն բան կը բացայայտուի եւ ուսուցիչը սարսափած կը հարցնէ.

– Բայց ինչո՞ւ:

Այդ դէպքերուն ետին կեցող անձը, որ կղզիին տէրն է, շատ պարզ ձեւով կը բացատրէ.

– Երբ խելացի ես, հարուստ եւ գեղեցիկ, ոչինչ կ՛արգիլէ, որ ուզածներդ ընես. մարդիկ խաղալիքներ կը դառնան մեզի համար:

Հեղինակը գիրքին վերջաւորութեան դրուած հարցազրոյցին մէջ կ՛ըսէ, որ նախապէս ուզած է վէպը «Աստուածային խաղը» կոչել (The God Game) եւ զղջացեր է, որ այդ որոշումը փոխեր է:

Խաղ, աստուածային խաղ, զօրաւորներու խաղ, որոնց խաղալիքները մարդիկ են: Եւ ոչ ոք, բացարձակապէս ոչ ոք զիրենք կ՛ամբաստանէ, պարզապէս որովհետեւ… ուժեղ են:

Գիրքը գրուած է 1965 թուականին: Հեղինակը պայծառատեսութի՞ւն ունեցեր է, թէ՞ փաստացի տուեալներ վիպականացուցեր է, գոնէ ես չեմ գիտեր: Նոյնիսկ իմ կարդացած օրերուս, գիրքին լոյս տեսնելէն քառորդ դար ետք իսկ, տակաւին չէինք գիտեր, թէ կեանքը դէպի ո՛ւր կ՛երթայ, տակաւին հաւատք ունէինք Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան վրայ, մարդկային սկզբունքներուն վրայ, արդարութեան վրայ: Տակաւին կը հաւատայինք, որ բոլոր յանցանքները իրենց հատուցումը պիտի ունենան:

Ճիշդ յիսուն տարի ետք ամէն բան փուլ կու գայ. կը յայտնաբերենք, որ բնութեան աղէտներն իսկ մարդկային միտքին եւ ձեռքին գործերն են…

Այս վէպէն ճիշդ յիսուն տարի ետք կրկին կը յիշեմ կարդացածս եւ ունեցած ծանր տպաւորութիւնս:

1993-1994-ի Սուտանի սովի օրերուն լուսանկար մը մեծ տարածում գտաւ միջազգային լրատուական գործակալութիւններուն եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, Քեւին Քարթըր լուսանկարիչը աշխարհահռչակ դէմք մը դարձաւ:

Լուսանկարը կը ներկայացնէ սուտանցի շատ փոքր աղջնակ մը, որ ճամբուն վրայ սովէն տկարացած մարած ու ինկած է: Քիչ անդին անգղ մը համբերութեամբ կը սպասէ, որ աղջնակը մեռնի` իր խրախճանքին սկսելու համար:

Քարթըրի հետ եղած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին կին մը հարց կու տայ աղջնակին մասին.

– Եւ ի՞նչ եղաւ փոքրիկը, որ կարծեմ դէպի պարէնի կեդրոն կ՛ուղղուէր…

– Չեմ գիտեր,- կը պատասխանէ Քարթըր,- կ՛աճապարէի օդակայան հասնելու համար:

– Ուրեմն նկարին մէջ երկու անգղեր կան, մէկը` քամերայով:

Կ՛ըսեն, որ քանի մը ամիս անց Քարթըր, չդիմանալով իր խղճի խայթին, անձնասպան կ՛ըլլայ:

Պարզ, սովորական հարցո՞ւմ մը պէտք էր, որպէսզի Քարթըր անդրադառնար, թէ ի՛նչ ահաւոր է իր ըրածը, մանաւանդ` իր անգիտակցութիւնը:

Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ մարդասիրութիւնը, մարդկութիւնը պարզապէս ո՜ւր հասեր է նոր ժամանակներու մարդուն մէջ, այնքան, որ պարզ, շատ պարզ արարք մը, ինչպէս` իր աճապարանքին մէջ այդ փոքրիկը շալկել, հետը առնել եւ օդակայանի ճամբուն վրայ շտապ-օգնութեան կայանը հասցնել, այդ մարդուն միտքէն չէ անցեր:

Միտքէն չէ անցեր, կը հասկնա՞ք:

Աւելի ծանրը, սակայն, այս բոլորին դիմաց, մանաւանդ երբ գիտակցութիւնը ունինք դէպքերուն ետին տեսնելու, աւելի ծանրը մեր անկարողութեան գիտակցութիւնն է:

«Ես այդ շունն եմ» խորագրով գրութիւն մը ունի Պօղոս Սնապեան: Այսօր ատիկա կը յիշեմ, որովհետեւ միտքէս դուրս չի գար պատկերը երկու հսկայ շուներու, որոնք կը գզուըտին, մինչ փոքր շնիկ մը անոնց շուրջ ցատկռտելով` կը հաջէ: Շուներէն մէկը, բարկացած, աքացի մը կու տայ շնիկին եւ կը շպրտէ զայն հեռու, ուր խեղճը հոգեվարք կ՛ապրի, շունչը կտրած…

Այսօր Ամերիկայի (Թուրքիայով ծպտուած) եւ Ռուսիոյ միջեւ այդ շնիկն է Հայաստանը, որ հիմա ոչ ոքի պէտք է…

Ժամանակին Ամերիկան Թուրքիան զսպելու համար Ցեղասպանութեան քարտը կ՛օգտագործէր: Այսօր ԱՄՆ ճանչցեր է Ցեղասպանութիւնը, որուն գինը Հայաստանը ինք կը վճարէ Արցախով: Ճանչցած չըլլար բարով, եթէ իր ճանաչումը Արցախ մը պիտի արժէր: Արցախը շա՜տ աւելի թանկ է, գոնէ` մեզի համար …

«Ես այդ շունն եմ» այսօր, այո՛, դժբախտաբար:

 

 

Նախորդը

Այցելութիւն «Ազդակ» Օրաթերթի Խմբագրատուն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շարունակէ Հանդիպումները Ուաշինկթընի Մէջ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?