ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Այժմու աշխարհակործան անիմաստ ու գործնապէս անհեռանկար պատերազմներուն եւ «յեղափոխութիւններուն» նպատակներէն է երկիրներու եւ ժողովուրդներու ազգային ինքնութեան եւ պատկանելիութեան բնաջնջումը` բոլորովին խորթ միջավայրերէ առաւելապէս դէպի Եւրոպա տասնեակ հազարներով գաղթականներու հոսքին միջոցով, որ բոլորովին պիտի կերպարանափոխէ եւրոպական երկիրներուն ազգային դիմագիծը, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը: Այս է Արեւմուտքը կառավարողներուն նպատակը:
Պարզամտութիւն պիտի ըլլար գաղթականներու այս հոսքը ինքնաբուխ եւ անհատական նախաձեռնութիւն նկատելը… 25 տարիէ աւելի, գաղթականներու այս հոսքը, հակառակ նաւաբեկումներուն եւ տարեկան հազարաւոր զոհեր (2023-ին` ցարդ 2700 զոհ) պատճառելուն` տակաւին յամառօրէն եւ յաւելեալ թափով կը շարունակուի… Յստակ է, չէ՞, ինչո՛ւ… Նո՛յն այդ «յեղափոխութիւններուն» ետին կանգնողներն են, որոնք նաեւ կը կազմակերպեն ու կը դիւրացնեն արտագաղթերը:

Վերի նկարներուն մասին մէջբերում` ԺԳ. մասէն (1). «Այստեղ մտահոգութիւն կը դրսեւորուի մեր հայկականութիւնը պահպանելու, չձուլուելու ձգտումին բոլորովին հակառակ ուղղութեամբ, երբ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ գաղթականնե՛րն են, որոնք իրե՛նց մշակոյթը կը պարտադրեն գաղթավայրին մէջ, յատկապէս` իսլամները եւ իսլամութիւնը…»: Այստեղ ձուլումի հակապատկերն է եւ, օրինակ, Անգլիոյ, Սկովտիոյ եւ Իրլանտայի մէջ գաղթականը իր կրօնով ու մշակոյթով դարձած է իշխանաւոր` վարչապետ եւ քաղաքապետ:
Պէտք է նշել, որ Ամերիկայի կողմէ Իրաքի, Աֆղանիստանի եւ Սուրիոյ դէմ պատերազմներուն պատճառով եւ այլ երկիրներու մէջ «յեղափոխութիւններ» սարքելով` 30 տարի է աւելի այս երկիրներէն եւ յատկապէս նաեւ ափրիկեան երկիրներէն դէպի Եւրոպա 100 հազարաւոր գաղթականներու հոսք տեղի կ՛ունենայ, եւ նոր տեսակի սփիւռքներ կը ստեղծուին: Այս պատճառով է նաեւ, որ սփիւռքներու մասին ուսումնասիրութիւններն ու գիրքերը, պետական օրէնքները, ՄԱԿ-ի ծառայութիւններն ու մարդասիրական մարմինները բազմապատկուեցան:

Հայաստանը նաեւ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ 2010-ին ՄԱԿ-ի մէկ ծրագիրով հրատարակեց «Ձեռնարկ այլ պետութիւններու մէջ բնակող հայերուն համար» գրքոյկ- ուղեցոյցը, որուն նախաբանին մէջ երբեմնի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կը գրէ (2)` արեւմտահայերէնի վերածուած.
«Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը նպատակ ունի` զարգացնել Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները, գտնել ձեւեր անոնց սերտացման եւ ամրապնդման համար, աջակցիլ հայապահպանութեան հիմնախնդիրներու լուծման եւ մշակել ծրագրեր, որոնք կը խթանեն աշխարհասփիւռ հայերու հայրենադարձութիւնը, քայլեր ձեռնարկել այլալեզու եւ այլադաւան (օտարացա՞ծ*) հայերու շրջանին մէջ արթնցնելու եւ արմատաւորելու հայկական ազգային ինքնութեան զգացումը: Այս նպատակներուն իրականացման իբրեւ կարեւոր կառուցակարգ` կարելի է ծառայել մեր մտայղացումով ստեղծուած այս ձեռնարկը (գրքոյկը*), որ կը ծառայէ իբրեւ տեղեկատու-ուղեցոյց այլ պետութիւններու մէջ բնակող ՀՀ քաղաքացիներու եւ ազգութեամբ հայ օտարերկրացիներու համար»:
Այս ծրագիրը կիսաւարտ մնաց եւ այժմու ազգադաւ իշխանութիւնը ջնջեց սփիւռքի նախարարութիւնը եւ, ընդհակառակը, յանձնակատարի մը միջոցով լծուած է հայկական սփիւռքը պառակտելու թրքահաճոյ աշխատանքին:
Հեգնական է, որ Միացեալ Նահանգները, Անգլիան, Ճորճ Սորոսը եւ այլ ազգային ինքնութեան պահպանումին դէմ եղող յայտնի կազմակերպութիւնները, որոնք բոլորն ալ Խորհրդային Միութեան դէմ կը պայքարէին, այժմ դժգոհ են Ռուսիոյ եւ նախկին խորհրդային երկիրներու ազգայնական զարթօնքէն, եւ այժմ իրե՛նք է, որ համայնավարութիւն կը քարոզեն: Այսպէս` ապազգայնացում, «հաւասարութիւն», աշխարհաքաղաքացիութիւն, անկրօնութիւն, անհաւատութիւն, սուտ «մարդկային իրաւունքներ», ընտանեկան սրբութեան քայքայում եւ այլ սուտեր, որպէսզի աշխարհի ամբողջ բնակչութիւնը առանց պատկանելիութեան, արմատի, հողի հետ կապի, մշակոյթի, կրօնի ու իւրայատուկ ինքնութեան եւ ժառանգութեան` ոչխարներու նման, իրե՛նց ենթակայ, ստրուկ յաճախորդներու վերածեն: Այս է անոնց գերագոյն նպատակը` աշխարհի բնակչութիւնը վերածել հնազանդ ու անմիտ ստրուկներու եւ սպառողներու` յաճախորդներու:

Հայկական յատուկ նկարագիր գոյութիւն ունի՞:
Անշո՛ւշտ գոյութիւն ունի: Մեր բոլո՛ր գաղթավայրերու նախագահները, վարչապետները եւ իշխանութիւնները կը վկայեն, երբեմն նոյնիսկ կը գերադասեն «հայը»` «բնիկէն», եւ կը թուեն մի՛այն բարեմասնութիւններ, այսպէս` հայը` աշխատասէր է, կտրիճ է, շէնցնող է, չի մուրար, հաւատարիմ է, չի դաւաճաներ, օրինապահ է, խօսքին տէրն է, տաղանդաւոր է, հնարամիտ է, ստեղծագործ է, շինարար է, հզօր կամքի տէր է, արժանապատուութեան տէր` պատուախնդիր է, աստուածավախ է, լաւագոյն արհեստաւորն է, ամէն ճիւղի մէջ լաւագոյնները հայեր են, սկսած գործը կ՛աւարտէ, անկարելին կարելի կը դարձնէ, ծառայասէր է, արուեստասէր է, զոհաբերող է եւ այլն: Նշեալը բնաւ չափազանցութիւն չէ, եւ կարելի է նոյն այս բարեմասնութիւններով` իբրեւ հաւաքական ազգային նկարագիր, բնորոշել նաեւ այլ ազգեր, օրինակ` Ճափոնցի ժողովուրդը, քորէացի ժողովուրդը եւ հաւանաբար այլ ժողովուրդներ եւս, որոշ զանազանութիւններով: Անշուշտ ամէն ազգ ունի իրեն պատիւ չբերողներու խումբը, որոնց համեմատութիւնն է, որ ազգէ ազգ կը տարբերի:
Արմատներու փնտռտուք:
1976-ին Ալեքս Հէյլիի «Արմատներ» (Roots), մրցանակներու արժանացած հռչակաւոր գիրքը Ամերիկայի մէջ 1760-ական թուականներուն իբրեւ ստրուկ ծախուած ափրիկեցի 17 տարեկան Քունթա Քինթէի շառաւիղը եղող հեղինակին` Հէյլիին, շուրջ 200 տարի դէպի իր արմատները փնտռելու պատմութիւնն է: 1977-ին, վէպը հեռատեսիլի հաղորդաշար ժապաւէնի վերածուելէն ետք, նախ ամերիկացի ժողովուրդին մէջ, ապա այլուր մարդիկ սկսան մեծ թափով իրենց արմատներուն փնտռտուքին, ծագումին եւ ընտանեկան ազգագրական ծառի կազմութեան: Համաշխարհային ազգային ինքնութեան զարթօնքին դրդապատճառը եղաւ այս:

Ծինային քննութիւնները 1986-էն սկսեալ միայն ոստիկանական հետախուզութեան կը ծառայէր: 2000-էն սկսեալ հանրային` անձնական ծինային քննութիւնները սկսան, եւ մարդիկ, հայեր ալ, իրենց ծագումին, ազգային պատկանելիութեան մասին տեղեկութիւն ունեցան: Հայկական ծինային ծրագիրը` The Armenian Genome Project, 4863 հայերու ծինային քննութիւն կատարած է (3): Ընդհանրապէս հայերուն մեծամասնութիւնը R1b1a2a, շուրջ 8000 տարեկան ծինային լայն խմբաւորումին կը պատկանի: Կան զանազան այլ ձեռնարկներ եւս, օրինակ` Ancestry.com.-ը, որ վճարովի անձի մը ծագումը, ընտանեկան ծառը կը յայտնաբերէ:
Ամերիկայի Փրինսթըն համալսարանի դասախօս դոկտ. Քրիսթի Ուամփոլ (4) երեք գիրքերու հեղինակ, երկրորդը` «Արմատացուածութիւն` փոխաբերութեան մը ճիւղաւորումը» (Rootedness) խորագիրով, աւստրալիական «Ֆայնենշըլ Ռիվիու»-ի, 9 յունիս 2016-ի համարին մէջ «Ինչո՞ւ մեր արմատները կը փնտռենք» (5) խորագիրով իր գիրքին մասին հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը հրապարակած է, որմէ կը մէջբերեմ հատուածներ.
Ֆրանսացի «Փիլիսոփայական վիպասան եւ ակնարկագիր Միշել Թուրնիէն Michel Tournier կը հաւատար, որ մարդկային գրեթէ բոլոր հակամարտութիւնները` Կայէնէն սկսեալ, որ արմատացած հողագործ էր, սպաննեց իր շրջուն հովիւ Աբել եղբայրը, տեղի կ՛ունենան առանց արմատի եւ արմատ ունեցող ժողովուրդներու միջեւ լարուածութեան պատճառով»: Որքա՜ն ճշգրիտ է այս հաստատումը հայ ժողովուրդի պարագային: Անարմատ խուժանները, քոչուորները եկան ու տիրացան հազարաւոր տարիներու արիւն, քրտինք թափած, մշակած մեր երկրին ու հայրենիքին եւ այն փոքր երկիրը, որ մնացած է այժմ, ա՛յդ ալ իրենց «հայրենիքը» կը համարեն եւ կ՛ուզեն տիրանալ անոր…
«… Այժմ հասած ենք պատմութեան տարօրինակ կցակէտի մը, ուր երկու համաշխարհային համակարգեր զիրար կը հակասեն: Առաջինը աւելի հին արմատային համակարգն է, որ կ՛առանձնաշնորհէ «ուղղահայեաց» նուիրապետական կարգը` աւանդութեան եւ ազգային գերիշխանութեան հիման վրայ: Իսկ երկրորդը մեքենականացուած տեղեկատուական փոխանցումի եւ տնտեսական կապի «հորիզոնական» համաշխարհայնացած ցանցն է:
Ազգիս համար կը մեռնիմ, բայց` ո՛չ համաշխարհայնացումի համար:
«… Ազգը, անշուշտ, տակաւին իմաստալից միաւոր մըն է: Դարեր շարունակ մարդիկ նահատակուած են եւ տակաւին կը զոհուին իրենց ազգին համար: Միւս կողմէ, սակայն, երբե՛ք, ոչ ոք պիտի փափաքի մեռնիլ համաշխարհայնացման սիրոյն: Իրականութեան մէջ համաշխարհայնացումը կարծես թէ մարտահրաւէր կը կարդայ բուն իսկ արմատականութեան կարելիութեան, գոնէ այն տեսակին, որ իր խորհրդանշական ուժին համար ժամանակին կ՛ապաւինէր ազգ-պետութիւններու վրայ: Ինչպէ՞ս մարդիկ ապագային պիտի արմատաւորուին, եթէ համաշխարհային ցանցերը փոխարինեն ազգերը: Արեա՞ն կապով, գաղափարախօսութեա՞մբ, բաժնեկից մշակութային կատարումներո՞վ: Ընտրովի կապերո՞վ: Արդեօք հանգիստ պիտի զգա՞նք արմատանալով անարմատականութեան մէջ»:
Այս հարցումը ուղղուած է գիտակցաբար հայութենէ հեռացողներուն եւ համաշխարհայնացում քարոզողներուն, մեր եկեղեցւոյ դէմ պայքարողներուն, աղանդաւորներուն, օտար կազմակերպութիւններու ջատագովներուն եւ անոնց անդամներուն, իրենք զիրենք աշխարհաքաղաքացի կարծողներուն եւ հայ ազգային բոլոր սրբութիւններն ու պատմութիւնը անարգող, ընտանեկան սրբութեան դէմ եղող այժմու Հայաստանի ՔՊ-ական դաւաճան ու անարժան` հայութեան պատիւ չբերող եւ վարկաբեկող այս վարչախումբին:
«Վերջաւորութեան, սակայն, արմատացուածութիւնը կը մնայ տիրական: Բոլոր մարդիկ կը փնտռեն միջավայր մը, ուր իրենք կրնան ընդգրկուիլ». կ՛եզրակացնէ Ուամփոլ:
Միացեալ Նահանգներուն մէջ իշխանութեան կամ ընկերութեան կողմէ պաշտօնապէս հասարակ քաղաքացին ցեղային բնորոշումով ճանչնալը արգիլուած է, մինչեւ որ քրէական յանցանքի մը համար կալանաւորուի: Այնուհետեւ կարգ մը նահանգներու մէջ մանրակրկիտ ցեղային եւ ծինային քննութեան կ՛ենթարկուին անոնք ու կը պիտակաւորուին (profiling): Քալիֆորնիոյ մէջ 1970-ական տարիներէն սկսեալ, տասնեակ հազարաւոր հայեր, բոլորը Հայաստանէն` խորհրդային միջավայրի մէջ «կրթուած»` հին ու նոր արտագաղթողներ, անցած են բանտերէն ու պիտակաւորուած: Համայնավարութիւնը անոնց մէջ մարդն ու հայկական նկարագիրը մեռցուցած էր:
Ծագումէն փախուստ չկայ, քանի որ կենսաբանական է այդ, ժառանգութիւնն է մեր հարցը, հսկայական աւանդին` լեզուին եւ մշակոյթին հետ ընտելացումը եւ անոնց կենսագործումը:
Գործնական առաջարկ թիւ 12. Հայկական նկարագիրի եւ մշակոյթի ամրապնդում եւ տարածում` ծանուցում աշխարհահռչակ հայերու միջոցով:
Տիպար օրինակ մըն էր ֆրանսական TV2-ի հայութեան նուիրուած, Վերսայի օփերայէն սփռուած «Լէ կրանտ էշիքիէ» յայտագիրի 31 օգոստոս 2023-ի ծրագիրը, որ ներկայացուցին Քլեր Շազալը եւ Անտրէ Մանուկեանը, բեմադրիչը` Ֆրանսուա Կեթղեպէօր. 2 ժամնոց տեսերիզը դիտել այստեղ (6): Յայտագիրին հիւրերը մեծամասնութեամբ Ֆրանսայի մէջ հանրածանօթ, հռչակաւոր ֆրանսահայ երգիչներ, դերասաններ եւ արուեստագէտներ էին, որոնցմէ երկուքին պարագային տեղեակ չէի, որ անոնց մէկ ծնողը հայ է: Յայտագիրին ընթացքին այս հայ արուեստագէտները հիանալի ելոյթներ ունեցան, Շարլ Ազնաւուրի մասին խօսեցան եւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի մասին եւ անշուշտ` Արցախի շրջափակման մասին:
Վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր ֆրանսահայ, կամ սփիւռքահայ, որ դիտեց այս յայտագիրը, վերանորոգեց ու ամրապնդեց իր պատկանելիութեան զգացումները: Պէտք է հաստատել, որ բարձր մակարդակի, որակաւոր, լաւ ծրագրուած ձեռնարկ մըն էր, երբե՛ք աժան քարոզչութիւն, որ իբրեւ նմուշ պէտք է ծառայէ նմանօրինակ յաճախակի ձեռնարկներու: Սփիւռքահայ հռչակաւոր բեմադրիչներու եւ ձեռնարկատէրերու` արտադրիչներու խումբ մը ստեղծել, որ գաղթավայրերու մէջ այսպիսի յայտագիրներ պատրաստեն արթնցնելու համար ամայացած ու լուսանցքայնացած հայերու հայկականութիւնը` մղելով զանոնք դէպի իրենց արմատները եւ հայկական կառոյցները:
14 սեպտեմբեր 2023
Շար. 16/17
——————-
* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները իմ կողմէս
(1).- https://www.aztagdaily.com/archives/583397
(2).- «Ձեռնարկ այլ պետութիւններում բնակող հայերի համար»
https://www.ilo.org/wcmsp5/groups/public/—europe/—ro-geneva/—sro-moscow/documents/publication/wcms_308885.pdf
(3).- https://www.familytreedna.com/groups/armeniadnaproject/about/project-statistics
(4).- https://fit.princeton.edu/people/christy-wampole
(5).- https://www.afr.com/policy/why-we-search-for-our-roots-20160606-gpcs9p
(6).- https://www.youtube.com/watch?v=zsKAN9hp4SE