Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան

Նոյեմբեր 10, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան

Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան ծնած է 1875-ին,  Կեսարիոյ Կերմիր գիւղը: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրին մէջ:

1895-96 ուսանած է Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական համալսարանին մէջ, սակայն ուսումը կիսատ ձգած է:

1896-1901 ուսանած է Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքի համալսարանի բժշկական հիմնարկին մէջ:

1899-1900 ուսանած է Լոզանի Սըրիի հոգեբուժական հիւանդանոցէն ներս եւ մասնագիտացած է հոգեկան հիւանդութիւններու ծիրէն ներս եւ ստացած է համապատասխան վկայական: Նոյն հիւանդանոցին մէջ աշխատած է որպէս հոգեբուժ` 1900-1902: Հրաժարած է իր գործէն եւ այցելած է Գերմանիա ու Ֆրանսա: Ան եղած է Փարիզի եւ Զուեցերիոյ հոգեբուժական ընկերութիւններու անդամ:

1902-ին վերադարձած է Կ. Պոլիս, ուր ենթարկուած է հալածանքի` իր ունեցած ազգայնական հայեացքներուն պատճառով: Ան ձերբակալուած եւ աքսորուած է իր ծննդավայրը` Կեսարիա: Սակայն յաջողած է շուտով վերադառնալ Պոլիս:

1902-1906 որպէս օգնական հոգեբուժ աշխատած է Պոլսոյ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին մէջ: 1906-1915 նոյն հիւանդանոցին մէջ գործած է որպէս հոգեբուժ եւ ետքը` որպէս բաժանմունքի վարիչ: Հոն ամէն տարի բուժած է հոգեկան հիւանդութիւններէ տառապող մօտ 200 տղամարդ եւ 100 կին: Շրջան մըն ալ վարած է հիւանդանոցին բժշկապետի պաշտօնը:

1910-ին անդամակցած է Հայ սահմանադրական ռամկավար կուսակցութեան: Նոյն տարին ընտրուած է Կ. Պոլսոյ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ եւ ազգային երեսփոխան: Նոյն պաշտօնին վերընտրուած է 1913-ին:

1910-ին նշանակուած է Պոլսոյ Գաղատիա թաղամասին Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան անդամ: 24 ապրիլ 1915-ին բազմաթիւ հայ մտաւորականներու հետ ինքն ալ կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ եւ ապա կը փոխադրուի Չանղըրիի բանտ: Իր անունը փորագրուած է Չանղըրիի բանտին մէջ պատրաստուած համրիչին 99 հատիկներէն մէկուն վրայ: Ան ազատուած  է Չանղըրիի բանտէն եւ տանջանքներով հասած է Անգարա, եւ ապա` Հալէպ:

Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան կը վերադառնայ Պոլիս եւ կ՛ըլլայ Կոմիտասի հոգեկան առողջութեամբ զբաղող առաջին հոգեբուժը:

 

1915-ին կը զօրակոչուի Օսմանեան բանակ, ուր կը ծառայէ որպէս զինուորական  բժիշկ:

1918-ին  զօրացրուած է բանակէն եւ վերադարձած է Պոլիս:

1923-ին տեղափոխուած է Հալէպ եւ գործած է որպէս հոգեբուժ:

1925-ին խումբ մը ազգայիններու հետ Հալէպի մէջ կը հիմնեն Հալէպի Հայ կարմիր խաչը

1935-էն մինչեւ իր մահը` 1955, ապրած եւ գործած է Հալէպի մէջ:  1935-ին Հալէպի մէջ հիմնադրուած Ազգ. Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցի խնամակալութեան ատենապետը եղած է երկար տարիներ եւ ետքը`  պատուաւոր նախագահը:

Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան եղած է ճանչցուած ազգային գործիչ, եռանդուն ու նուիրուած կուսակցական, յարգուած անձնաւորութիւն, հիւսիսային Սուրիոյ ՌԱԿ-ի ակումբներու ղեկավար, Հալէպի ՌԱԿ` պաշտօնաթերթի` «Եփրատ»-ի արտօնատէրն ու տնօրէնը, Բերիոյ (Հալէպի) թեմի Քաղաքական ժողովի ատենապետ: Գրած է շատ մը թերթերու եւ տարեցոյցներու մէջ բժշկական յօդուածներ:

Մահացած է Հալէպ, 1955-ին:

 

 

Մոնրէալ, 17 մայիս 2023

 

 

 

Աղբիւրներ`

 

1.- Ալպոյաճեան Արշակ, «Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ», Բ. հատոր, Գահիրէ, 1937:

 

2.- Աւագեան Կարինէ, «Չանղըրըի 1915 թ. ապրիլի 11, յիշատակ»… Թանգարանային ցուցանմուշը, «Հանդէս Ամսօրեայ», 2008:

 

3.- Աւագեան Կարինէ, «Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի», Երեւան, 2002:

 

4.- Ազգային հիւանդանոցի մէջ պաշտօնավարած բժիշկները. «Ընդարձակ տարեգիրք Ազգային հիւանդանոցի», Պոլիս, 1939:

 

5.- «Եղեռնէն վերապրող հալէպահայ գաղութին երախտաւորը – տոքթ. Խաչիկ Պօղոսեան (1875-1955)», կազմող` Թորոս Թորանեան, խմբագիր` Վաչէ Ղազարեան, Նիւ Եորք, 2009:

 

6.- Ընդարձակ օրացոյց Ս. Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց, Կ. Պոլիս, 1905:

 

7.- Մինասեան Յարութիւն, «100 հայ հոգեբուժներ. կենսագրական բառարան», գիրք Բ., Երեւան, 2004:

 

8.- Մինասեան Յարութիւն, «Օսմանեան կայսրութիւնում եւ Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ», Երեւան, «Լուսաբաց», 2014, 520 էջ:

 

9.- Յարման Արսէն, «Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի» (թրքերէն), Պոլիս, 2001:

 

10.- Յուշամատեան, Խաչիկ Պօղոսեան, Նանի Թնճուկեան հաւաքածոյ – Պըրլինկէյմ, Քալիֆորնիա:

 

11.- Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., «Հայ գողգոթան», Երեւան, 1991:

 

12.- Ուիքիբեդիա, Խաչիկ Պօղոսեան:

 

13.- Wikiwand, Խաչիկ Պօղոսեան:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հաւատացեալին Վերացումը Չխանգարելու Խնդրանքով

Յաջորդը

Էֆ Պի Այ-ը Կը Հետախուզէ Նիւ Եորքի Քաղաքապետի Քարոզարշաւին Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Կապերը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է

Հոկտեմբեր 1, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Սեւանի Հորթուկը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?