Անդրադարձ

Լեւոն Յակոբի Թորոսեան.  Երախտաւոր Ու Բազմաշնորհ  Արուեստա-Մտաւորականին Հետքերով

Լեւոն Յակոբի Թորոսեան. Երախտաւոր Ու Բազմաշնորհ Արուեստա-Մտաւորականին Հետքերով

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ Կար ժամանակ, ոչ հեռաւոր, երբ կ՛ահազանգէինք, կ՛արձագանգէինք, կը հրապարակէինք կամ կ՛արձանագրէինք մահուան բօթերու կամ գոյժերու մասին, անոնք ըլլային անակնկալ, յանկարծահաս, հիւանդութեան կամ այլ տխրահունչ մեկնումներու առիթներով: Այս շիջումները, անցումները կամ կորուստները կը նկատուէին, իրենց զանազան տարբերակներով, տերեւաթափեր, փետրաթափեր կամ ճիւղեղաթափեր, որքան ալ ըլլային բնական եւ սովորական, բայց, վերջին հաշուով, անոնք դառնալով բացարձակ իրականութիւններ ու թափանցիկ ճշմարտութիւններ: Իսկ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Նոր Տարուան Կարօտներ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Մեր օրերուն, երբ զաւակ, թոռնիկ, եղբայր, քոյր կամ հարազատներ հեռու են քեզմէ, քովդ չեն, կարօտը ծանր կը նստի սրտիդ: Թէեւ արդի միջոցներով, փա՛ռք Աստուծոյ, կապի, լսատեսողական բոլոր պայմանները կան, բայց տեղ մը բոլորին կարօտը հոգիդ կը կրծէ: Կարօտը` օրական ապրելու, տեսնելու, վայելելու, զգալու, շնչելու... Դժբախտաբար մեր երկրի պայմանները այնպէս մը եղան, որ մենք մեր ձեռքով մեր զաւակներուն արտօնեցինք...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Ե՞րբ Պիտի Սորվին Տարրական Քաղաքավարութիւն

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Հանրային-հասարակական կեանքի մէջ կան երեւոյթներ, որոնք ոչ միայն հիասթափութիւն եւ յուսախաբութիւն, այլ նաեւ վրդովանք կը պատճառեն: Այդ երեւոյթներէն մէկը քաղաքավարութեան պակասն է:  Օրինակներով խօսինք մտքերը պայծառացնելու համար. Յաճախ պատահած է, որ մէկէ մը խնդրանք մը ստացած ենք եւ այդ խնդրանքը անմիջապէս կատարած ենք: Սակայն խնդրողը երբեք տարրական քաղաքավարութիւնը չէ ունեցած իր շնորհակալութիւնը յայտնելու: Երբեմն խնդրանքներ...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ 125.000 Եւրոյի Յատկացում` Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

«Զարմանազան 2024»

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ 2024-ին արեւմտահայերէնով ամառնային «Զարմանազան» ճամբարը տեղի պիտի ունենայ թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ: «Զարմանազան»-ը այն վայրն է, ուր սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը միանան եւ լեզուն հաճոյքով կ՛ապրին: Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու. - 10-17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ), -...

ՎԱԽ

Ի՞նչ Կրնանք Ընել

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Վերջին ամիսներուն, մանաւանդ` Արցախի պարպումէն եւ պաղեստինեան պատերազմը սկսելէն ետք, շատ տարբեր երկիրներէ եւ տարբեր ազգութեան պատկանող ժողովուրդներէ յաճախ կը լսենք այս խօսքը` «Ես մէկ հոգի եմ, մինակս ի՞նչ կրնամ ընել աշխարհի այս իրարանցումին մէջ». ասիկա խորքին մէջ դասալքութեան թունդ արտայայտութիւն է: Այնքա՜ն բան կայ ընելիք. օրինակ չե՞ն պաղեստինցիները, որոնք իրենց պայքարին սկիզբէն, երբ տեսան, թէ աշխարհի նոր...

Գերբնական Թուային Զրոյցներ` Հայերէնի Արձագանգը Կը Հնչէ Ապագայէն

Գերբնական Թուային Զրոյցներ` Հայերէնի Արձագանգը Կը Հնչէ Ապագայէն

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ամերիկեան «Բաց ԱԲ» (անգլերէն` Open AI) (1) ընկերութիւնը 6 նոյեմբեր 2023-ին յայտարարեց, թէ պիտի թողարկէ «Չաթ Ճի.Փի.Թի.»-ի (Chat GPT) կարգաւորելի տարբերակը: Այս լուրը մեզմէ եւ մեր այսօրուան իրականութենէն որքան ալ հեռու թուի ըլլալ, սակայն ես, մեզ, մանաւանդ մեր լեզուն` հայերէնը, այս լուրին (իր ծանուցած  արհեստագիտութեան հետ միասին) խորքին մէջ կը տեսնեմ: Հայերէնին վտանգուած ըլլալուն կրկներգը չեմ ուզեր...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Սա Մենք Ե՛նք, Եւ Մենք Չե՛նք

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Կ՛ըսենք եւ չենք ըսեր, Կ՛ապրինք նկարներովը երազներու, Կը քալենք առանց տեսնելու, Կը լսենք առանց հասկնալու, Չենք հրաժարիր, բայց չենք ալ ընդունիր, Կը նախընտրենք օտարը կապկելով ապրիլ, Սա մենք ենք, եւ մենք չենք, Արդ, Ինչպէ՞ս հաշտուիլ անըմբռնելիին հետ, Ինչպէ՞ս ճոխացնել յոյսը վաղուան, Ինչպէ՞ս գտնել մշուշոտ ճամբան, Ինչպէ՞ս թաքուն ձայներուն ականջ դնել, Ինչպէ՞ս փլած կեանքը վերաշինել, Ինչպէ՞ս ուրախն ու տխուրը...

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

Նիւ Եորքի Քաղաքապետը Ութ Տարուան Ընթացքին Մասնակցած Է Թուրքիոյ Առնչուող 80 Ձեռնարկի

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Երեք շաբաթ առաջ, երբ առաջին անգամ գրեցի Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզի քարոզարշաւի` Թուրքիոյ հետ ունեցած կապերուն վերաբերեալ Էֆ.Պի.Այ.-ի հետախուզութեան մասին, ես չէի պատկերացներ, որ ատիկա Փանտորային տուփը բանալ կը նշանակէ: Անցեալ շաբաթ Էտըմզ ստեղծեց պաշտպանութեան հիմնադրամ` գումար հաւաքելու համար, որպէսզի վճարում կատարէ 2021-ի նախընտրական իր քարոզարշաւին ընդլայնուող դաշնակցային հետախուզութեան իրաւական ծախսերուն դիմաց: Օրէնքը...

Հայոց Վարժարանին Եւ Եկեղեցւոյ Համալիրը` Թրքական Կրկնակ Գրաւումին Տակ

Հայոց Վարժարանին Եւ Եկեղեցւոյ Համալիրը` Թրքական Կրկնակ Գրաւումին Տակ

ՍԻՄՈՆ ԱՅՆԷՃԵԱՆ Թուրքիոյ գրաւումի տակ գտնուող հիւսիսային Կիպրոսը դուռը կը բանայ հիմնադրամին առջեւ, որուն նախագահը Սելճուք Պայրաքթարն է, Էրտողանին փեսան: Երեքշաբթի, 7 նոյեմբերին Կիպրոսի հիւսիսը գրաւող թուրք ուժին պարագլուխները դռնբացէքը կատարած են հայոց Մելիքեան-Ուզունեան վարժարանին եւ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Տասնեակ տարիներ առաջ USAID-ի եւ UNDP-ի բազմամիլիոն նպաստով կատարուած նորոգութիւնը, որ կոչուած էր վերակենդանացնելու հայոց գաղութին երբեմնի կալուածը, ներառեալ`...

Խմբագրական «Զգոյշ»- ի.  Մարդկութեան Խլացնող Լռութիւնը

Խմբագրական «Զգոյշ»- ի. Մարդկութեան Խլացնող Լռութիւնը

Արդի աշխարհին մէջ, ուր լուրերը հնարաւորութիւն ունին ազատօրէն շրջելու եւ օրական 24 ժամ լոյս սփռելու միջազգային անցուդարձերուն վրայ, մենք ականատես կը դառնանք անթիւ անարդարութեանց ու ճնշումներու` երկրագունդի այս կամ այն անկիւնը, այս կամ այն ժողովուրդին ու հաւաքականութեան դէմ: Լուրերը կը տարածուին շատ արագ, բայց երբ վերնագիրները կ՛անցնին վարագոյրին ետեւ, հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ. ինչո՞ւ մարդկային գիտակցութիւնը մտահոգիչ չափերով անտարբեր...

Սթափելու Ժամանակը

Ի՞նչ Է Հայրենիքը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ուրբաթ, 24 նոյեմբերին Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց քաղաքացիներու կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն: Հարցում ուղղելու իրաւունք ստացեր էին ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները, այլեւ սփիւռքահայերը: Հարցումները յղուած էին նախապէս եւ պատշաճօրէն խմբագրուած: Համբերութեամբ հետեւեցայ մօտ ութ ժամ տեւած այս եզակի հարցազրոյցին: Հարցումներուն ոճը կը նմանէր հեքիաթներու մէջ պատմուող հպատակ-թագաւոր զրոյցին` «Թագաւորը ապրած կենայ, ես խնդիրք մը ունիմ, մեռնեմ քո հոգիին»:...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Ի՞նչ Կը Շահինք Անգիտանալով Հայ Եկեղեցիի Հեղինակութիւնը Եւ Քաղաքական Դերը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Պարտութեան եւ ընկճուածութեան մեր ներկայի մթնոլորտին մէջ, Հայաստանեայց եկեղեցիի գերագոյն առաջնորդները,   Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ    Արամ Ա. կաթողիկոս,  ներազգային եւ միջազգային քաղաքական բեմերու  վրայ կը գործեն, կը դիրքորոշուին: Անոնք կը վկայեն Արցախի եւ անոր ժողովուրդին մասին: Արցախ յիշել եւ յիշեցնել` քաղաքական աշխատանք է: Գարեգին Բ. կաթողիկոս, մեր ժողովուրդի կրած պարտութեան հետեւանքները մերժելով, վերականգնումի հաստատակամութեամբ, կը յայտարարէ, որ հակառակ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Ո՞ւր Է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Գալիք Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ – Գ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ռուսիոյ նախագահ Փութինի` Պատմութեան վերադառնալու շահեկան ելոյթները եւ հայկական դիւանագիտութեան ու մամուլին անհաւատալի անտարբերութիւնը» խորագիրով յօդուածիս մէջ (28) անդրադարձած էի, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 12 յուլիս 2021-ին Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին եւ յարաբերութեան նիւթով «Ռուսերու եւ ուքրանացիներու պատմական միասնութեան մասին» խորագիրով յօդուած մը գրած է, որ զետեղուած է նախագահական կայքէջին մէջ (29), ուր գրած է (հատուածներ). «...Հետեւաբար ժամանակակից Ուքրանիան...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Ո՞վ Կը Վախնայ ՀՅԴ-էն

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ                         1. Քեսապի ժողովրդային տունը` «Գրադարանը» 1951-ին:                            2. Քեսապի ժողովրդային տունը` «Գրադարանը» ներկայիս: Սուրիոյ հիւսիսը ու Հայաստանի արեւմուտքը գտնուող մեր դարաւոր ոսոխին` Թուրքիոյ մէջ 1980 թուականին, տեղի ունեցաւ զինուորական պետական յեղաշրջում, ու նախագահ դարձաւ զօր. Քենաան Էվրեն (1980-1989): Անոր օրով վարչապետութեան աթոռը զբաղեցուց Թուրկութ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Խօսելու Հաճոյքը

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ընդհանրապէս կայ մարդ, որ իր ըսելիքը կարճ-կտրուկ կ՛ըսէ: Կայ մարդ ալ, որ մինչեւ իր ըսելիքը ըսէ, դիմացինին համբերութիւնը կ՛օգտագործէ եւ բաւական տհաճ կացութիւն մը կը ստեղծէ: Սակայն մեր կեանքին մէջ այս երկուքէն անդին ալ կան մարդիկ, որոնք կը խօսին ու կը խօսին, բայց ըսելիք չեն ունենար: Քուկդ ալ ճիշդ է` կ՛ըսեն, անորն ալ ճիշդ է` կ՛ըսեն: Ես ճիշդ...

Հալէպահայ Դոկտ.Արա Սայեղ Փրոֆ. Տիտղոսին Կ’արժանանայ

«Հեքիաթներ»-ը` Պատմումի Ուսուցանող Դիտաւորութեամբ

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Մանկապատանեկան գրականութեան անդաստանը, մանկական թատրոնը եւ ընդհանրապէս կրթադաստիարակչական ու մանկավարժական, մատղաշ սերունդին բարեկրթութիւն ուսուցանող արուեստը հիմնուած է նախ` պատմելու, նորութիւններ մատուցելու, ընդունակութիւններ եւ շնորհքներ պեղելու, տաղանդներու բացայայտումներ կատարելու, երեւակայութիւնը ընդլայնելու, մտածելու հմտութիւնները զարգացնելու փուլերու վրայ, որոնք հիմնուած են ծրագիրներու օգնութեամբ: Ի վերջոյ, հիմնական եւ վերադաս թիրախն է ոգեշնչել, ստեղծագործական ոգին յայտնաբերել, զարգացնել եւ վերելքի մղել ծաղկահասակ տարիքի...

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը  (1945-2023) Բ.

Անդրանիկ Մըսրլեան

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Աւելի քան չորս ամիս կ՛ընէ արդէն այն օրէն, երբ Անդրանիկ Մըսրլեան հեռացաւ կեանքէն. իր մահուան պատճառած սուգն ու ծանր ցաւը յուշ եւ յիշատակ դառնալու ընթացքի մէջ են: Եւ որքան ժամանակը անցնի, անոր կերպարը մեր միտքերուն մէջ, ազատագրուելով իր կեանքի ընթացքին կուտակած մանր-մունր աննշան փոշիի հատիկներէն, մեզի այլեւս միշտ պիտի ներկայանայ իր հարազատ պայծառութեամբ: Այդ պայծառութիւնը կը զգայ նաեւ...

Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին

Դանակը Ոսկորին Հասնելուց Յետոյ…

Դ. Մ. Պատմական գիտութիւնների թեկնածու Յարգելի՛ ընթերցող, պատմական աւելի քան մէկդարեայ ողբերգութիւնները, որոնց բոլորս ծանօթանում էինք լոկ դասագրքերում ու պատմական վէպերում, ահա, այսօր, ազգովի վերապրում ենք առարկայօրէն` մեր առօրեայում թերթւող չարագուշակ էջերի ընդմիջից: Կրկնակի եւ երիցս ցաւալի իրողութիւնն այն է, որ այսօրուայ ողբերգութիւնների ականատեսն ենք` 20-րդ դարավերջում (դարձեալ ազգովի) յաղթանակած ազատագրական պայքարի եւ բազում զոհողութիւնների արդիւնքում վերանուաճած անկախութեան 3-րդ տասնամեակի...

Լեռնային Ղարաբաղի Կորստի Պատասխանատուութիւնը

Լեռնային Ղարաբաղի Կորստի Պատասխանատուութիւնը

ՀՐԱՅՐ ՊԱԼԵԱՆ Ռուսաստան Հրայր Պալեան 2022 թուականի փետրուարից Ռուսաստանը զբաղուած է Ուքրանիայի պատերազմով, եւ նրա աշխարհաքաղաքական շահերի շրջանակը Հարաւային Կովկասում զգալիօրէն նեղացել է: Զգալով դա` Ազրպէյճանը բազմիցս փորձարկել է Հայաստանի ռազմական պաշտպանութիւնը եւ Ռուսաստանի հնարաւոր արձագանգը 2020 թուականի եռակողմ համաձայնագրի խախտումներին: Լաչինի միջանցքի շրջափակումը եւ Ազրպէյճանի կողմից կրկնուող յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հայկական դիրքերի, ինչպէս նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքով մնացին...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յիշելով Նիցչէն

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Զարմանալի է, որ այս վերջերս յաճախ միտքս կու գայ գերմանացի փիլիսոփայ Նիցչէի սահմռկեցուցիչ յայտարարութիւնը, թէ` «Աստուած մահացած է»: 1882 թուականին իր «Զուարթ գիտութիւնը» գործին, ապա անգամ մը եւս` «Այսպէս խօսեցաւ Զրադաշտը» գործին մէջ: Բայց ամէնէն հետաքրքրականը շարունակութիւնն է այդ նախադասութեան, երբ փիլիսոփան կ՛ըսէ, թէ` «Մենք ենք, որ սպաննեցինք զԱստուած, ինչպէ՞ս մխիթարուիլ, մե՛նք` ոճրագործներուն ոճրագործը: Ինչ որ այս...

Page 172 of 807 1 … 171 172 173 … 807

Արխիւներ