Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկախութիւն` Պատերազմի Սեմին

Նոյեմբեր 22, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Լիբանանի մէջ այս օրերուն այնքան խորթ կը հնչէ այս բառը … դժբախտաբար իրողութիւնը այս է եւ կարելի չէ իրապաշտ չըլլալ ու անտեսել ճշմարտութիւնն ու «ոչ անկախ» վիճակի մը մէջ գտնուելու իրականութիւնը:

Իր անկախութեան 80-ամեակի նախօրեակին Լիբանան կը գտնուի պատերազմի սեմին: Իսրայէլի դէմ պատերազմ մը, որ Աստուած մի առասցէ, եթէ բռնկի, կը սպառնայ Լիբանանի գոյութեան, որովհետեւ թշնամին կը խոստանայ ոչնչացնել ամէն ինչ ու ամէն բան` Միջին Արեւելքի երբեմնի Զուիցերիոյ մէջ:

Թէ ինչո՛ւ Լիբանան անկախ չէ, եւ ինչո՛ւ այս ամէնը խորթ կը թուին: Անկախութիւն կը նշանակէ` ըլլալ ազատ, յարգուած, արժանապատիւ, բարօր եւ հպարտանալ երկրի մը պատկանելիութեամբ, քաղաքացիական իրաւունքներ ունենալ եւ մարդ արարածի վայել կեանքով ապրիլ ու արարել տուեալ երկրին մէջ:

Լիբանանի մէջ այս բոլորը անունով կան, այնքան ատեն որ քաղաքացիները կ՛ապրին այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր մարդ արարածին տարրական կարիքները, ինչպէս` ջուր, ելեկտրականութիւն եւ այլն, չեն ապահովուած: Ուրեմն այդ քաղաքացին չի կրնար յարգուած զգալ, չի կրնար հպարտանալ իր արժանապատուութեամբ եւ կրած քաղաքացիութեամբ, նոյնիսկ եթէ պատկանելիութիւն կը զգայ այդ երկրին նկատմամբ:

Վստահաբար վերոնշեալ երկու կարիքները  երկիր մը անկախ դարձնելու չափանիշները չեն միայն, սակայն անոնք կարեւոր են ու կենսական` նուազագոյնը ապրելու համար:

Կարելի է նաեւ այլ դիտանկիւնէ մեկնել այս իրողութիւնը: Հետեւեալն է. այն պետութիւնը, որ իր քաղաքացիներուն տարրական պէտքերը չի կրնար հոգալ, պետութիւն կրնա՞յ կոչուիլ, արժանի՞ է անկախութիւն ունենալու, կրնա՞յ ինքզինք գերիշխան յորջորջել եւ կամ` ազատ ձեւանալ:

Հոս կ՛արժէ փակագիծ մը բանալ անդրադառնալու համար քաղաքացիներուն մատուցուած ծառայութիւններուն, որոնք իբր թէ պետութեան պարտաւորութիւններն են: Խորքին մէջ անոնք ծառայութեան պիտակի տակ կը կատարուին` պետական գործիչներուն շահերը ապահովելու, հետեւաբար նման տիպի ծառայութիւններ լոկ պատճառաբանութիւններ են, իսկ զանոնք իրագործողները` ո՛չ թէ պետական այրեր, այլ` պետականութեան տարազով յայտնուած մաֆիաներ:

Աւելի՛ն. շատ անգամ նաեւ կը խօսուի պատգամ երկիր Լիբանանի մասին: Պատգամ` իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան ու համերաշխութեան առումով: Այս իրողութեան հիմնասիւնը հանդուրժողութիւնն է, դիմացինը ընդունիլը` ինչպէս որ է: Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող ամէնէն հզօր եւ ինքզինք պարտադրող անիրական երեւոյթներէն մէկն է համերաշխութեան, համակեցութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան այս նիւթը:

Համեմատութիւնները թիւերով կարելի չէ նշել, որովհետեւ Լիբանանի պետութիւնը, հաւանաբար` դիտմամբ, չի փափաքիր վիճակագրութիւն մը կատարել եւ իմանալ իր ժողովուրդը բաղկացնող շերտերուն թուային ու տոկոսային համեմատութիւնները, սակայն բոլորս կը վկայենք, թէ փոքրամասնութիւն նկատուող քրիստոնեայ համայնքը որքա՛ն կը տառապի իսլամ մեծամասնութեան ներկայութենէն, եւ յատկապէս քրիստոնեայ շրջաններուն մէջ ծրագրուած կերպով ընդարձակուելու անոր ունակութենէն:

Անկախութիւն ըսելով` կը հասկնանք նաեւ դրօշ, քայլերգ, հանրապետութեան նախագահ, բանակ, խորհրդարան եւ ժողովուրդ:

Առաջին երկուքը կան ու բարեբախտաբար զանոնք փոփոխութեան ենթարկելու մասին մարդ տակաւին չի մտածեր, որովհետեւ իսկապէս որ Լիբանանի տոկունութիւնը եւ բազմաշերտ իրականութիւնը խորհրդանշող մայրի ծառն ու քայլերգին ներշնչած «Բոլորս հայրենիքին համար» կարգախօսը իտէալական են այս երկրին մէջ գոյատեւել փափաքող իւրաքանչիւր անհատի համար:

Երրորդը չկայ. հանրապետութեան նախագահ չկայ, եւ ոչ ոք կը մտածէ երկիրը նախագահական դատարկութեան փուլէն դուրս բերելու մասին:

Խորհրդարանը, որուն պարտականութիւնն է ընտրել հանրապետութեան նախագահը` ըստ երկրին սահմանադրութեան, դադրած է ընտրական նիստեր գումարելէ, որովհետեւ ուղղահայեաց երկփեղկումի մէջ է ան`  զինք կազմող պլոքներուն տեսակէտներուն պատճառով:

Անկախ Լիբանանին ու անոր խորհրդարանին հաւատացած համախոհական ժողովրդավարութիւնն իսկ ոչինչ կրցաւ կատարել` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լուծումը մը գտնելու եւ անկախութեան խորհրդանիշ` իշխանութեան Ա. պետը ընտրելու առումով:

Թէ այս ի՞նչ կը նշանակէ, կամ ինչո՞ւ այս կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուի երկիրը, կը մնան անպատասխան: Այս պարագային, սակայն, անպատասխան մնալը աւելի լաւ է, քան` իմանալը, որ քրիստոնեայ հանրապետութեան նախագահ ունեցող արաբական միակ երկիրը կորսնցուցած է այդ յատկանիշը:

Բանակ. երկրին մէջ ցարդ գոյատեւող մասունքն ու սրբութիւնը, որ սակայն վտանգուած է եւ ենթակայ` սրբապղծուելու:

Անկախութեան համն ու հոտը բանակն է, անոր շքերթը, ցուցադրած ուժը, հպարտութիւն ներշնչող զինուորական ողջոյնը, նահատակներու կտակին հաւատարիմ մնալու անոր նուիրուածութիւնը, ինչպէս նաեւ` պատիւ, զոհողութիւն եւ հաւատարմութիւն կարգախօսով առաջնորդուող անոր ուղին:

Անապակ գոյութիւն մը ունենալու այս իրականութիւնը այսօր կը փորձեն խանգարել մեծ թիւով քաղաքական ուժեր` բանակի հրամանատարութեան թղթածրարը քաշքշուքի եւ հիմնահարցի վերածելով: Այս թղթածրարին միջամուխ կը դառնան նաեւ այլ պետութիւններ` խաթարելով բանակին ազատութիւնը:

Բայց եւ այնպէս, բանակին սրբութիւնը եղծելու քաղաքական այս փորձերը զարմանք չեն պատճառեր բոլոր անոնց, որոնք վերջին քառորդ դարուն ընթացքին հետեւած են Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութեան ընթացքին քաղաքական անձնաւորութիւններուն ցուցաբերած վարուելակերպին, որուն մասին եթէ հակիրճ կերպով ուզենք անդրադառնալ, կ՛ըսենք. «Իշխանութեան անմիաբան պետեր, որոնք կը խանգարեն հպարտութիւն ներշնչող բանակին կազմակերպած անկախութեան տօնը եւ հետեւաբար` գերիշխանութիւնն ու զօրութիւնը»:

Այս տարի քաղաքական այդ անհամ մթնոլորտը տօնակատարութեան ընթացքին չէ, որ կը ճաշակենք, այլ` օրական դրութեամբ:

Անընդունելի է այս վիճակը, երբ արտաքին առումով թշնամի Իսրայէլը սահմանին կանգնած` կը սպառնայ Լիբանանը քարէ դար փոխադրել, ու ներքին իմաստով տակաւին կան ահաբեկչական քնացող բջիջները, որոնց զարթնումը կրնայ յանկարծակի ըլլալ` անակնկալի բերելով բոլորը, ինչպէս նաեւ կայ սուրիացի տեղահանուածներու հսկայ բանակ մը, որ կրնայ երկիրը ներսէն պայթեցնել` հակակշիռէ դուրս բերելով կացութիւնը:

Երկու ամիս առաջ, Հայաստանի անկախութեան օրը Արցախին կորուստը վկայած իբրեւ լիբանանահայեր` այսօր մենք ի՞նչ կրնանք մտածել Լիբանանի անկախութեան առիթով: Հաստատ համոզուած ենք, որ իր անկախութենէն 80 տարի ետք Լիբանան տակաւին պետականաշինութեան կարիքը ունի: Քաջ գիտենք, որ Լիբանանի համերաշխութեան, համախոհական ժողովրդավարութեան, երկխօսութեան եւ միասնականութեան ու իրարու հանդէպ հանդուրժողութեան, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան սկզբունքով առաջնորդուող երկիրը չէ Լիբանանը: Երկրին մէջ այս բոլորին մասին կը խօսուի, սակայն անոնք իսկական չեն, վերացական են, հերետիկոսութիւն են եւ կամ չկան:

Լիբանանցիին առօրեան լեցուն է տնտեսական, ելեւմտական ու ընկերային ահաւոր տագնապներով, ճակտի քրտինքով վաստկած իր գումարները երկվայրկեանի մէջ կորսնցուցած ու աղքատացած անհատ ըլլալու իրականութեամբ, աղբերով ողողուած երկրի մը մէջ ապրող արժանապատուութիւնը կորսնցուցած քաղաքացիի հոգեվիճակով, ինչպէս նաեւ` իսրայէլեան օդանաւերու ձայներ լսող, երեւակայող եւ երբեմն ենթադրող մարդ արարածի մը հոգեկան խանգարումներով: Սակայն ան տակաւին կը պայքարի ու կը գոյատեւէ:

Հոս կու գանք այն եզրակացութեան, որ ժողովուրդն է իր երկրին անկախութեան յանձնառու մնացողն ու զայն երաշխաւորողը:

Ապրի՛ լիբանանցին, որ տակաւին կը շարունակէ մնալ լիբանանեան հողին վրայ, չ՛ուրանար պատկանելիութիւնը, կը ձգտի անկախութեան եւ գերիշխանութեան, կը կամենայ բարելաւել իր երկիրը ու յոյս ունի ապագային հանդէպ, երբ ան օրական դրութեամբ կը դիմագրաւէ հսկայական տագնապներ եւ հոգեբանական պատերազմ:

 

 

Նախորդը

Միայն Նախագահի Ընտրութեամբ Եւ Նոր Կառավարութեան Կազմութեամբ Լիբանանը Առողջացման Ճամբով Կ՛ընթանայ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յիշելով Նիցչէն

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?