Յատուկ «Ազդակ»-ին. «Միւս Թուրքը»` Կարմիր Գիծէն Անդին (1). Փրոֆ. Թաներ Աքչամ` Արցախահայութեան Բռնի Տեղահանման Ոճիրին Մասին
ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ «Ձուլումի եւ բռնի հայաթափման քաղաքականութեան կիրարկումով ցեղային մաքրագործումի կամ ցեղասպանական ջարդերու օրինակը աւելի քան դիպուկ է` բացատրելու վերջերս Արցախի մէջ տեղի ունեցածը...»: ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ Թուրք ականաւոր պատմաբան, միջազգային պատմագիտական կաճառներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը գիտական հիմքերով քննութեան առարկայ դարձնող փրոֆ. Թաներ Աքչամ ակադեմական յառաջատար այն հեղինակութիւնն է, որ 1990-ականներուն հանդիսացած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին թուրք մտաւորականը, որուն...


















