Անդրադարձ

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Սպասում` Դրական Պայթումին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի մէջ նոր եռք մը սկսած է վերջին շաբաթներուն, որ հրաբխային վիճակ ստեղծած է քիչ մը ամէն տեղ` սկսելով Տաւուշէն մինչեւ Երեւան եւ այլ շրջաններ: Այս եռքի մթնոլորտին մէջ է, որ նշուեցաւ Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը: Այս եռքն է, որ սկսած է ալիքներ տարածել նաեւ սփիւռքի մէջ, կը բերէ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ համահայկական դաշտերու մէջ նոր ծաւալ ստանալու...

Հաւատարմութիւն Մեր Դատին Ու Ազգային Արմատներուն

Հաւատարմութիւն Մեր Դատին Ու Ազգային Արմատներուն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ապրիլ 24-ը հոմանիշ է Հայ դատին, այսինքն` մեր խլուած-անտեսուած իրաւունքներուն ու անոնց կենսագործման հետապնդումին: Երբ կ՛ըսենք ԻՐԱՒՈՒՆՔ, ի մտի չունինք միայն 109 տարի առաջ սկսած Ցեղասպանութեան զոհերու արեան ու մշակութային ժառանգութեանց փոշիացման դիմաց փոխհատուցում, մեր հողային կորուստներուն վերականգնում (շարքը երկար է), այլ նաեւ` երէկ ու այսօր հայրենիքի հողին վրայ ապրող հայուն, սփիւռքով մէկ տարածուած հայութեան տնտեսական, մշակութային եւ,...

Բազմահազար Հայորդիներ Այցելեցին  Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ներեցէ՛ք Մեզի, Բայց Մի՛ Ներէք Իրենց

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ 24 ապրիլը վստահօրէն հայոց պատմութեան այն եզակի թուականն է, երբ մեր ազգին զաւակները տարբեր յարանուանութիւններով եւ ազգային գունաւորումներով կը միանան` յարգանք մատուցելու եւ խոնարհելու անմեղ նահատակներու յիշատակին առջեւ, յիշելով եւ յիշեցնելով ամբողջ աշխարհին անմարդկային եւ հրէշային արարքը` Հայոց ցեղասպանութիւնը: 109 երկար տարիներ ետք, տակաւին մեր վէրքերը ամբողջովին չեն դարմանուած: Մինչեւ այսօր մենք կը սգանք մեր անմեղ նահատակներուն...

Վերանորոգում Յարատեւ Պայքարին

Վերանորոգում Յարատեւ Պայքարին

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը` 24 ապրիլը, գրեթէ վաթսուն տարիներէ ի վեր կը համարուի Հայ դատի այժմէականացման համար մղուած պայքարին յարատեւման յիշեցման առիթը: Ցեղասպանութեան յիսնամեակին, այն ժամանակ տակաւին Հայկական եղեռն անուանում ունեցող ազգային չարաղէտ դէպքը համահայկական հնչեղութիւն ստացաւ. Խորհրդային Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ սփիւռքի ամենահեռաւոր անկիւնները ապրող հայերը մէկ կողմ դրին մինչ այդ Եղեռնի լացակումած ոգեկոչումները եւ հրապարակները ողողեցին պահանջատիրական...

Ատանայի Կոտորածը (115-րդ Տարելիցին Առիթով)

Ատանայի Կոտորածը (115-րդ Տարելիցին Առիթով)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Ընթացիկ տարուան ապրիլ ամիսը 115-րդ տարեդարձն է Ատանայի կոտորածին, որուն զոհ գացին շուրջ 30.000 հայեր: 1894-1996 թուականներու համիտեան ջարդերէն ետք, ասիկա երկրորդ լայնատարած համազգային աղէտն էր, որ տեղի կ՛ունենար 1909-ի ապրիլ ամսուն: Կոտորածը կազմակերպուած էր սուլթան Համիտի (1876-1908) համակիր Ահրար կուսակցութեան եւ այլ մոլեռանդ իսլամ յետադիմական տարրերու կողմէ, որոնք հակառակորդ էին իթթիհատական Երիտասարդ թուրքերուն: Երիտասարդ...

Այս Ապրիլը Որքան Տարբեր Է Նախկիններից…

Այս Ապրիլը Որքան Տարբեր Է Նախկիններից…

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ  Այո՛, տարբեր է` մեր տարածքային շարունակուող կորուստներով, մեր տեղահանուած ժողովրդով, մեր անստոյգ ճակատագրով, աշխարհում կատարուող բացայայտ ցեղասպանութեամբ... Զարմանալի չէ՞, որ 21-րդ դարի առաջին կէսում ցեղասպանութիւն է գործւում բացայայտօրէն եւ այս անգամ ցեղասպանութեան ենթարկուածն է ցեղասպանութիւն գործում: Նա, որ ոչ միայն լիարժէք հատուցում ստացաւ, այլ իր Ողջակիզումը օգտագործեց` որպէս աշխարհում գործուած միակ հրէշաւորը, արհամարհեց, չընդունեց, թոյլ չտուեց...

Երբ Դատերը Կը Նոյնանան, Կամ` Երեք Գործընկերներ` Մարդկութեան Դէմ Յանցագործութեան Մէջ

Երբ Դատերը Կը Նոյնանան, Կամ` Երեք Գործընկերներ` Մարդկութեան Դէմ Յանցագործութեան Մէջ

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի կառոյցներու ղեկավարութիւններուն միասնական որոշումով այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչումը կը ստանայ իւրայատուկ տարողութիւն: Սփիւռքի սիրտը նկատուող լիբանանահայ գաղութը, որ ծանօթ է համահայկական հարցերուն վերաբերեալ իր հիմնական խօսքը ունենալու յատկանիշով, ազգային միասնական ոգիով որոշեց այս տարի քաղաքական, ժողովրդային եւ քարոզչական մակարդակներու վրայ նոր որակի թափ տալ հայկական պահանջատիրական պայքարի խօսոյթին եւ Հայ դատի...

«Ցնծա՛» Երկիր Նայիրի, «Ժպտացէ՛ք» Հայոց Սրբազան Լեռներ Խոր Վիրապէն Անդին Ա՛լ Հայաստան Չէ

«Ցնծա՛» Երկիր Նայիրի, «Ժպտացէ՛ք» Հայոց Սրբազան Լեռներ Խոր Վիրապէն Անդին Ա՛լ Հայաստան Չէ

(Ապրիլեան Խոհեր) (Գ.) ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Տասնամեակներ շարունակ, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, տարագիր հայութիւնը ապրեր է երազային պահեր, գործեր է «տհաս»-օրէն, սերունդներ դաստիարակեր` ռոմանթիկ զգացումներու յագուրդ տալով, Արարատին նայեր է պսպղուն աչքերով, Սասունի ու Վասպուրականի լեռներուն մասին սորվեր է` ժամանակ կորսցնելով, Վանի, Մուշի, Էրզրումի ու Կարսի անունները հոլովեր է անտեղի, հայաշունչ դպրոց ու եկեղեցի, ակումբ ու մշակութային կեդրոններ կառուցեր է աննպատակ, ինչպէս...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Անսահման Պահանջատիրութիւն

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անսահման Պահանջատիրութիւն

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ 109-ամեակէն դէպի 110-ամեակ եւ անսահման տարիներու պահանջատիրութեան ոգեկոչում: Սերունդներ շարունակ բաբախող սիրտը եղած են եւ պիտի մնան աւելի քան 1,5 միլիոն անշնչացած հայորդիներու, որոնց իրաւունքներուն կեանք տուած են` առանց յուսահատելու եւ յանձնուելու թշնամիին: Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն անբիծ հոգիները կը ննջեն խաղաղութեան մէջ, երբ անոնց սուրբ եւ անմահ Դատը պաշտպանող հայորդիներ ամէնօրեայ յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն համաշխարհային գետնի վրայ, յաջողութիւններ,...

2024… Եւ Ապրիլ 24

2024… Եւ Ապրիլ 24

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Այս տարի եւս (2024) հայ ժողովուրդը, ամէն տարուան նման, ապրիլի 24-ին պիտի յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը: Արդեօ՞ք ամէն տարուան նման: Հայութիւնը, հազիւ ճողոպրած սպանդէն, աշխարհացրիւ դարձած, մանաւանդ` Հայաստանին Մերձաւոր` Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, իր գաղթակայաններուն մէջ ապաստանած` սկսաւ յիշատակել բազմաբիւր նահատակներուն յիշատակը ապրիլ 24-ին: Այդ յիշատակումը սուգի ու հոգեհանգիստի բնոյթ ունէր, ցաւ ու ողբ կ՛արտայայտէր: Աւելի...

Ռուբէն Սեւակ Եւ Հելեն, Մարի, Աննա Ափփել, Այլ Անուամբ` Եաննի Չիլինկիրեան. Սիրոյ, Կորուստի Եւ Դիմադրութեան Պատմութիւն Մը

Ռուբէն Սեւակ Եւ Հելեն, Մարի, Աննա Ափփել, Այլ Անուամբ` Եաննի Չիլինկիրեան. Սիրոյ, Կորուստի Եւ Դիմադրութեան Պատմութիւն Մը

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Ռուբէն Չիլինկիրեան, գրական անունով` Ռուբէն Սեւակ, ծնած է Սիլիվրի, 28 փետրուար 1885 թուականին: Նախնական ուսումը կը ստանայ ծննդավայրի Ասքանազեան վարժարանին մէջ, ապա կը յաճախէ Պարտիզակի ամերիկեան գեշերօթիկ դպրոցը, ուր երկու տարի աշակերտելէ ետք, 1901 թուականին կը մեկնի Կ. Պոլիս` շարունակելու համար իր ուսումը Սկիւտարի նոյնպէս գիշերօթիկ. 1876-ին հիմնադրուած Պէրպէրեան վարժարանէն ներս, զոր կ’աւարտէ 1905 թուականին, հայեցի...

Ռուբէն Զարդարեան` Անմահ Մտաւորականը 1874-1915

Ռուբէն Զարդարեան` Անմահ Մտաւորականը 1874-1915

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Կան յոբելենական թուականներ, որոնք անկիւնադարձային ըլլալով հանդերձ, կ՛ապահովեն նաեւ տուեալ ժողովուրդին` գոյութիւնը, յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը: Ու մեր դարաւոր պատմութեան մէջ, այս օրերուն, այդ թուականներէն ամէնէն էականն է 1915-ը, որ արդէն մեր հաւաքական գիտակցութեան վրայ իր հաստատ ու ամուր կնիքը դրած է: Ինչո՞ւ յանկարծ այս նախաբանը. որովհետեւ այս տարի` 2024, նաեւ Ռուբէն Զարդարեանի ծննդեան 150-ամեակն ալ է: Սակայն...

Դերենիկին Երկիրը

Դերենիկին Երկիրը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Ես իմ երկրիս մէջ կ՛ուզեմ ապրիլ»: Ապրիլ 2024, Երեւան: Դերենիկը ծնած է Ապարան: Ան այժմ կ՛աշխատի իբրեւ վարորդ եւ իր գործը կ՛ընէ ամենայն գոհունակութեամբ: Ան ուրախ եւ հաղորդական անձ մըն է, որ կը սիրէ խօսիլ եւ պատմել: Ան կ՛ուզէ խօսիլ իւրաքանչիւր անհատի հետ, որ իր ինքնաշարժը կը գործածէ շրջագայելու եւ մէկ տեղէ միւսը տեղափոխուելու համար, բայց նաեւ...

Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ  Կաթողիկէ Որբանոցը

Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաթողիկէ Որբանոցը

ՏՈՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ 1922-ի առաջին ամիսներուն Լիբանանի ՀԲԸՄ-ի գործադիր ժողովը կը դիմէ Զմմառու միաբանութեան մեծաւորին` Մինաս ծ. վարդապետ Տէր Մինասեանին, որպէսզի վանքին ընծայարանի յատուկ ընդարձակ շէնքը տրամադրուի միութեան, ուր պիտի հաստատուէր «Քելէկեան» որբանոցը, եւ ապաստանէին Կիլիկիայէն հասնող հարիւրաւոր  հայ որբեր: Մերձաւոր Արեւելքի  նպաստամատոյցը պիտի հոգար մինչեւ 16 տարեկան որբերուն տարեկան ծախսը, որ պիտի ըլլար ամիսը հինգ տոլար իւրաքանչիւր որբի համար:...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Ցեղասպանը Անպատիժ Պէտք Չէ Մնայ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ցեղասպանը Անպատիժ Պէտք Չէ Մնայ

ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Ապրիլ 24: Անմոռանալի օր: Հայուն համար վրէժ պահանջող կոտտացող ցաւ: Այս տարի եւս ամբողջ աշխարհի  մէջ ապրող միլիոնաւոր  հայեր, նաեւ` բազմաթիւ այլազգիներ,  կը յարգեն օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն  յիշատակը: Թուրքիոյ նպատակն էր տեղահան ընել եւ բնաջնջել հայ ժողովուրդը: Դժբախտաբար ոճրագործ թուրքը յայտնուեցաւ հմուտ, քաղաքակիրթ, աշխարհի ամէնէն խաղաղասէր եւ նախաձեռնող ազգին` քրիստոնեայ հայ ազգի կողքին, որմէ...

Արթուր Թարխանեան (ԻԸ.) … Առանց Կտրուելու Ազգային Պորտալարէն

Արթուր Թարխանեան (ԻԸ.) … Առանց Կտրուելու Ազգային Պորտալարէն

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Երեւան, Չարենցի փողոց, 1975, փետրուար Այդ տարիներուն ես կ՛ապրէի Լենինի (այժմ` Մաշտոցի) անուան պողոտայի վրայ գտնուող Շարա Տալեանի բնակարանը... վարձով: Ուշ ատեն իմ լաւ ընկերներէս Ֆերտոն հեռաձայնեց. - Մոսօ՛ ջան, վաղը ի՞նչ ես անում... զբաղուա՞ծ ես: - Սովորական, Ֆերտօ ջան... դասի եմ գնալու: - Լսիր` ի՛նչ եմ ասում, աւելի կարեւոր դաս կայ... քեզ համար: Մկոյի հետ գնալու ենք ...

Այժմու Աշխարհը Եւ Զայն Ղեկավարողները Անտարբեր Են Կազայի Մէջ Տեղի Ունեցող, Բջիջայինի Պաստառներուն Վրայ Տեսանելի Իսրայէլի Կողմէ Պաղեստինցիներու Ցեղասպանութեան, Քանի Որ Հայոց Ցեղասպան Թուրքը Եւ Արցախի Ցեղասպան Ազերին Կը Մնան Անպատիժ

Այժմու Աշխարհը Եւ Զայն Ղեկավարողները Անտարբեր Են Կազայի Մէջ Տեղի Ունեցող, Բջիջայինի Պաստառներուն Վրայ Տեսանելի Իսրայէլի Կողմէ Պաղեստինցիներու Ցեղասպանութեան, Քանի Որ Հայոց Ցեղասպան Թուրքը Եւ Արցախի Ցեղասպան Ազերին Կը Մնան Անպատիժ

Ինչպէ՞ս Այս Նոյն Սիոնիզմը Զօրավիգ Կանգնեցաւ Ջարդարար Սուլթան Համիտին, Թալէաթին Եւ Քեմալականներէն Մինչեւ Այժմու Ազրպէյճանին Եւ Երուսաղէմի Հայկական Հողը Պղծողին ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Անմարդկային, գազանաբարոյ, խիղճ եւ զգացում չունեցող արարածներ միայն, ինչպէս` Իսրայէլի կառավարութիւնն ու անոր նեցուկ կանգնած եւ զինամթերք մատակարարող Միացեալ Նահանգները, հանգիստ կը զգան, Իսրայէլի կողմէ վեց ամիսէ անդադար կատարուող կազացի խաղաղ բնակիչներու սպանդին` ցեղասպանութեան: Ցեղասպանութիւնը գործադրողին կողքին, անհաւատալի...

Բարի՛ վերամուտ

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակ. Զաւարեանական

Մեր Խօսքը Անցած են 109 տարիներ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրէն` Հայոց ցեղասպանութենէն, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլին հայեր: 109 տարիներ շարունակ` ցեղասպանութիւն մշակութային կալուածներու անէացում, աւելի՛ն, Արեւմտեան Հայաստանի հողային եւ վերջերս Արցախի բռնագրաւում: 109 տարիներ շարունակ հայրենիքէն հեռու մնալով` հանդերձ հայը գոյատեւած է: Գոյատեւած է ու  պահպանած է հայ լեզուն, հայ մշակոյթը, միշտ կառչած մնացած է ու կը...

Հաղորդագրութիւն

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Նուիրուած ԼԵՄ-ի Էջը

ԼԵՄ-ի Խօսքը Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչումը այս տարի մեզ միայն 1915 չփոխադրէր, այլ նաեւ` հայրենիք: Արցախցի մեր հայրենակիցները ենթարկուեցան 21-րդ դարուն հայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանական գործողութեան տակաւին սեպտեմբեր 2023-ին: 1915-ին Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարներ` Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ, իրենց գործակիցներով իրականացուցին 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Այս ոճրագործները ձգտեցան գերազանցել Կարմիր սուլթանի հրէշային արարքները: Իսկ ներկայիս, այս վայրագ անձերու, այսպէս...

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Նուիրուած Պատանիին Էջը

Մեր Խօսքը Նոր Սկիզբ Եւ Նոր Շունչ   ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երկրորդ հարիւրամեակի սեմին ենք: Միութիւնները հայ մարդ պատրաստելու առաքելութեան մէջ են, ուր դաշնակցական շունչով կը պատրաստուին սերունդներ: Անցնող հարիւր տարիներուն միութիւններէն անցած են հազարաւոր պատանիներ, որոնցմէ շատեր այսօր մեր իրականութեան մէջ պատասխանատուութիւններ վերցուցած են եւ մնայուն ներկայութիւն են: Պատանեկան միութիւնները սերնդափոխութեան գլխաւոր երաշխիքներն են, եւ սերունդի պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ...

Page 148 of 808 1 … 147 148 149 … 808

Արխիւներ