Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայատեացութեան Եւ Ամօթանքի Միւս Երեսը (Ապրիլեան Խոհեր) (Ա.)

Ապրիլ 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«… Իմ պատկերացումով, սա իմ բանաձեւումն է, հայը, աւելի լաւ է թուրքի շուն լինի, քան թէ օտար պետութեան, ռուսի պետութեան գործակալը» (դոկտ. փրոֆ. Լեւոն Շիրինեան, քաղաքագէտ-պատմաբան): Թէեւ տխուր է մէջբերել նմանօրինակ տողեր, որոնք արտաբերուած են մեր օրերուն ապրող հայ քաղաքագէտ-պատմաբանի մը բերնէն, այդուհանդերձ, ասիկա վառ ապացոյց մըն է նաեւ` հայ կեանքին մէջ առկայ անըմբռնելի երեւոյթներու, բայց մանաւանդ` ազգային գիտակցութեան ահաւոր անկումին:

Ի դէպ, հոս պատեհ չէ քննութեան առարկայ դարձնել վերոյիշեալ մարդու (հայ պատմաբանի, քաղաքագէտի, դասախօսի) քաղաքական հայեացքն ու կեցուածքները, այլապէս նիկոլասիրութիւնը, որովհետեւ արեւու շողի նման յստակ կը դառնայ անոր հոգեկերտուածքին տեսակը:

Այո՛, ապշեցուցիչ է մեզի համար լսել նման դատապարտելի խօսք, այդ ալ հայ պատմաբանի մը բերնէն, որ տիւ եւ գիշեր կը յաւակնի` քաղաքագէտի հանդերձանքը շալակին` դասեր տալ, «հանճարեղ» միտքեր փոխանցել եւ համոզել իր ժողովուրդը, որ «թուրքի շուն»-ը ըլլալով` արդէն ապահոված կ՛ըլլանք հայոց փրկութիւնը:

Հայ մարդու այս տեսակին քաջածանօթ է հայութիւնը իր ողջ պատմութեան ընթացքին, սակայն ամէնէն ահռելին կը մնայ այն, որ հայ քաղաքագէտ-պատմաբան մը համարձակութիւնը ունենայ ըսելու նման խօսք, այդ ալ իր ժողովուրդին դիմաց, բարձրաձայն, համացանցի կարելիութենէն օգտուելով` հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ահա հայ իրականութեան ողբերգական միւս երեսը:

Լեւոն Շիրինեան:

Հայ աւանդական քաղաքական կուսակցութեան մը անդամագրուած երբեմնի այս մարդը (հետագային` հեռացուած), կրցած է հիմնել նոր կուսակցութիւն մը, որ կը գործէ Հայաստանի հողին վրայ: Ըստ երեւոյթին, ան կը փորձէ լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացնել, ուշադրութեան առարկայ դառնալ, ի հարկին մոլորեցնել ու խաբել ամբողջ հասարակութիւն մը, պարզապէս արդարացնելու իր, այսպէս ըսած, նիկոլասէրի պահուածքը, անոր հանդէպ  սէրն ու հաւատարմութիւնը:

Զարհուրելին նաեւ այն է, որ կամակատարի եւ ստրուկի հոգեկերտուածի տէր պատմաբաններ, առանց դոյզն խպնանքի կը փորձեն որոմ սերմանել, պառակտել եւ ազգային արժանապատուութեան հարուած հասցնել, պարզապէս քողարկելու իրենց թրքասիրութիւնն ու հայատեացութիւնը: Անոնք, ցաւ ի սիրտ, պատրուակելով այս կամ այն կողմի քաղաքական արեւելումի պատուհաս ըլլալը, կը փորձեն հաշիւ պահանջել, փոխանակ առաջադրելու նոր միտք, մօտեցում թէ քաղաքական հայեացք:

Աւելի՛ն. ան իր կարծիքը կը յայտնէ լռութեան մատնելով ոչ միայն իր պատմաբանի խիղճը, այլ նաեւ` ազգի մը նահատակութիւնը, ամբողջ հայրենիքի մը կորուստը, հաւաքական յիշողութիւնը: Ան ամբոխավարի եւ լկտի պահուածքին դէմ յանդիման չի տատամսիր ճշմարտութիւններ անգամ թաքցնել եւ քաղաքական իր թեզը հրապարակել, ու այդ` «թուրքի շունը» ըլլալու հրաւէրով:

Փաստօրէն, հեղինակազուրկ եւ բազմապիսի բարդոյթով յագեցած նման հայ քաղաքագէտ-պատմաբաններ, ինչպէս` Լեւոն Տէր Պետրոսեան, ոմն Աշոտ Պլէեան ու Ժիրայր Լիպարիտեան կոչեցեալներ, հակառակ իրենց մութ, կասկածելի, տխեղծ ու տկլոր կազմաւորումին, պիտի չյաջողին իրենց պիղծ միտքին արտադրանքը հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել, պարզապէս որովհետեւ բացայայտած են իրենց ներսիդին, հոգեկան ծալքերն ու թրքավարի քաղաքական կողմնորոշումները:

Մէկ խօսքով` անոնց բարոյահոգեբանական պահուածքն է, որ սեղանին է արդէն, երբ ցարդ կը յաւակնին ցոյց տալ այնպիսի ապաշնորհ ճանապարհներ եւ բարբաջել լոզունգներ, որոնց դառն հետեւանքները հայը կրեց վերջին տարիներուն:

Միւս կողմէ` նման խարդաւանանք մօտեցումներ, երբեք ալ չեն արդարացներ ռուսի թէ այլ մեծապետական ուժի մը ստրուկը դառնալը, վաշխառու հովանաւորի հանդերձանքին մէջ ընդունուիլն ու ծառայութեան կոչուիլը: Ազգային շահի, ներուժի հզօրացման, պետականութեան ամրակայման ու քաղաքական մարտավարութեան հարցն է, որ պէտք է շուտափոյթ առաջադրուի հայ քաղաքական միտքին համար:

Այդուհանդերձ, հայ պատմաբանի ու քաղաքական գործիչի ամենաշնորհալի եւ ազնուական պարտաւորութիւն է ըլլալ ազգայնասէր, քաղաքական կեանքի ունակ, սեփական ժողովուրդի ցաւով եւ յաջողութեամբ ապրող, նուիրեալ եւ ամէնէն էականը` աշխարհաքաղաքական խօլ բախումներու ատեն` ապահով եւ փրկարար լաստեր մատակարարել երկրին ու ժողովուրդին:

Այս բոլորը կրնայ ի կատար ածել հայ պատմաբանը, եթէ երբեք օժտուած է հայու զուլալ արեան բաղադրութեամբ, առնչուած է ազգային արժէքներուն եւ կը կրէ հայու ոգեկան բարձրութեան անփոխարինելի հիւլէն:

 

 

Նախորդը

Յուշ Մը

Յաջորդը

Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութիւն

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?