ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Սահմանները մեր երկրի`
գծուած են, միլիոն ու կէս,
մեր Սուրբ Նահատակներու
աճիւններով եւ արեա՛մբ,
գծուած են Աստուծոյ ձեռքով բարձրացած`
մեր տաճարներո՛ւ գոյութեամբ:
Մի՛ փնտռէք մեր սահմանները խարդա՛խ քարտէսի վրայ,
մեր սահմանները գծուած են
մեր պապերու նուաճած լեռներո՛ւն վրայ:
Սուրբ Վարդանի սուրով են գծուած,
Սասնայ Քուռկիկ Ջալալիի սմբակի հետքերով,
Սուրբ Մեսրոպի աստուածատուր տառերով գծուած են
եւ Արամազդի Նեմրութով,
Արտաշէսեանց ծովէ ծովով,
Արշակունեանց Էջմիածինով,
Բագրատունեանց Վասպուրականով եւ Սիւնիքով,
Ռուբինեանց Կիլիկիայով
եւ իր ասպետներու նետերու հառաչանքով,
նիզակներու հարուածով,
վահանապատ սրտերու տրոփումով,
զրահապատ ասպետներու եւ երիվարներու շառաչով:
Եւ եթէ դաւադիրներ
գծեցին մեզի համար քաղաքական քարտէս,
եւ պարտադրեցին, որ մենք մարսենք
Մհերի առիւծաքաղ ձեռքերով
զայն կը պատռե՛նք,
Վահագնի հուրերով զայն կ՛այրե՛նք:
Մա՛հ, հազա՜ր անգամ, կը ցանկամ`
ազգադաւ եւ կործանիչ խօսքերու,
սարսա՛փ, լո՛կ սարսափ կը ցանկամ
անոնց, որ կ՛ուրանան`
իմ նահատակներու իրաւունքը,
անոնց, որ ձեռք կ՛երկարեն
ազգիս ժառանգութեանը:
Սահմանները մեր երկրի`
անսակա՛րկ,
անխորտա՛կ,
թէ՛ երազ,
թէ՛ նպատակ,
անդուլ պայքարով`
ազատագրեալ հրիտակ:
Թորոնթօ, Քանատա