Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշ Մը

Ապրիլ 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Թուականը` 24 ապրիլ  1971: Հազիւ հինգ տարեկան եմ եւ` մօրս ձեռքը ամուր բռնած, կը քալեմ բազմութեան մէջ: Ապրիլ 24-ի յիշատակի եւ ոգեկոչման քայլարշաւն է` Անթիլիասէն դէպի Պիքֆայայի յուշարձան:

Մեծ մայրս` վերապրող մը, իր եղբօր թեւը անցած, կը քալէ, մերթ մեր առջեւէն, մերթ` ետեւէն: Կը զրուցեն, կու լան, կը ժպտան եւ իրարու ձեռք չեն ձգեր:

Անոնք ապրեցան իբրեւ ինքնամոռաց զոհողութեան, անվերապահ նուիրումի տիպարներ. ազգին աւանդը փոխանցելով զաւակներուն, թոռներուն ու աշնան տերեւներու նման լուռ ինկան:

Այսօր` տարիներ ետք, հարց կու տամ, արդեօք այդ օր անոնք  ի՞նչ կը խօսէին, ի՞նչ կը պատմէին իրարու այդ քայլարշաւին ընթացքին: 13 հոգինոց մեծ ընտանիքով Հայոց ցեղասպանութեան ենթարկուած գաղթականութեան ճամբան բռնած` Քեսապէն Տէր Զօրի անապատները, անոնք կորսնցուցին ընտանիքի անդամներ տարբեր վայրերու մէջ` անօթութենէ, հիւանդութենէ ու տառապանքէ, եւ վերադարձան միայն երեք հոգիով:

Կ՛ուզեմ թափանցել իրենց յիշողութեան մէջ, հաւանաբար անոնք կը վերյիշէին իրենց բոլոր կորուստները, կ՛ապրէին անգամ մը եւս այն  սուգն ու թշուառութիւնը,  որոնք պարուրած էին իրենց հոգիները ամբողջ գաղթականութեան տարիներուն, ապա պիտի պատմէին վերադարձը եւ պայքարը, ապրելու առանց իրենց սիրելիներուն ներկայութեան, վերաշինելու տունը, կազմելու նոր ընտանիքներ եւ դարձեալ կառչելու կեանքին տարբեր քաղաքներու մէջ, բայց պահպանելով անոնց աւանդուած արժէքները եւ ամուր պահելով սերունդներու միջեւ կապը: Այդ խոր ցաւը եւ վիշտը, զորս ապրեցաւ այդ սերունդը անդարմանելի էր, սակայն կամքն ու յոյսն էին, որ  նոր կեանք պարգեւեցին:

Հիմա մե՛ր կարգն է, այսօր  մեզ պիտի  դիտեն նոր սերունդի ժառանգորդները, մենք ի՛նչ կը փոխանցենք անոնց: Քայլարշաւին պիտի մասնակցի՞նք այդ բարձր գիտակցութեամբ, Ցեղասպանութեան յիշողութեան պահպանումը եւ աւանդը սերունդէ սերունդ փոխանցելու, որ չմարի ժողովուրդի յիշողութիւնը եւ հատուցման պահանջատիրութիւնը:

Օ՛ն, յառաջ երթը շարունակելու:

«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք…»:

 

 

Նախորդը

Հայերէնը, Հայկականն Ու Մենք

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայատեացութեան Եւ Ամօթանքի Միւս Երեսը (Ապրիլեան Խոհեր) (Ա.)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?