Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմավաստակ Դասապետը Եւ Նուիրեալ Սարկաւագը. Պետրոս Սրկ. Պալպուչաքեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Ապրիլ 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՊՐԱՊԵՏ ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Մէկ բան խնդրեցի Տիրոջմէ, եւ սա՛ է աղաչանքս.
Կեանքիս բոլոր օրերուն Տիրոջ տան մէջ բնակիլ,
Ըմբոշխնել Տիրոջ վայելչութիւնը,
Եւ Զի՛նք պաշտել Իր տաճարին մէջ»

Սաղմոս 27:4

Սաղմոսաց գիրքը քրիստոնեայ հաւատացեալին աղօթագիրքն է: Սաղմոսները սրտի խորերէն ուղղուած փառաբանութիւններ եւ օրհներգութիւններ են, որոնք Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան հզօր օղակը կը կազմեն: Մեր քրիստոնէական պաշտամունքին մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն սաղմոսները, որովհետեւ կը վկայեն Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ խոստացուած Փրկիչին մարդեղութեան, չարչարանքներուն եւ յարութեան մասին: Հետաքրքրական է, որ Դաւիթ տակաւին  թագաւոր չեղած կ՛օրհներգէր զԱստուած եւ կը խնդրէր իր կեանքի բոլոր օրերուն (27-րդ. սաղմոս) Անոր տաճարին մէջ ապրիլ եւ վայելել Իր ներկայութիւնը:

Սաղմոսաց գիրքէն այս մէջբերումս որքան կը համընկնի իր կեանքը ամբողջութեամբ Աստուծոյ տաճարին ծառայութեան նուիրած, նուիրեալ սարկաւագ, բազմավաստակ դասապետ եւ դպրապետ Պետրոս սրկ. Պալպուչաքեանի անձին: Հաճընցի հաւատացեալ ընտանիքի մը յարկին տակ ծնունդ առած է ան եւ միշտ ինքզինք հպարտ կը զգար իր արմատներով: Ան իր ծառայութիւնը սկսած է Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ, ապա Խալիլ Պատաուիի Ս. Յարութիւն եկեղեցիներուն եւ հուսկ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր աւելի քան 40 տարիներ ծառայեց: Երբ ես ալ մանկութեանս կը յաճախէի համանուն եկեղեցին, եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ լուսահոգի դպրապետիս` Գէորգ սրկ. Պէպէճեանի ոգեշնչող ձայնին կողքին, կը լսէի պարոն Պետրոսին ձայնը: Ինձմէ տարիքով մեծ սարկաւագները կը թելադրէին դպրապետին բացակայութեան պարոն Պետրոսին քով կենալ եկեղեցւոյ դասին մէջ, որովհետեւ ան ալ լաւ շարականագէտ էր եւ ճիշդ նոթաներով կ՛երգէր: Եկեղեցւոյ արարողութեան բծախնդիր էր, եւ ինչպէս ինք կը վկայէր, այս մէկը ժառանգած էր Գնէլ արք. Ճէրէճեանէն:

Պարոն Պետրոսին հոգին շատ ալեկոծեցաւ, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին տեղացող ռումբերուն պատճառով իր աչքերուն առջեւ կորսնցուց իր եղբայրն ու քոյրը: Ան ընտանիք չկազմեց, սակայն եկեղեցին ու անոր անդամները դարձան իր ընտանիքը: Իր քրոջ զաւակը մնաց միայն իբրեւ ժառանգ իր ընտանիքէն, որուն հոգածութիւնն ու սէրը մասամբ սփոփեցին իր հարազատներուն կորստեան ցաւը:

Պետրոս սարկաւագին վաստակը մեծ էր Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Ան դպրաց դասի փոքր անդամներու անդամահաւաք կատարեց, պատարագի եւ արեւագալի շարականներ, մարգարէութեանց ընթերցումներ սորվեցուց` առանց տատամսելու կամ դժգոհանքի: Ան ամէնօրեայ ներկայութիւն էր եկեղեցւոյ առաւօտեան  եւ շաբաթօրեայ երեկոյեան ժամերգութեանց, կիրակնօրեայ ս. պատարագներուն:

Ան երկար տարիներու իր ծառայութեան աւարտին եւ որոշ անհանգստութեան պատճառով ատեն մը ապաստանեցաւ քրոջ աղջկան մօտ, ապա իր կամքով ուզեց մնալ Քահլի Հայ ծերերու տան մէջ: «Քորոնա» համավարակի արգելափակումներէն ետք այցելեցինք իրեն: Ան որքան գոհունակ էր եւ նոյն եռանդն ու սէրը պահած էր հանդէպ հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ կը գօտեպնդէր ներկաները: Մեր վերջընթեր այցելութիւնը կայացաւ Ս. Պետրոսի անուանակոչութեան շաբաթը, որ կը զուգադիպէր նաեւ իր ծննդեան տարեդարձին: Իր գոհունակութիւնը այնքան մեծ էր, որ ուզեց, որ ժամեր անցընենք եւ միշտ այցելենք իրեն: Ան խօսեցաւ իր հին փորձառութեանց մասին, շարական երգեց եւ դարձեալ տեսնուելու յոյսով բաժնուեցանք իրմէ…

Պարոն Պետրոս, վստահ ենք, որ Աստուած տեսնելով քու ծառայական կեանքդ` չուզեց, որ աւելի չարչարուիս: Ամբողջ կեանքդ նուիրեցիր Աստուծոյ տաճարին եւ տիպար օրինակ մը ձգեցիր քեզ մօտէն կամ հեռուէն ճանչցող հարազատներուդ եւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ընտանիքիդ:

Հանգիստ` յոգնաբեկ մարմինիդ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 

 

 

 

Նախորդը

Անոյին… (Անահիտ Փոլատեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Մեր Սահմանները

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?