ԱՐԱԶ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Գաղութի մը մէջ, ուր շատ հազուադէպ երեւոյթ է հայու մը հանդիպիլը, բոլորս կը սպասենք տարեկան հայկական ճաշկերոյթի մը, որպէսզի քանի մը հայեր իրարու քով հաւաքուին: Ասիկա ոչ միայն այն պատճառով, որ Քաթարի գաղութը ինքնին բաւական պզտիկ է, այլ նաեւ` անոր համար, որ բոլորս ալ միայն աշխատանքի պատճառով հեռացած ենք մեր հարազատներէն եւ եկած ու հաստատուած ենք այս երկրին մէջ:
Ձեզի հետ կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ այն աննկարագրելի երեւոյթը, որ կ՛արձանագրուի ամէն շաբաթ օր Քաթարի Ազգային Մեսրոպեան միօրեայ վարժարանին մէջ:
Հոն ծանօթը անծանօթին ջերմօրէն բարի լոյս մը կ՛ըսէ: Հոն տարբեր դպրոցներէն հաւաքուած աշակերտները, որոնք տիրապետած են արդէն կարգ մը լեզուներու, կը համախմբուին հայերէնին տիրապետելու նպատակով: Հոն ծնողները իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւնը կը վստահին ինծի եւ ինծի նման քանի մը հայերու` գիտնալով հանդերձ, որ մենք մասնագիտութեամբ մանկավարժներ չենք: Հոն սիրելի ընկերներուս հետ միասին շատ լրջօրէն այս պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն առած ենք: Ժամեր կ՛անցընենք ծրագրելով, որպէսզի յանկարծ հայկական տօն մը կամ աւանդութիւն մը չմոռնանք, քանի ուշ չէ տակաւին դրոշմելու աւանդութիւնները մեր երեխաներուն մատղաշ մտքերուն մէջ: Մենք` դպրոցի անձնակազմս, կամայ թէ ակամայ ստանձնած են ուսուցիչի յարգելի պաշտօնը: Ինչո՞ւ այդպէս կ՛ըսեմ. սխալ չհասկցուելու համար բացատրեմ: Պարզապէս քանի որ եթէ մէկ ուսուցիչ բացակայի, ատիկա կը նշանակէ, որ մօտաւորապէս տասը հայ երեխաներ առանց հայերէնի պիտի մնան ամբողջ տարուան մը ընթացքին: Այս իրողութեան գիտակցելով` նուիրեալ մայրեր եւ անձնուէր տղաք սիրայօժար կերպով ընդունած են այս կարեւոր դերը, նոյնիսկ երբ ուսուցչութիւնը իրենց ո՛չ մօտիկ, ո՛չ ալ հեռու ծրագիրներուն մաս կը կազմեր:
Դպրոցին մէջ, անձնական շահերէ հեռու, բոլորս միասին` տնօրէնութեամբ եւ ուսուցչական կազմով, կը գործենք մէկ նպատակի համար` ոչ միայն հայերէն սորվեցնել, այլ նաեւ` սիրեցնել այն, ինչ որ հայկական է:
Նախորդ շաբաթներուն, վարժարանին թի-շըրթները հագած, ես եւ երկու տղաներս դպրոցի աւարտին աճապարեցինք այցելել հանրախանութ մը, ուր օտար վաճառող մը չգիտնալով թի-շըրթին վրայի բառերուն իմաստը` հարց տուաւ, թէ ո՛ր դպրոցէն ենք: 5 տարեկան Արէնս աճապարեց անգլերէնով պատասխանել. «Ասիկա հայկական դպրոցն է, մենք հայերէն կը խօսինք»: Հպարտօրէն ժպտելով` մանչուկիս գլուխը շոյեցի: Ես ինքս մտածեցի, որ հայերէնով շատ հաւանաբար Արէնը տակաւին այսքան արագ պիտի չկարենար նոյն նախադասութիւնը արտասանել, բայց եւ այնպէս դպրոցը արդէն ծառայած է իր ամէնէն վսեմ նպատակին: Արէնին ըսածն ալ ա՛յդ կը հաստատէր: