Յովհաննէս Հելվաճեանի Թատերական Գործունէութեան 40-Ամեակ
Բեմադրիչ, դերասան Յովհաննէս Հելվաճեան իր թատերախումբը հիմնեց 13 ապրիլ 1977-ին եւ նոյն ամսուան 24-ին մկրտեց զայն «Կոմիտաս» անունով: «Կոմիտաս» թատերախումբը սկսաւ իր թատերական երթը` իր շուրջ համախմբելով վաթսուն դերակատար-դերակատարուհիներով: Բեմը սիրող նուիրեալ պարման-պարմանուհիները Հելվաճեանի կողքին սկսան գործել եւ 1978-ի ապրիլ 24-ին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին բեմին վրայ Հելվաճեան բեմադրեց իր առաջին թատերախաղը` Հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի հեղինակութիւնը եղող «Նուարդը»: Օրին...



















