Յակոբ Տէր Ղուկասեան «Կը Հանդիպի» Ժան Ժէօնէի
ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ 20 հոկտեմբերին «Մոնօ» թատերասրահին մէջ սկսաւ ներկայացուիլ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի «Լէզ՛օդր պոն» թատերախաղը, որ կը շարունակուի մինչեւ 13 նոյեմբեր: Թատերախաղին, նախապատրաստական աշխատանքներուն, նման կտորի մը ընտրութեան, առկայ դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով կատարուեցաւ զրոյց մը Յակոբ Տէր Ղուկասեանի հետ: Առաջին պատկեր Համալսարանական տարիներուն Յակոբ Տէր Ղուկասեան ուսանողուհիի մը աւարտական ներկայացման համար լոյսի սարքաւորման պատասխանատուն...
















