Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստագէտը Եւ Յանձնառու Արուեստը

Դեկտեմբեր 13, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

_mg_8948

Առիթը Միսաք Թերզեանի «Լռութեան ձայնը» ցուցահանդէսն է, որուն բացումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, դեկտեմբերի 1-ի երեկոյեան, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ:

Վերջին երեք տասնամեակներուն ընթացքին, պարբերաբար անդրադարձած ենք այս թեմային ու շեշտած ենք կարեւորութիւնը արուեստագէտներու յանձնառու կեցուածքներուն` հանդէպ մարդկային ժխտական ու յոռի երեւոյթներու: Աւելորդ չենք համարեր անգամ մը եւս անդրադառնալու եւ յիշեցնելու, որ բարձրորակ մշակոյթը լաւագոյն գրաւականն է մարդ անհատի համակրանքն ու նոյնի՛սկ երբեմն աջակցութիւնը ապահովելու համար:

Եթէ բառը ընդունինք իր չոր իմաստին մէջ, ոչ յանձնառու արուեստագէտ գոյութիւն չունի: Նոյնի՛սկ անոնք, որոնք կը հետեւին «Արուեստը արուեստի համար» սկզբունքին եւ կ՛անգիտանան որեւէ տեսակի յանձնառութիւն, խորքին մէջ անոնք եւս յանձնառու են: Յանձնառու են ժխտողականութեան, մերժողականութեան: Անոնցմէ շատեր կը յայտարարեն, որ թանգարաններն ու պատկերասրահները պարզապէս գերեզմանոցներ են: Ուրիշներ այլանդակը, տգեղն ու նոյնիսկ զզուելին կ՛ընդունին իբրեւ «մաքուր արուեստ»:

_mg_8942

Իրականութեան մէջ կեանքի ժխտական երեւոյթները երբ կը մատնանշուին գեղարուեստական լեզուամտածողութեամբ եւ գեղեցիկ ձեւով, բնականաբար ժխտականը կը վերածուի դրականի ու կ՛արթնցնէ մարդկայնական գեղագիտական զգացումներ` ակնդիրին մէջ: Բուն խնդիրը այն է, որ գեղեցիկի ըմբռնումը միշտ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի, եւ ազատութեան պիտակին տակ իւրաքանչիւր ստեղծագործող կու տայ ի՛ր սահմանումը, յաճախ` իր գործերուն ձեռնտու բնութագրումն ու հասկացողութիւնը ու կը գործէ սանձարձակօրէն:

Բոլոր պարագաներու, արուեստին ելակէտը գեղեցիկն է, գեղեցիկի ազնիւ, վսեմ ու մարդկային տեսակը, որ իրաւ արուեստագէտը կը դնէ յանձնառութեան տակ:

Մեր պարագային գուցէ չկայ տաղանդաւոր կերպարուեստագէտ մը, որ անդրադարձած չըլլայ հայկական կոտորածներու եւ անոնց հետեւանքներու թեմային, ինչպէս` Յովհաննէս Այվազովսկի, Վարդգէս Սուրէնեանց, Էտկար Շահին, Տիգրան Փոլատ, Արշիլ Կորքի Ադոյեան, Արշակ Ֆեթվաճեան, Խորէն Տէր Յարութեան, Լեւոն Թիւթիւնճեան, Ժան Դարբինեան, Գառզու, Ժանսեմ, Արտաշէս Յունանեան, Յովհաննէս Ասատրեան, Փոլ Կիրակոսեան, Վալենթին Պոտպոմոքով, Կիւվտեր, Զաւէն, Լիւսի Թիւթիւնճեան, Արթօ Չաքմաքճեան, Ժան Գազանճեան, Գրիգոր Նորիկեան, Մկրտիչ Մազմանեան, Վարուժան Վարդանեան, Եուրոզ, Արա Ազատ, Րաֆֆի Թոքաթլեան, Սիրուն Երէցեան, Միրէյ Կոկիկեան, Անի Քիւրքճեան, Ռազմիկ Պերթիզլեան, Անիթա Թութիկեան, Գրիգոր Սգայեան, Աղասի, Վահրամ Դաւթեան, Գէորգ Եղիազարեան եւ շատ շատեր: Յիշեալներուն մէջ կան արուեստագէտներ, որոնք առանձին շարքեր, երբեմն առանձին ցուցահանդէսներ նուիրած են Եղեռնի թեմային: Այս վերջիններու շարքին կը պատկանի նաեւ Միսաք Թերզեան, որ դուրս գալով Եղեռնի նեղ սահմաններէն` անդրադարձած է նաեւ բնութեան պահպանման եւ կամ անասուններու պաշտպանութեան նման այլ թեմաներու:

_mg_8935

Անոր «Լռութեան ձայնը» խորագրեալ վերջին ցուցահանդէսը լաւագոյն դրսեւորումն է յանձնառու  արուեստագէտի մը: Միսաք Թերզեան 1 դեկտեմբերի «Ազդակ»-ի չորրորդ էջին վրայ լաւագոյնս բացատրած  է «Լռութեան ձայնը», որ ուսանելի շատ բան կը պարունակէ իր մէջ: Լռութիւնը իբրեւ ձայն` օգտագործուած է նոյնիսկ երաժշտութեան մէջ: Սակայն Մ. Թերզեանի կտաւները, իրենց բովանդակութեամբ լռելով հանդերձ, կը խօսին ու կը պատգամեն` լաւը, բարին, ազնիւն ու մարդկայինը:

Այո՛, եթէ արուեստի գործ մը իր մէջ պիտի չպարունակէ տպաւորելու եւ համոզելու գեղարուեստական ուժը, ապա այդ գործը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ակնդիրին վրայ ու կը դառնայ աւելորդ: Այնուամենայնիւ մեր բուն խնդիրը ուսանողներու եւ աշակերտներու պարագան է: Մենք յաճախ կը թերանանք մեր ազգային մշակութային պարտականութիւններուն մէջ: Արդէն իսկ լաւ սովորութիւն է, որ մեր դպրոցներէն շատեր աշակերտները կը տանին թատրոն կամ գիրքի ցուցահանդէս: Չես գիտեր` ինչո՛ւ կերպարուեստի ցուցահանդէսները կը մնան լուսանցքի վրայ: Շատ քիչ տնօրէններ իրենց դպրոցի աշակերտները կը մղեն կամ կազմակերպուած ձեւով կ՛առաջնորդեն դէպի ցուցահանդէսներ: Տարիներէ իվեր «Կիլիկիա» թանգարանը բաց է բոլորին առջեւ, տակաւին շարք մը դպրոցներ կան, որոնց աշակերտութիւնը թանգարան չէ այցելած: Ցանկալի պիտի ըլլար, որ մեր աշակերտները, առանց յարանուանական եւ քաղաքական տարբերութեան, այցելէին  «Կիլիկիա» թանգարանն ու «Լռութեան ձայնը»-ի նման եւ այլ ցուցահանդէսներ…

 

 

 

 

Նախորդը

Ո՞ւր Կ՛երթայ Հայ Երգը (5)

Յաջորդը

Ազդեցիկ Կապեր. Փոխնախագահ Փենս Կը Հեռաձայնէ Նախագահ Սարգսեանին, Իսկ Էրտողան Եւ Ալիեւ` Նորընտիր Նախագահ Թրամփին

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?