Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենան զանազան փառատօներ, որոնք հանրութեան կը փոխանցեն տարբեր ճաշակներ, որոնց մէջ նաեւ կան հայկականները, որոնց մասին կ՛անդրադառնանք այս էջով: Օրինակ` Պէյրութ արուեստի ժապաւէններու փառատօնը ներկայացուց «Քէօր ան էկզիլ» հայկական վաւերագրականը: «Պէյրութ էնտ Պիյոնտ» կամ «Պէյրութ եւ աւելին» երաժշտութեան միջազգային փառատօնը դեկտեմբերին պիտի հիւրընկալէ հայազգի «Պէյ ռու» երաժիշտը: Ասոնց կողքին Լիբանանի մէջ կ՛ընթանայ նաեւ այլ փառատօններ եւ արուեստի ցուցադրութիւններ, որոնցմէ քանի մը հատին կ՛անդրադառնանք:
«Պէյրութ Էնտ Պիյոնտ» (Beirut And Beyond)
Երաժշտութեան Միջազգային Փառատօն
«Պէյրութ էնտ պիյոնտ» կամ «Պէյրութ եւ աւելին» փառատօնը արդէն հրապարակած է 2016 թուականի իր ծրագիրներու շարքը:
– Հինգշաբթի, 8 դեկտեմբերին «Մեթրօ Մատինա»-ի մէջ ելոյթ կ՛ունենան «Ուասլ» եռեակը` Պաղեստին, Ֆրանսա եւ Զուիցերիա երկիրներէն, ինչպէս նաեւ «Սփիտ Գարավան»` Ֆրանսայէն եւ Ալճերիայէն:
– Ուրբաթ, 9 դեկտեմբերին «Սթէյշըն»-ի մէջ ելոյթ կ՛ունենան Լիբանանէն Եումնա Սապան, Թունուզէն Ղաուլան եւ Մարոքէն «Նրտիսթան»-ը:
– Շաբաթ, 10 դեկտեմբերին «Սթէյշըն»-ի մէջ ելոյթ կ՛ունենան Սուրիայէն եւ Լիբանանէն «Լաթլաթէ եւ Չինոյ ընդդէմ Ալ ռաժուլ ալ հատիտի» խումբը, Դանիայէն «Ալօ Ուալա» եւ Հայաստանէն «ՊԷյ ռու»-ն
– Կիրակի, 11 դեկտեմբերին Սուտանէն ելոյթ կ՛ունենան «Ալ Սարա եւ Նիւպադոնզ» խումբը եւ Լիբանանէն «Ղարամ ուա ինթիքամ» խումբը:
Այս ելոյթներուն տոմսերը կարելի է ապահովել «Անթուան» գրախանութի բոլոր մասնաճիւղերէն, սակ` 30 հազար լիբանանեան ոսկի: Ելոյթները կը սկսին ժամը ճիշդ 8:30-ին:
Այս ելոյթներուն զուգահեռ, «Տար էլ Նմըր» արուեստի եւ մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենան արուեստի քննարկումներ: Ուրբաթ, 9 դեկտեմբերին «Որբացած երաժշտութիւն` արաբական երաժշտութիւնն ու ենթահողի պակասը» վերնագիրով քննարկումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 4:00-5:30, իսկ շաբաթ, 10 դեկտեմբերին նոյն ժամուն` «Դուն քու երգերդ ես` երաժշտութիւն եւ ինքնութիւն» վերնագիրով քննարկումը:
«Պէյրութ էնտ Պիյոնտ» երաժշտութեան փառատօնը տեղի կ՛ունենայ երրորդ տարին ըլլալով: Ան ծնած է որպէս հակազդեցութիւն կամ պատասխան Լիբանանի եւ շրջակայքին մէջ տեղի ունեցող երաժշտական իրարանցումին: Փառատօնը կը քաջալերէ շրջանին անկախ երաժշտութեան արտադրութիւնը` կեդրոնանալով արուեստագէտին գեղարուեստական արժանիքներուն վրայ: Ծրագիրը իր դռները բացած է նաեւ միջազգային շարժումներու դիմաց, որոնք փառատօնին տուեալները կ՛ամբողջացնեն, հանրութեան առիթ տալով լսելու նոր, փորձառական եւ նորարարական արուեստը:
Իւրաքանչիւր տարուան դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին փառատօնը չորս օր տեւողութեան վրայ կը ներկայացնէ բծախնդրօրէն ընտրուած փունջ մը ներկայացումներ: Ան նաեւ կը բանի որպէս երկխօսութեան, արուեստի հաւաքներու եւ այլ առիթներու հարթակ, որուն հիմնական նպատակը կ՛ըլլայ քաջալերել արուեստագէտ-հանրութիւն երկխօսութիւնը: Այս փառատօնի աշխատանքներու ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենան վարժանքներ եւ դասախօսութիւններ, որոնք կը ներկայացուին երաժշտութեան ասպարէզի փորձառու դէմքերու կողմէ, անիկա նաեւ կ՛ուսումնասիրէ Լիբանանի եւ շրջակայքին մէջ անկախ երաժշտութեան յառաջխաղացքը:
Տարիներու ընթացքին Պէյրութ վերածուեցաւ բերրի տարածքի մը, ուրկէ ծլարձակուեցան երիտասարդ երաժիշտներ, ներառեալ` շրջակայքի այն արուեստագէտները, որոնք ապաստարան կը փնտռէին Լիբանան: 2013 թուականի երեք տղաք` Ամանի Սըման, Խալէտ Եասին եւ Զիատ Ֆայըտ, իրենց ուժերը միացուցին եւ հիմը դրին «Պէյրութ էնտ պիյոնտ» կազմակերպութեան` իրենց նախասիրութիւնը վերածելով աշխատանքի` այսպիսով ներշնչելով աւելի մեծ հանդուրժողականութիւն եւ համագործակցութիւն` երաժշտութեան միջազգային լեզուին ընդմէջէն:
«Պէյ ռու»
Ինչպէս «Պէյրութ էնտ Պիյոնտ» ծրագիրին մէջ տեսանք, Հայաստանէն իր մասնակցութիւնը կը բերէ երաժիշտ «Պէյ ռու»-ն:
«Պէյ ռու», բուն անունով Պարոյր Փանոսեան, ծնած է 1980 թուականին, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, լիբանանահայ ծնողքէ: Ան հանրածանօթ է որպէս միջին արեւելեան չափակշիռները արեւմտեան չափակշիռներու միացնելու յատկութեամբ: Անոր հանրածանօթ ալպոմը կը կոչուի «Լիթըլ Արմինիա Էլ. Էյ.» (Փոքրիկ Հայաստան-Լոս Անճելըս), ուր ան օգտագործած է հայկական երաժշտութեան կտորներ: Հրապարակած է նաեւ «Սաթրտէյ նայթ էթ տը մէճիք լէմփ» (Շաբաթ գիշեր կախարդական լապտերի շուրջ) ալպոմը, ուր միջին արեւելեան երաժշտութեան ազդեցութեան տակ արեւմտեան երաժշտութեամբ խառն մշակումներ կատարած է: 2008 թուականին Լոս Անճելըսի «հիփ-հոփ» երաժշտութեան մէջ մուտք գործեց իր անձնական նախաձեռնութեան եւ արտադրութեամբ «Պէյրութ կենկսթըր» (Պէյրութ խուլիկան) գործով, որ ամերիկացի հանրածանօթ երգիչ Ճէյ Զիին «Ամերիքըն կենկսթըր» (Ամերիկեան խուլիկան) երգին միջին արեւելեան չափակշիռներով վերամշակուած գործ մըն է: Ունի նաեւ ժապաւէններու համար մշակուած երաժշտութիւն, ինչպէս «Ը կրլ ուոքս հոմ ըլոն էթ նայթ» (Աղջիկ մը գիշերը առանձինն տուն կ՛երթայ) եւ «Սմայլ պէք» (Փոխադարձաբար ժպտա՛) ժապաւէններուն համար:
«ՊԷյ ռու»-ն «Պէյրութ Էնտ Պիյոնտ» երաժշտութեան միջազգային փառատօնին ծիրին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ շաբաթ, 10 դեկտեմբերին «Սթէյշըն»-ի մէջ:
Պէյրութի Արուեստի
Ժապաւէններու Փառատօն
Պէյրութի արուեստի ժապաւէններու փառատօնը (Պէյրութ արթ ֆիլմ ֆեստիվըլ) այս տարի եւս հրապարակ եկաւ արուեստի զանազան արտայայտութիւններ դրսեւորող ժապաւէններու ցուցադրութեամբ:
Այս փառատօնը բաժնուած էր երկու փուլերու: Կար ներպարսպային փուլը, որ նոյեմբեր 8-13 երկարող ժամանակաշրջանին տեղի ունեցաւ, եւ որուն ժապաւէնները ցուցադրուեցան «Մեթրոփոլիս իմփայր»-ի սրահներուն մէջ, եւ կայ արտապարսպային փուլը, որ 16-20 նոյեմբեր կ՛երկարի, եւ որուն ընթացքին ժապաւէններու ցուցադրութիւնները տեղի կ՛ունենան Լիբանանի զանազան շարժապատկերներու եւ համալսարաններու սրահներու մէջ, ինչպէս` Թրիփոլիի «Քաֆէ Քուլթուրէլ», Սայտայի «Օտի» հիմնարկին «Միւզէ տէ Սավոն», Նապաթիյէի «Սինեմա սթարզ» սրահներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին, Սեն Ժոզէֆ համալսարանին, Լիբանանեան համալսարանին, Լիբանանի գեղարուեստի ակադեմիային (Ալպա), Քասլիքի Սուրբ հոգի համալսարանին, Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանին, Անթունիէ համալսարանին եւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանին սրահներուն մէջ:
Այս փառատօնին ընթացքին ցուցադրուեցան տարբեր երկիրներէ ժապաւէններ, ինչպէս` Պելճիքայէն, Պուլկարիայէն, Սպանիայէն, Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Ռուսիայէն, Հոլանտայէն եւ Լիբանանէն: Ժապաւէնները ստորաբաժանուած էին նիւթերու. ինչպէս` ճարտարարուեստ եւ կոթողներ, արուեստ եւ ընկերութիւն ժամանակակից ստեղծագործութիւններ, արուեստի պատմութիւն, պար եւ երաժշտութիւն, թանգարաններ եւ հաւաքածոներ, թատրոններ եւ աստղեր:
«Քէօր ան էկզիլ» (Աքսորի մէջ երգել)
Պէյրութ արուեստի ժապաւէններու փառատօնին «Պար եւ երաժշտութիւն» բաժինին մէջ, կիրակի, 13 նոյեմբերին «Մեթրոփոլիս իմփայր սոֆիլ»-ի մէջ ցուցադրուեցաւ «Քէօր ան էկզիլ» (Աքսորի մէջ երգել) վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան ժառանգորդ ամոլի` Արամի եւ Վիրժինիայի դէպի Անատոլու ճանապարհորդութեան մասին: Արամ եւ Վիրժինիա, անցնելու համար իրենց նախնիներու ժառանգութիւններէն, Վրոցլաւի հիմնարկէն եւրոպացի երիտասարդ դերասաններ կը տանին Անատոլու, այցելելու համար այն վայրերը, ուր ծնած եւ ծաղկած են հայկական արուեստն ու մշակոյթը: Ճամբորդութեան ընթացքին անոնց հարցադրումները կը վերակենդանացնեն արմատախիլ եղած մշակոյթը, եւ երգն ու թատրոնը կը վերածուին ստեղծագործման լեզուի: Այս ժապաւէնը կը վկայագրէ 20-րդ դարու հայկական սփիւռքի պատմութիւնը եւ կենդանի ձեւով ցոյց կու տայ հայերուն տառապանքը: Արմատախիլ եղած եւ իրենց մշակոյթէն եւ պատմութենէն անջատուած ամոլը` Արամն ու Վիրժինիան փորձ մը կը կատարեն պահպանելու եւ ազատելու մոռացութեան ենթարկուած եկեղեցական երգերը: Արամը Փարիզի հայկական մայր տաճարի գլխաւոր կատարողն է, իսկ կինը` Վիրժինիան, մեներգական երաժշտութիւն կը կատարէ: Այս ճամբորդութեան անոնց կը միանան Վրոցլաւ հիմնարկի տնօրէն Ճարոսլաւ Ֆրէտ եւ Վարոցլաւի «Զար» թատերախումբի դերասաններ, որոնք նաեւ կ՛աշակերտեն հիմնարկին հայկական պատմութեան եւ երաժշտութեան բաժինին:
Վաւերագրութեան բեմադրիչներն են Նաթալի Ռոզեթթի եւ Թուրի Ֆինոչարիօ:
Վաւերագրականը տիրացած է բազմաթիւ մրցանակներու, ինչպէս «Փլանէթ Հոնէթ» փառատօնին, «Պէրթ» արուեստի ժապաւէններու «Նուրդ» փառատօնին, ընտրուած է նաեւ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» Մոսկուայի եւ Գրագով ժապաւէններու եւ այլ փառատօններու ընթացքին ցուցադրուելու համար: Վաւերագրականը ցուցադրուած է նաեւ ժապաւէններու բազմաթիւ սրահներու մէջ:
Պէյրութ արուեստի ժապաւէններու փառատօնը կը շարունակէ վաւերագրական ժապաւէններու իր ցուցադրութիւնները 16-20 նոյեմբերին վերոնշեալ սրահներուն մէջ:
Սպանական Ժապաւէններու
Փառատօն
14 նոյեմբերին «Մեթրոփոլիս իմփայր սոֆիլ»-ի մէջ ընթացք առաւ «Պէյրութի մէջ սպանական ժապաւէններու շաբաթ»-ը, որ կ՛երկարի մինչեւ 20 նոյեմբեր: «Սպանական ժապաւէններու շաբաթ»-ը կը կազմակերպուի Պէյրութի մէջ «Սերվանթես» հիմնարկին եւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպանատան կողմէ, համագործակցութեամբ «Մեթրոփոլիս» ընկերակցութեան:
Այս շաբթուան ընթացքին կը ցուցադրուին վերջերս արտադրուած սպանական ժապաւէններ, որոնք միջազգային հանրութեան եւ քննադատներու հետաքրքրութիւնը շարժած են:
Ժապաւէններու շաբաթը կը կրէ «Ալմաս» (հոգիներ) խորագիրը, եւ անոր անդրանիկ ցուցադրութեան արժանացած է «Բոլորը մահացած են» ժապաւէնը, Պէաթրիս Սանչիսի բեմադրութեամբ: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ գոց եւ բազմամարդ վայրերէ երկիւղ ապրող 1980-ականներու սպանացի ռոք աստղի մը փորձառութիւնը, երբ անոր կ՛այցելէ իր մահացած եղբայրը: Այս գործը արժանացած է 4 մրցանակներու եւ առաջադրուած է 2 մրցանակներու:
Կը ցուցադրուին նաեւ`
– Ալպերթօ Ռոտրիկեզի Լա իսլա Մինիմա-ը, որուն նիւթը կը դառնայ երկու ոստիկաններու շուրջ, որոնք կը հետազօտեն երկու պարմանուհիներու սպանութեան հարցը: Այս ժապաւէնը տիրացած է 10 մրցանակներու:
– Հայմի Ռոզալեսի Հորմոզա Եուվենթիւտը: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ երիտասարդ ամոլի մը եւ անոնց նորածինին կեանքի դժուարութիւնները: Ժապաւէնը առաջին անգամ ցուցադրուած է 2014 թուականին Քանին ժապաւէնի փառատօնի ընթացքին եւ տիրացած` մրցանակի:
– Խոն Կերանիույի եւ Խոսէ Մարի Կօուինակայի Լորիքը, որ կորուստի, յոյսի եւ սիրոյ պատմութիւն մըն է: Անին կեանքը կը փոխուի, երբ իւրաքանչիւր շաբաթ փունջ մը ծաղիկներ կը ստանայ առանց հասցէատիրոջ անունի: Ժապաւէնը տիրացած է բազմաթիւ մրցանակներու, ինչպէս` 2015 թուականին Սպանական լաւագոյն ժապաւէնի մրցանակին:
Պիտի ցուցադրուին նաեւ Տիամանթէ Նեկրօ լա Մոսքիթերա, լա Հերիտա ժապաւէնները:
Պէյրութի մէջ սպանական ժապաւէններու շաբթուան ժապաւէնները կը ցուցադրուին մինչեւ 20 նոյեմբեր, ամէն օր ժամը 8-ին, «Մեթրոփոլիսի իմփայր սոֆիլ»-ի մէջ: Բոլոր ժապաւէնները ունին անգլերէն ենթաթարգմանութիւն:
Ժապաւէններու Ցուցադրութիւններ,
Զրոյցներ Եւ Շրջապտոյտներ`
Սըրսոք Թանգարանին Մէջ
Սըրսոք թանգարանին մէջ նոյեմբեր 7-21 տեղի կ՛ունենան արուեստի զանազան ձեռնարկներ` ժապաւէններու ցուցադրութիւն, զրոյցներ եւ շրջապտոյտներ: Այս ծիրին մէջ 9 եւ 10 նոյեմբերին յաջորդաբար տեղի ունեցան «Աֆաք ֆիլմ նայթ` Տը մեն ինսայտ» Աֆաք ժապաւէնի գիշեր` «Ներսի մարդը» եւ «Ը սասփենտըտ լայֆ (Ղազըլ պանաթ)» (Արգիլեալ կեանք մը) ժապաւէններու ցուցադրութիւնները: Իսկ 10 եւ 17 նոյեմբերին տեղի ունեցան յաջորդաբար Համաշխարհային տեղայնութիւն` կայուն աշխարհի մշակութային կողմը եւ Արուեստագէտի խօսակցութիւն` Սեմի Պալոժի) խորագիրներով դասախօսութիւններ: Արուեստագէտի հետ յաջորդ հանդիպում-զրոյցը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 23 նոյեմբերին, Ժաքոպօ Կալլիքոյի հետ, երեկոյեան ժամը 7:00-էն 8:30, Սըրսոք թանգարանի լսարանին մէջ: Զրոյցը պիտի ըլլայ անգլերէնով: Իսկ չորեքշաբթի, 30 նոյեմբերին զրոյցը պիտի կատարուի Լորընս Ապու Համտանի հետ, նոյն ժամուն, նոյն վայրը:
Սըրսոք թանգարանին մէջ ներկայիս եւ մինչեւ 30 յունուար 2017 կը ցուցադրուին երկու հաւաքածոներ. «Տը հիւմըն սքէյլ» (մարդու կշիռքը) խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր կը ներկայացուին Ֆուատ Տըպպեսի հաւաքածոյէն հնաբանական նկարներ, եւ «Ատելիթա Հիւսնի Պէյ` Ը ուէյվ ին տը ուէլ» (Ատելիթա Հիւսնի պէյ` ջրհորի մէջ ալիք մը) ցուցահանդէսը: