Ամանորը` «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ
Ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2017-ին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան Ընկերային բարգաւաճման եւ կիներու հզօրացման ծրագրին մասնակցող 300 հայ կիներ համախմբուեցան սիրոյ ճաշի սեղանի շուրջ` Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի սրահին մէջ, միասնաբար տօնախմբելու եւ ապրելու ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդը: Ծրագրի պատասխանատու Քրիստին Սարգիսեանը բարի գալուստի խօսքերով դիմաւորեց ներկաները, ապա պատուելի Րաֆֆի Մսըրլեանը խօսեցաւ օրուան խորհուրդին մասին: Երգիչ Արարատ Ահարոնեանը հայկական տոհմիկ երգերով...


















