Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ դաստիարակչական յանձնախումբին, 27 նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` «Արթ թերափի» (Art Therapy – արուեստի միջոցով դարմանում) նիւթով, որ ներկայացուց դոկտ. Անիթա Թութիկեանը:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբին անունով Վարդի Մարտիրոսեան ողջունեց ներկաները` ըսելով, որ դաստիարակչական յանձնախումբը կը ձգտի պահպանել հայութեան մշակութային ինքնուրոյնութիւնը, կը կազմակերպէ մանկավարժական, կնոջական, հայապահպանման եւ հոգեբանական նիւթերով դասախօսական շարքեր:
Օրուան դասախօսը դոկտ. Անիթա Թութիկեան դասախօսութեան սկսաւ` նշելով, որ «Արթ թերափի» նիւթին մասին խօսիլը իրեն համար հաճելի է, մանաւանդ` հայկական միջավայրի մէջ: Ան նախ ըսաւ, որ արուեստը միջոց մըն է դարմանումի, մեր առօրեան աւելի լաւ զգալու, ըմբռնելու` իրականութեան եւ կարելիութեան միջոցով: «Արթ թերափի»-ն նոր ասպարէզ մըն է, որուն արմատները կու գան մարդկութեան սկզբնական օրերէն, մեր ժառանգած սովորական զբաղումներն ալ` ձեռագործ, ճաշ, կար, հիւսք, այս բոլորը «Արթ թերափի» են: Հին ժամանակներէն իսկ մարդիկ իրենց հոգեբանական հարցերը կը փորձէին լուծել երգով, պարով, գծագրութեամբ: Ան նշեց, որ հոգեբաններ յայտնած են, որ վերոյիշեալ տուեալները օգտակար եղած են` բարելաւելու մարդկային հոգեկան վիճակը:
«Արթ թերափի»-էն կ՛օգտուին հիւանդութիւններէ ապաքինման շրջանին մէջ եղող, հոգեկան խանգարումներ ունեցող, ինչպէս` անձկութիւն, ջղագրգռութիւն, եւ ուրիշին նեցուկին պէտք ունեցող անձեր:
Ապա բացատրողականէն գործնականին անցնելով` դասախօսը ներկաներուն բաժնեց թուղթ, մատիտ, ներկեր եւ խնդրեց, որ իւրաքանչիւրը գծէ եւ ներկէ տուն մը, ծառ մը եւ մարդ մը, որովհետեւ գոյներն ալ իրենց հոգեբանական իմաստը ունին: Աւարտին, ան տուաւ գծագրութիւններուն եւ գոյներուն իմաստի մանրամասնութիւնները: