Գաղութային

Աշխարհի Մէջ Առաջին «Խելացի» Զբօսայգին Պիտի Ըլլայ Երեւանի Մէջ

Աշխարհի Մէջ Առաջին «Խելացի» Զբօսայգին Պիտի Ըլլայ Երեւանի Մէջ

Ապագայի զբօսայգին պիտի ըլլայ Երեւանեան լիճին մօտ: Անիկա պիտի բաղկանայ 8 մասերէ` հրապարակ` ընտանիքներու համար, գործարար հանդիպումներու եւ քննարկումներու բացօթեայ հատուած, վիպային ժամադրավայր, Շաւարշ Կարապետեանի անուան հրապարակ, արեւային ուժանիւթով լիցքաւորուող եւ կշռող  նստարաններ: Մանրամասնութիւնները` հանրային հեռուստաընկերութեան տեսանիւթին մէջ. https://www.youtube.com/watch?time_continue=2&v=UiSPQ1YxdfM

2018-ին Շահագործման Պիտի Յանձնուին 6 Փոքր Ջրելեկտրակայաններ

2018-ին Շահագործման Պիտի Յանձնուին 6 Փոքր Ջրելեկտրակայաններ

Արցախի մէջ 2018-ին կը նախատեսուի շահագործման յանձնել 28,5 մեկաուաթ ընդհանուր հզօրութեամբ եւ 161,7 միլիոն քիլոուաթ-ժամ ելեկտրուժի միջին տարեկան արտադրանքով 6 փոքր ջրելեկտրակայաններ: Արցախի տնտեսական եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան աշխատակազմի ուժանիւթի բաժինի նախագահ Հայկ Աւետիսեանը կը յայտնէ, որ ներկայիս Մարտակերտի, Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ ընթացք առած է եւս 5 փոքր ջրելեկտրակայաններու կառուցումը: Աւետիսեան կը տեղեկացնէ նաեւ, որ Արցախի մէջ ներկայ...

Փտածութեան Դէմ Պայքարի Նախարարը Անթիլիասի Մէջ

Փտածութեան Դէմ Պայքարի Նախարարը Անթիլիասի Մէջ

Երեքշաբթի, 16 յունուար 2018-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի` փտածութեան դէմ պայքարի նախարար Նիքոլա Թուէյնին: Նախարարը վեհափառ հայրապետին զեկուցեց իր նախարարութեան կողմէ կատարուող աշխատանքին մասին: Հայրապետը գնահատելով նախարարին աշխատանքը` յիշեցուց, որ ներկայ ընկերութեան կեանքէն ներս փտածութիւնը դարձած է ընկերութիւնը բարոյապէս ու տնտեսապէս հիւծեցնող չարիք մը, որուն դիմաց անհրաժեշտ է ազդու միջոցներու դիմել:  

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի Աշակերտներու Կատարմամբ` Ամանորեան Գեղարուեստական Երեկոյ

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի Աշակերտներու Կատարմամբ` Ամանորեան Գեղարուեստական Երեկոյ

Երեքշաբթի, 26 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտութեան` տօնական երանգներով մատուցած եւ Նոր տարուան գալուստը աւետող երգի ու պարի  գեղարուեստական յայտագիրը: Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց ԺԱ. դասարանէն Գարինա Աշգարեանը, որ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց բեմին վրայ մատուցուելիք աշակերտական գեղարուեստական յայտագիրին վրայ եւ ըսաւ. «Առաջնորդուելով տօնական...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը  Նոր Տարուան Ու Ս. Ծննդեան Զոյգ Առիթներով Այցելութիւն Կու Տայ Ազունիէի Ազգային Բուժարան

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Նոր Տարուան Ու Ս. Ծննդեան Զոյգ Առիթներով Այցելութիւն Կու Տայ Ազունիէի Ազգային Բուժարան

Հինգշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2017-ին Արամ Ա. կաթողիկոս Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան: Տօնախմբութեան ներկայ էին բուժարանին բնակիչները, տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը, բժշկական կազմն ու պաշտօնէութիւնը: Վեհափառին ջերմ ընդունելութեան յաջորդեց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին մամիկներն ու պապիկները, միաբան հայրերուն հետ միասնաբար, արտասանութիւններով, հոգեւոր ու ազգային երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը: Աւարտին, հայրապետը գնահատեց բուժարանին մէջ տարուող աշխատանքները...

Վեհափառ Հայրապետը ՀԵՀՈՄ-ականներուն Հետ Կը Տօնէ Նոր Տարին Եւ Սուրբ Ծնունդը

Վեհափառ Հայրապետը ՀԵՀՈՄ-ականներուն Հետ Կը Տօնէ Նոր Տարին Եւ Սուրբ Ծնունդը

Շաբաթ, 23 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողները Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան: Վեհափառ հայրապետին ժամանումէն անմիջապէս ետք միութեան ատենապետը` Կարէն կիս. սրկ. Եօսուլքանեան, յանուն ՀԵՀՈՄ-ականներուն, բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ապա ՀԵՀՈՄ-ական Ռիթա Աստիքեանը ջութակով ելոյթ մը ունեցաւ` ճոխացնելով մթնոլորտը: Անկէ ետք ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Թաթուլ աբղյ....

Հայաստան 88-րդ Տեղը Կը Գրաւէ Առեւտուրի Ձեռնարկութիւններու Ղեկավարման «Ֆորպզ»-ի Վարկանիշով

Հայաստան 88-րդ Տեղը Կը Գրաւէ Առեւտուրի Ձեռնարկութիւններու Ղեկավարման «Ֆորպզ»-ի Վարկանիշով

Հայաստան 153 երկիրներու շարքին 88-րդ տեղը գրաւած է «Ֆորպզ» թերթին կազմած առեւտրական ձեռնարկութիւններու ղեկավարման վարկանիշով: Ըստ թերթի տեղեկագրութեան, Հայաստանի կառավարութիւնը վերջին տարիներուն որոշ բարելաւումներ իրականացուցած է հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան մէջ, բայց կաշառակերութեան դէմ պայքարի միջոցները զգալի չափով անարդիւնաւէտ եղած են: «Հայաստան պէտք է լրացուցիչ տնտեսական բարեփոխումներ իրականացնէ եւ ամրապնդէ օրէնքի գերակայութիւնը` տնտեսական աճի, տնտեսական մրցունակութեան եւ աշխատատեղերու համար, յատկապէս`...

Հայաստանի Օրկանական Մեղրը Կը Վաճառուի Չինաստանի Եւ Այլ Երկիրներու Շուկաներու Մէջ

Հայաստանի Օրկանական Մեղրը Կը Վաճառուի Չինաստանի Եւ Այլ Երկիրներու Շուկաներու Մէջ

Հայաստանի տարածքին օրկանական գիւղատնտեսութեամբ կը զբաղին 86 արտադրողներ: Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Յարութիւնեանը յայտնեց, որ արտադրողներուն թիւը կարելի եղած է կրկնապատկել Եւրոմիութեան եւ Աւստրիոյ զարգացման գործակալութեան ֆինանսաւորումով իրականացուող օրկանական գիւղատնտեսութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրին շնորհիւ: «Բաւականին հետաքրքրութիւն կայ հայկական օրկանական ապրանքներու նկատմամբ, բայց արտահանման կազմակերպման հիմնական հարցը կապուած է արտադրական ծաւալներու ապահովման հետ», յայտնեց փոխնախարարը` աւելցնելով, որ կենդանական ծագման օրկանական...

Հայկական Արտադրութեան «Խելացի Օրoրոց»-ը Հեքիաթ Պիտի Պատմէ Ու Պիտի Քնացնէ Փոքրիկը

Հայկական Արտադրութեան «Խելացի Օրoրոց»-ը Հեքիաթ Պիտի Պատմէ Ու Պիտի Քնացնէ Փոքրիկը

Հայաստանի մէջ արտադրուած է «Cribby» կոչուող բազմագործառոյթ օրօրոցը կարելի է կարգաւորել սմարթֆոնի միջոցով: Նախագիծի հեղինակներէն Սերգէյ Նաւասարդեանը պատմած է, որ ծնողներու կենցաղը դիւրացնող «խելացի» օրօրոց ստեղծելու գաղափարը ունէին շատոնց: Այդ ուղղութեամբ, «Cribby»-ի ծրագրաւորողներէ եւ ձեւաւորողներէ բաղկացած խումբը թափով սկսած է աշխատանքի  2017-ի աշնան: Այժմ կը պատրաստուին հանրութեան ներկայացնելու օրօրոցին նախատիպը: «Cribby-ն զինուած է տեսախցիկով, կշիռքով, ձայնագրուած գիրքերու նուագարկիչով, որով կարելի...

Մատենադարանի Ձեռագիրներուն 25 Տոկոսը Թուայնացուած Է

Մատենադարանի Ձեռագիրներուն 25 Տոկոսը Թուայնացուած Է

Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեանը կը տեղեկացնէ, որ Մատենադարանի ձեռագիրներուն 25 տոկոսը թուայնացուած է: Մատենադարանը այս տարի, Գիտութեան պետական կոմիտէին աջակցութեամբ, ձեռք բերած է նոր սարք մը, որ կարելիութիւն կու տայ թուայնացնելու միքրոժապաւէնները: «Մինչեւ նոր արհեստագիտութիւնները` կ՛օգտագործէինք միքրոֆիլմեր, այսինքն ձեռագիրը կը լուսանկարուէր, եւ յատուկ սարքի միջոցով ժապաւէնին պարունակութիւնը կը կարդացուէր: Այդ սարքը դանդաղ կ՛աշխատէր, բացի այդ,...

Փառաւոր Ու Տպաւորիչ Հանդիսութիւն` Քարեն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի 70-ամեակին Առիթով

Փառաւոր Ու Տպաւորիչ Հանդիսութիւն` Քարեն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի 70-ամեակին Առիթով

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Տարիները որքա՜ն արագ սահեր են: Դեռ երէկ էր կարծէք, երբ Ճեմարանի շրջափակին մէջ հազարաւոր հայորդիներու ներկայութեան կը տօնախմբուէր մեր այս սիրելի կրթօճախին 50-ամեակը (1997): Լոյս կ՛ընծայուէր նաեւ դպրոցին պատկառելի յուշամատեանը` հոն ամփոփելով այն բոլոր թանկագին տեղեկութիւններն ու պատմական լուսանկարները, որոնք կը գծէին հալէպահայութեան կրթական կեանքին կարեւոր մէկ երեսը: Այդ թուականէն անցեր են ահաւասիկ քսան տարիներ եւս: Ու այդ...

Ճեմարանի 70-ամեակի Յոբելենական Հանդիսութեան Յաջորդեց Մտերմիկ Խրախճանք Մը` Երգիչ Յովսէփին Մասնակցութեամբ

Ճեմարանի 70-ամեակի Յոբելենական Հանդիսութեան Յաջորդեց Մտերմիկ Խրախճանք Մը` Երգիչ Յովսէփին Մասնակցութեամբ

Շաբաթ, 23 դեկտեմբերին տեղի ունեցած Ազգային Քարեն Եփփէ Ճեմարանի 70-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութենէն ետք, ճեմարանականները մասնակցեցան խնամակալութեան կազմակերպած մտերմիկ խրախճանքին, որուն ընթացքին հանդէս եկաւ այս առիթով Հալէպ ժամանած հալէպահայ հանրածանօթ երգիչ Յովսէփ Գասպարեանը: Ճեմարանականներէն իւրաքանչիւրը պահ մը անջատուելով մթնոլորտէն` կեանքի կոչեց հեռու թէ մօտիկ անցեալէն անմոռաց յիշատակներ, երգիչ Յովսէփը` նոյնպէս: Ան յուզումով վերյիշեց նախապատերազմեան շրջանի իր նուագախումբին ելոյթները եւ կարօտով...

ՀՅԴ-ի 127-ամեակի Տօնակատարութիւններ

ՀՅԴ-ի 127-ամեակի Տօնակատարութիւններ

Նոր Ջուղա Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, 14 դեկտեմբերին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 127-ամեակը: Օրուան բանախօսն էր Հայաստանէն ժամանած, ՀՅԴ Բիւրոյի Տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի ղեկավար Սուրէն Պարսեան: Ան իր խօսքին մէջ` նշեց, որ վերջին 27 տարիները Դաշնակցութեան համար եղան հայրենաշինութեան ժամանակաշրջան, որուն շրջագիծին մէջ` յանուն այսօրուան ազատ, անկախ եւ վաղուան միացեալ Հայաստանի...

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ 18 Դիմումի Ընդառաջում Սեպտեմբերին Հնգամսեայ Հաշուեկշիռ` 132 Պարագայ

Րաֆֆի Պչաքճեան Սերունդի 10 Նորագիրներ կը միանան ՀՅԴ Աւստրալիոյ Շարքերուն

Սիտնի և Մէլպուրն.- Դեկտեմբեր 2017-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցը համալրուեցաւ 10 նորագիրներով, որոնք կատարեցին իրենց կուսակցական երդումը Աւստրալիոյ Սիտնի եւ Մելպուրն քաղաքներուն մէջ: ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն 2017 թուականին շարքերը փոխանցուած սերունդը անուանակոչեց Հալէպի հայկական թաղերու պաշտպանութեան ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի անունով, որ նահատակուեցաւ 2016 թուականին Հալէպի հայահոծ շրջաններու պաշտպանութեան ժամանակ: Ընկալուած սովորութիւն էր որ նորագիրներուն շարքերը ընդունէր կնքահայր մը,...

«Միասնաբար Օգնենք Ուրիշին». ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս Մասնաճիւղի Սկաուտական Նախաձեռնութիւն

«Միասնաբար Օգնենք Ուրիշին». ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս Մասնաճիւղի Սկաուտական Նախաձեռնութիւն

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը յաջորդաբար երկրորդ տարուան համար կազմակերպեցին «Միասնաբար օգնենք ուրիշին» բարեսիրական աշխատանքը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, «ՀՄԸՄ-Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Մասնաճիւղի սկաուտական բոլոր խումբերու անդամները իրենց հետ բերած էին ուտեստեղէն, թէյ, կաթ, պահածոներ, ձէթ, ալիւր, ինչպէս նաեւ` տնային գործածութեան անհրաժեշտ մաքրութեան օճառ եւ այլ նիւթեր: Այս բոլոր նուէրները զետեղուեցան մասնաճիւղի...

Սուրբ Ծննդեան Նախատօնական Օրեր` Մեսրոպեանի Մէջ

Սուրբ Ծննդեան Նախատօնական Օրեր` Մեսրոպեանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հոգեւոր վարիչի գրասենեակին, գործակցութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ աշխատակցութեամբ աշակերտական հոգեւոր խմբակին, Մեսրոպեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր դաստիարակութեան շարք մը ձեռնարկներ` Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընդառաջ: Աշակերտութեան համար մասնաւորապէս կազմակերպուեցան խոստովանանքի օրեր, որուն առ ի պատրաստութիւն` վարժարանի հոգեւոր վարիչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան աշակերտներուն հետ ունեցած էր հանդիպումներուն ընթացքին անոնց բացատրեց խոստովանանքի եւ ապաշխարութեան...

ՀՅԴ 127 փառապանծ տարիներու առթիւ մեծ տօնախմբութիւն Մօնթէվիտէոյի մէջ

ՀՅԴ 127 փառապանծ տարիներու առթիւ մեծ տօնախմբութիւն Մօնթէվիտէոյի մէջ

Ինչպէս բոլոր հայաշխարհը, Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, այս օրերուս մեծ հանդիսութիւններով կը տօնախմբեն ՀՅԴ 127-րդ տարեդարձը, այստեղ եւս, Մօնթէվիտէոյի Վռամեան Կոմիտէի եւ քոյր միութիւններու միացեալ ճիգով, տօնախմբուեցաւ այս հզօր Կազմակերպութեան, ՀՅ Դաշնակցութեան 127 տարիները, Վռամեան ակումբի շքեղ հանդիսասրահին մէջ։ Նախքան սրահ անցնիլը, ակումբի շրջաբակի մէջ գտնւող մեր շրջանի Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդի եւ իրեցմէ ետք ֆիզիքապէս բացակայ մեր ընկերներուն համար կառուցուած...

Հայկ Գայսէրեան նշանակուեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Գործադիր Տնօրէն

Հայկ Գայսէրեան նշանակուեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Գործադիր Տնօրէն

ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը (ՀԴ) յայտարարեց նշանակումը Հայկ Գայսէրեանի որպէս ՀԴի գործադիր Տնօրէն: Այս յայատարարութիւնը կը հետեւի ՀԴի մէջ վերջերս կայացած փոփոխութիւններէն ետք (կարդալ): Գայսէրեան, որ երկար ժամանակ ծառայած է ՀԴին եւ ստանձնած զանազան պատասխանատու պաշտօններ Աւստրալահայ Համայնքին մէջ, յանձնառութիւն կը վերցնէ շարունակելու առաջնորդել Ցեղասպանութեան արդար հատուցում գտնելու համար մղուող պայքարը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ Աւստրալական բեմի վրայ ի նպաստ...

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Կ՛այցելէ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Գրասենեակ

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Կ՛այցելէ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Գրասենեակ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան անցեալ Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան մարմինին մէջ ՀՅԴի ներկայացուցիչ Վարդան Տէրտէրեանի ընկերակցութեամբ այցելեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի (ԿԿ) գրասենեակ, ուր հանդիպեցաւ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին, Շահան սրբազան հանգամանօրէն ներկայացուց Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած խնդիրները,...

Կ. Պոլսոյ Մէջ Վերաբացուեցաւ Եւ Օծուեցաւ Քուրուչեշմէ Թաղամասի Հայկական Եկեղեցին

Կ. Պոլսոյ Մէջ Վերաբացուեցաւ Եւ Օծուեցաւ Քուրուչեշմէ Թաղամասի Հայկական Եկեղեցին

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ / «Ակօս» Կ.Պոլսի Քուրուչեշմէ թաղամասի Սուրբ Խաչի Երեւման հայկական եկեղեցին, վերանորոգման ենթարկուելէն ետք, վերստին իր դռները բացած է հաւատացեալներուն առջեւ: Այդ մասին, ըստ «Ակունք»-ի, կը հաղորդէ Կ.Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթը: Աղբիւրին համաձայն, դեկտեմբեր 9-ին Հոգեւոր խորհուրդի նախագահ, Սահակ եպս. Մաշալեանի ձեռամբ կատարուած օծման արարողութեան ներկայ գտնուած են` Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին ենթակայ հոգեւորականներ, օծուող եկեղեցիի վագըֆի...

Page 25 of 68 1 24 25 26 68

Արխիւներ