ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ / «Ակօս»
Կ.Պոլսի Քուրուչեշմէ թաղամասի Սուրբ Խաչի Երեւման հայկական եկեղեցին, վերանորոգման ենթարկուելէն ետք, վերստին իր դռները բացած է հաւատացեալներուն առջեւ: Այդ մասին, ըստ «Ակունք»-ի, կը հաղորդէ Կ.Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթը:
Աղբիւրին համաձայն, դեկտեմբեր 9-ին Հոգեւոր խորհուրդի նախագահ, Սահակ եպս. Մաշալեանի ձեռամբ կատարուած օծման արարողութեան ներկայ գտնուած են` Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին ենթակայ հոգեւորականներ, օծուող եկեղեցիի վագըֆի նախագահ Իրմա Փոլաթը, անոր ամուսինը` Արման Փոլաթը, տարբեր վագըֆներու ղեկավարներ եւ Կ.Պոլսոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Օծման արարողութենէն ետք ելոյթ ունեցած Սահակ եպս. Մաշալեանը, շեշտելով հայ համայնքին համար մեծ նշանակութիւն ունեցող տեղի եկեղեցիներուն տէր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորապէս նշած է.
«Մենք պէտք է բաց պահենք մեր եկեղեցիները եւ աղօթք ընենք: Եկեղեցիները համայնքին սիրտն են. եկեղեցին կ՛երիտասարդացնէ ոչ միայն մարմինը, այլեւ` հոգին: Այսօր այստեղ կը տեսնեմ նաեւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները: Իմ մաղթանքս է, որ ամէն կիրակի երիտասարդները տեսնեմ եկեղեցւոյ մէջ»:
Օծման արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպուած ճաշկերոյթի ժամանակ հնչած են նաեւ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն մասնակից անձերուն ուղղուած շնորհակալական խօսքեր: Սահակ եպս. Մաշալեանը շնորհակալագիր յանձնած է եկեղեցւոյ վերանորոգման մասնակցած Մկրտիչ Սերթշիմշեքին:
Թարգմանեց Մելինէ Անումեանը