Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջապտոյտ Դէպի Հայաստան. «Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնադրամ»-ի 50-ամեակին Առիթով

December 5, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի «Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամ»-ին, 7-17 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ դէպի Հայաստան շրջապտոյտ մը, որուն մասնակցեցան` ՃՅՀ-ի Լիբանանի, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներ, Միացեալ Նահանգներէն` Երիցական եկեղեցւոյ պատասխանատուներ եւ այլ քաղաքացիներ:

Այցելուները առիթ ունեցան տեսնելու Մատենադարանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկն ու Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողը, ինչպէս նաեւ այցելեցին Նորավանք ու Խոր Վիրապ, Տաթեւի վանք, Սեւանայ լիճ, Գեղարդ ու Գառնի եւ ծանօթացան հայկական ճարտարապետութեան ու խաչքարերուն: Անոնք հիացան` տեսնելով հնութիւն ունեցող եւ թանկարժէք գանձերը մեր մշակոյթին ու պատմութեան եւ մօտէն ծանօթացան տարբեր շրջաններու, ինչպէս` Արմաւիր, Գիւմրի, Աղուերան  ու Գորիս: Այցելուները ականատես եղան Հայաստանի «Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամ»-ի բարգաւաճման կարգ մը ծրագիրներուն` ծանօթանալով անոնց զանազան աշխատանքներուն  եւ մասնակցութիւն բերին զանազան ծրագիրներու` անոնց խորհուրդը եւ փորձառութիւնը փոխանցելով ուսանողներուն եւ գիւղատնտեսներուն:

Հոկտեմբեր 8-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ընդունեց այցելուները` գլխաւորութեամբ ՃՅՀ-ի  հոգաբարձութեան խորհրդատու մարմինի անդամ Մայքըլ Յարաթիւնեանի եւ անոր կնոջ` Մարիին, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու Երիցական եկեղեցւոյ Համաշխարհային առաքելութեան տնօրէն վերապատուելի Խոսէ Լուիս Քասալը եւ «Ճինիշեան յիշատակի հիմնարկ»-ի Ամերիկայի գրասենեակի տնօրէն Էլիզա Մինասեանը:

Վեհափառը նշեց, որ «Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամ»-ը Հայաստանի մէջ իրագործած է զանազան ծրագիրներ` օգտակար դառնալով երկրին, յատկապէս` դժուար տարիներուն ու կարեւոր ներդրում բերած է Մայր Աթոռի թեմերու աշխատանքներուն ու հոգեւոր կառոյցներուն կրթական, ընկերային եւ համայնքային ծրագիրներուն:

Հանդիպման աւարտին վեհափառը պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն, ապա անոնք, այցելելէ ետք թանգարան, ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագի:

14 հոկտեմբերին «Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամ»-ը Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատերասրահին մէջ տօնեց իր գործունէութեան 50-ամեակը:

«Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամ»-ը Ամերիկայի գրասենեակի տնօրէն Էլիզա Մինասեանը բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ հիմնադրամը ստեղծուած է Վարդան Ճինիշեանի կտակին համաձայն, եւ  բազմաթիւ ծրագիրներ  իրագործուած են Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու մէջ` օգնելով առողջապահական, ընկերային  եւ համայնքային զարգացման մարզերուն մէջ:

Ապա խօսք առաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որ ըսաւ, թէ  շնորհակալ է «Ճինիշեան»-ի աջակցութեան համար, որովհետեւ ան օժանդակած է ջաւախահայութեան եւ վրացահայութեան, ինչպէս նաեւ օգնած է  Հայաստանի, Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի հայերու զարգացման: Ապա ան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ պարգեւագիր մը յանձնեց «Ճինիշեան»-ին, ինչպէս նաեւ նախարարը «Ճինիշեան»-ին յանձնեց մետալ մը` ազգին ծառայութեան համար: Իսկ Միացեալ Նահանգներու Երիցական եկեղեցւոյ համաշխարհային առաքելութեան տնօրէն վերապատուելի Խոսէ Լուիս Քասալ տուաւ յուշանուէրներ` «Ճինիշեան»-ի Միացեալ Նահանգներու խորհրդատու մարմինի ատենապետ Վիքի Չոփուրեան-Կերթին եւ Էլիզա Մինասեանին: Յաջորդաբար խօսք առին Սուրիոյ տնօրէն Թալին Թոփալաքեանը, Լիբանանի տնօրէն Փոլին Սաղըրեանը եւ Հայաստանի տնօրէն Արմէն Յակոբեանը, իսկ վրացահայոց թեմի առաջնորդին կողմէ եկած պատուիրակութիւնը արուեստի գործ մը նուիրեց` իբրեւ գնահատանք «Ճինիշեան»-ի գործունէութեան` Վրաստանի մէջ:

50-ամեակին նուիրուած ընդունելութենէն ետք հիւրեր եւ ժողովուրդէն հրաւիրեալներ ներկայ գտնուեցան Յ. Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ» գիրքէն առնուած եւ 50-ամեակին առթիւ պատրաստուած երաժշտախառն թատերախաղին, որուն բացման խօսքին մէջ Էլիզա Մինասեանը բեմ հրաւիրեց տարիներով ՃՅՀ-ին ծառայած պաշտօնեաներն ու խորհրդատու մարմինի անդամներ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց անձնուէր ծառայութեան համար:

Հայաստան շրջապտոյտին մասնակցողները վերադարձան իրենց երկիրները` իրենց հետ տանելով անմոռանալի յիշատակներ եւ լայն տեղեկութիւն հայ ժողովուրդին պատմութեան, մշակոյթին եւ արժէքներուն մասին, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթացան «Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամ»-ի լայնածաւալ գործունէութեան` ի նպաստ հայ ժողովուրդին:

Նախորդը

Քալիֆորնիական Քսանմէկ Օրեր` Առանց Զբօսաշրջիկի Լուսանկարներու

Յաջորդը

Չկատակենք. Ինչո՞ւ Չեն Հասկնար…

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.