Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Թեմի Կրօնական Ժողով Քահանայից Միօրեայ Հաւաք

Դեկտեմբեր 19, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին, շաբաթ, 9 դեկտեմբեր 2017-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քահանայից միօրեայ հաւաք:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ քահանայից դասի անդամներուն մասնակցութեամբ կատարուած առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, Եկեղեցւոյ սրահին մէջ բացման ողջոյնի խօսք արտասանեց Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, որ շեշտելով նմանօրինակ հանդիպումներուն կարեւորութիւնը` նշեց, որ թեմական կեանքէ ներս հոգեւոր բնոյթ ունեցող աշխատանքներ կարելի է իրականացնել հոգեւորականաց դասի անդամներուն գործակցակութեամբ ու համակարգումով:

Այնուհետեւ, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեանը ներկայացուց Ս. մկրտութեան ընթացքին կիրարկուող դրոշմի խորհուրդին մասին: Եկեղեցւոյ հայրերու մտածումներէն մէջբերումներ կատարելով` քահանայ հայրը վերլուծեց դրոշմի արարողութեան իմաստը  եւ հաստատեց, որ անոր կատարման ընթացքին հարկ է հետեւիլ հոգեւոր հայրերու օրինակին, յորդորներուն եւ թելադրանքներուն, որպէսզի հաւատացեալները զգան, որ պարզ ծիսական արարք մը ըլլալէ աւելի` մկրտուողին վրայ հոգեւոր շնորհնքեր հաստատելու համար սահմանուած կարգ է դրոշմը:

Դրոշմի մասին ներկայացուած խորհրդածութեան աւարտին, քահանայ հայրերը առիթը ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու օրուան խորհրդածութիւնը ներկայացնող տէր հօր եւ Կրօնական ժողովին: Այնուհետեւ,  առիթ տրուեցաւ քահանայ հայրերուն` արտայայտուելու Լիբանանի հայոց թեմի կեանքին ու մեր եկեղեցւոյ վերաբերող հարցերուն մասին եւ իրենց կատարած աշխատանքներուն շուրջ տալ հակիրճ տեղեկութիւններ:

Աւարտին, Շահէ եպս. Փանոսեանը` արժեւորելով Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովին ու քահանայից դասին կատարած աշխատանքը` թելադրեց, որ իբրեւ հոգեւորականութիւն` օրինակելի վարքով եւ նուիրեալ ծառայութեամբ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ արժեւորել հոգեւորականին վերապահուած դերակատարութիւնն ու ծառայութիւնը եւ գործօն դերակատարութիւն  ունենալ եկեղեցւոյ զարգացման, մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ ժողովրդային մտահոգութիւններուն ու դժուարութիւններուն յաղթահարման աշխատանքներուն մէջ:

Հաւաքը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով, որուն յաջորդեց սիրոյ սեղան` Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան դիւանի անդամներուն մասնակցութեամբ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց «Թռչնոց Բոյն»

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?