Լիբանանի 74-րդ Անկախութեան Տարեդարձը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձր. Վարժարանի Մէջ
Հայրենիքի մը անկախութեան տարեդարձը յիշատակութենէ աւելի տօնակատարութիւն է, որուն համար մեծ ու պզտիկ այս պարագային կը համախմբուինք Լիբանանի խորհրդանիշ «մայրի»-ին շուրջ: Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները երեքշաբթի, 28 նոյեմբերին տօնակատարեցին Լիբանանի անկախութեան 74-րդ տարեդարձը: Այս առիթով վարժարան այցելեց լիբանանեան բանակի փողերախումբէն խմբակ մը: Օրուան յայտագիրը սկիզբ առաւ Լիբանանի քայլերգի կատարողութեամբ, որմէ ետք փողերախումբի կշռութաւոր եղանակին պարտադրած համաչափութեամբ, տողանցքով մուտք գործեցին...



















