Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԿԱԶՄԱ» Լիբանանի Երկրորդ Ազգային Մրցումը

Յունիս 1, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ «ՍԻՄԷՍ» Լիբանանի, կազմակերպութեամբ «ԿԱԶՄԱ» Լիբանանի, կիրակի, 13 մայիս 2018-ին տեղի ունեցաւ «ԿԱԶՄԱ» Լիբանանի երկրորդ ազգային մրցումը, ՀՄԸՄ Այնճարի «Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան» մարզադաշտին վրայ: Ներկայութեամբ` Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, «Էյչ Քէյ Ի Սի»-ի հիմնարկութեան (HKEC – Hratch Kendirjian Educational Company) տնօրէն Անահիտ Քենտիրճեանի, «ԿԱԶՄԱ» Լիբանանի նախագահ Պօղոս Քենտիրճեանի, «ՍԻՄԷՍ»-ի մասնաճիւղերու եւ Այնճարի վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցիչներու եւ ծնողներու հոծ բազմութեան:

Առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Լիբանանի տարբեր շրջաններէ (Այնճար, Պուրճ Համուտ, Զալքա, Մաժտել Այնճար, Ռաշայա, Նապաթիէ, «Քոմիւնիթի սքուլ Ռուէյսեթ») ՍԻՄԷՍԻ 137 աշակերտներ ժամանեցին մարզադաշտ, նախաճաշեցին, ապա իրենց օգնականներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան գրաւելու իրենց տեղերը:

ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին կողմէ նուագուած Լիբանանի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ «ԿԱԶՄԱ» Լիբանանի նախագահ Պօղոս Քենտիրճեանը, որ ողջունեց ներկաներն ու ըսաւ, որ «ԿԱԶՄԱ» Լիբանանը աննախընթաց առիթ կը ստեղծէ Լիբանանի աշակերտութեան` համախմբուելու, իրարու հետ ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ` իրենց ունեցած գիտելիքներով իրարու դէմ մրցելու: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր աշակերտ արդէն այստեղ գտնուելով` ինքնին ախոյեան մըն է եւ անդամ մը` մեր մեծ ընտանիքին, որ կը հաւատայ, թէ մտային հաշուարկութեամբ կրնայ կեանքի մէջ ըլլալ ինքնավստահ, անկախ եւ յաջող: Պօղոս Քենտիրճեանը հաստատելով իր խօսքը` ըսաւ, որ յաճախ տարբեր կրթական օճախներէ յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան արձագանգներ կը լսեն ՍԻՄԷՍ յաճախող աշակերտներուն մասին:

Քենտիրճեան անդրադարձաւ նախորդ տարուան Թայլանտի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցանքին, որ կ՛ընդգրկէր 20 երկիրներէ հաւաքուած 450 աշակերտներ, ուր Լիբանանի ԿԱԶՄԱ-ի 43 ներկայացուցիչ աշակերտները, որոնցմէ 13-ը հայ ըլլալով եւ ինքնավստահօրէն ներկայանալով` ապացուցեցին իրենց կարողութիւնները եւ շահեցան ախոյեանութիւններ եւ անգամ մը եւս բարձրացուցին Լիբանանի անունը: Խօսեցաւ նաեւ յառաջիկայ տարիներու ծրագիրներու մասին, ինչպէս` այս տարուան Հարաւային Ափրիկէի միջազգային մրցումին  եւ յատկապէս 2020 թուականին Լիբանանի մէջ կայանալիք միջազգային մրցումին մասին. այս առիթով ան մեծ յոյսեր յայտնեց աշխարհահռչակ դէմքերու առջեւ Լիբանանի աշակերտներու յաջողութեան համար:

Շնորհակալութեան խօսքով Պօղոս Քենտիրճեանը յիշեց իւրաքանչիւր աշակերտ, ուսուցիչ, ծնողք եւ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով օգտակար հանդիսացած անհատ եւ երախտապարտ զգաց ՍԻՄԷՍ-ի հանդէպ անոնց ունեցած վստահութեան համար: Պօղոս Քենտիրճեանը իր խօսքի աւարտին բարի գալուստի ծաղկեփունջ նուիրեց պատուոյ հիւրերուն:

Առաջին փուլին 6 վայրկեան տեւողութեամբ մրցումը ընթացք առաւ նախ «Էպեքըս»-ով (ճափոնական հին հաշուիչ մեքենայ), ապա 2 վայրկեան տեւողութեամբ` մտային հաշուարկութեամբ: Մինչ օգնական կազմը սրբագրութեան ընթացքի մէջ էր, դաշտին վրայ կը տիրէր ծանօթացման պահ եւ նուէրներու փոխանակում` Լիբանանի տարբեր շրջաններէ եկած աշակերտներու միջեւ:

Դադարէն անմիջապէս ետք խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը եւ ըսաւ. «Իսկապէս որ այսօր մեծ պատիւ է մեզի համար հիւրընկալել գործունէութեան այնպիսի դաշտ մը, որ իր նմանը չէ ունեցած ընդհանրապէս Լիբանանի մէջ եւ մասնաւորաբար Այնճարի մէջ»: Խօշեան վեր առնելով մանուկներուն յատկութիւնները` խօսեցաւ անոնց նկարագրի եւ մտային կարողութիւններու կազմաւորման մասին. այս իմաստով անդրադարձաւ ՍԻՄԷՍ-ի կատարած բացառիկ իրագործումներուն եւ հաստատեց, որ տարուած անխոնջ եւ տքնաջան աշխատանքը կրնայ յանգիլ միայն ու միայն այսպիսի արժանավայել յաջողութիւններու:

Ան ըսաւ. «Ընդհանրապէս, որպէս լիբանանցիներ, լիբանանահայեր եւ մասնաւորաբար այնճարցիներ, յոյսերնիս դրած ենք այս հրեշտակներուն վրայ. սերունդները կը դաստիարակուին ոչ թէ պատահականօրէն, այն իմաստով, որ այս երեխաներուն մէջ գիտելիք չէ, որ միայն կը զարգանայ, այլ` ինքնավստահութիւն, հզօր կամք եւ պայծառատեսութիւն»:

Վարդգէս Խօշեանը իր խօսքի աւարտին, շնորհաւորելով ՍԻՄԷՍ ընտանիքի ծնողներուն տարիներու ծրագրաւորումն ու աշխատանքի հետապնդումը, յայտնեց, որ այսօրուան իրագործուած յաջող ձեռնարկը կը ներկայացնէ արգասիքը եւ պտուղը այդ աշխատանքին:

Քաղաքապետը խօսքը եզրափակեց հետեւեալ նախադասութեամբ. «Ձեզի պիտի վստահեցնեմ, որ եթէ ձեր զաւակները քալեն ՍԻՄԷՍ-ի ճամբով,  անպայմանօրէն անոնք պիտի ըլլան անշեղ, ուղիղ, անսխալ եւ մաքուր հայեցի դիմագիծով»:

Այնուհետեւ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը բաժնեց անցեալ տարի միջազգային մրցումին մասնակցած աշակերտներուն վկայականները: Որմէ ետք «ԿԱԶՄԱ» Լիբանանի նախագահը յուշանուէրներ յանձնեց պատուոյ հիւրերուն, մասնաճիւղերու տնօրէնութիւններուն եւ ՍԻՄԷՍ-ի ուսուցիչներուն:

Աւարտին տեղի ունեցաւ բաժակներու յանձնում:

Նախորդը

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբին Կազմակերպութեամբ` Միջդպրոցական Պարի Փառատօն

Յաջորդը

Հետաքրքրական Պատմութիւնը Արքայական Ամուսնութեան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?