Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանը Տուաւ Շրջանաւարտներու Նոր Հունձք Մը

Յունիս 5, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

121 շրջանաւարտներ ստանալով իրենց վկայականները` յաղթական կանգնած էին բեմին վրայ ջերմ ծափահարութիւններու տարափին տակ: Ոչինչ կը գերազանցէր անոնց ուրախութիւնը, երբ տարիներու իրենց ճգնաջան աշխատանքի արդիւնքը ստացած էին: Անոնց ուրախութեան շաղախուած էր նաեւ յուզմունքը` հրաժեշտ տալու կրթական այն օճախին, ուր ստացան իրենց գիտելիքները եւ կերտուեցան որպէս մարդ` սորվելով ծառայել, ունենալ ազատ ապրելու կամք, ճշմարտութիւն:

Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնը` Հայկազեան համալսարանը, շրջանաւարտներու նոր հունձք մը տուաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ, շաբաթ, 26 մայիս 2018, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանի շրջափակին մէջ:

Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էին` Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ կը ներկայացնէր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրին, երեսփոխան վեր. Էտկար Թրապուլսին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը ներկայացնէր երեսփոխան Ժան Թալուզեանը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի   դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչը,  Լիբանանեան հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանը, Սուրիոյ եւ Լիբանանի աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. Սելիմ Սահիունին, Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը, Հայկազեան համալսարանի խնամակալութեան ատենապետ` Միացեալ Նահանգներէն Յասմիկ Պարանը, հոգաբարձութեան անդամներ, հայկական եւ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:

Շրջանաւարտները դասախօսական կազմին հետ հանդիսաւոր թափօրով մը ուղղուեցան բեմ, անկէ ետք հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որուն յաջորդեց համալսարանի հոգեւոր տեսուչ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանի բացման աղօթքը:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ ըսաւ, թէ տօնական մթնոլորտը աւելի մեծ տարողութիւն կը ստանայ, որովհետեւ նոյն շաբաթը կը նշուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակի տօնը, որուն վրայ կու գան աւելնալու մեր նոր օրերու Հայաստանի Հանրապետութեան օրհնութիւնները: Միաժամանակ, տօնական այս երթին մէջ ան յիշեց Ամերիկահայ աւետարանչական ընկերակցութեան հարիւրամեակը եւ անոր նպաստը` մեր աշխարհացրիւ ժողովուրդին եւ Հայկազեան համալսարանին երկար տարիներ շարունակ: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ տարեդարձները պատմութեան չեն վերաբերիր միայն, այլ նաեւ` մեր այսօրուան ու վաղուան յուսալիութեան: «Եթէ պատմութիւնը դպրոց է, տարեդարձները քննութեան պահ են:  Եթէ կայ մէկ յաւելեալ խօսք այս երեկոյ այս բեմէն, այդ ալ պիտի ըլլար կոչ մը` մեր տարեդարձներուն առիթով քննելու, թէ վաղուան հայերը ինչպիսի՛ կրթական, մշակութային, հասարակական դարբնոցներու մէջ պիտի պատրաստուին, ինչպիսի՛ դարբիններու կողմէն», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Նուիրումով, յոյսով, խանդով լեցուինք եւ լծուինք անձնուէր գործի շրջանաւարտներ, մեծեր ու պատասխանատուներ, Հայկազեանին մէջ եւ անկէ շատ անդին»:

Խօսքի աւարտին ըսաւ. «Յարգելի՛ շրջանաւարտներ, դուք կ՛ապրիք եւ աշխատիք առաքինութիւններով լեցուն սրտով, ես կը հրաւիրեմ ձեզ մտածելու, որ կրթութիւնը ձեզի կը սորվեցնէ սահմանումներու մասին: Յարգանքի արժեւորումը անհրաժեշտ  առաքինութիւն է: Յիշեցէք Արարիչը, յիշեցէք արարածները, յիշեցէք ձեր ընտանիքները, համայնքները եւ երկիրը, յիշեցէք, ինչպէս որ  ձեզմէ աւելի ուժեղները պէտք ունին ձեր յարգանքնին, այնպէս ալ տկարները եւ ձեզմէ թոյլերը պէտք ունին յարգանքի: Յարգանքի առաքինութիւնը ձեր յաջողութեան բանալին է»:

Օրուան պատգամը տուաւ Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձու, 1973-ի շրջանաւարտ եւ «Քալիֆորնիա սթէյթ» համալսարանի հայկական ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքի տնօրէն փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեանը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կեանքը երբեք չի կրնար թշուառ ըլլալ, եթէ կարգապահ ըլլաք, որպէսզի տեսնէք այն պայծառ կողմը եւ այն առաւելութիւններն ու բարիքները, որոնք դուք ունիք: Յոյսը ամէնուրեք է, եւ դուք պէտք է ձեր աչքերը վեր բարձրացնէք եւ ձեր շուրջը նայիք:

Ապա խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` բանախօսը ըսաւ, «Դուք կը մտածէք այս պահուն քննադատաբար, թէ ո՛վ էք դուք: Բայց ի՞նչ է քննադատական մտածողութիւնը: Դուք անընդհատ կը յիշէք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կիրարկել հասկացողութիւնները, տեսութիւնները, իրավիճակները բացատրել, գտնել պատասխաններ կամ հասնիլ ճշմարտութեան: Այսուհետեւ, մոռցէք, ինչ որ ըսուած է ձեզի: Փոխարէնը` օգտագործեցէք ձեր միտքը, յայտնի եւ անյայտ ուղղութեամբ, որպէսզի անակնկալ անկիւններէ անիկա  վերադառնայ ձեզի, եւ դուք ազատիք հին գաղափարներէ ու հին կառոյցներէ:

«Եթէ շարք մը կէտեր ստացած էք միայն կրթական աստիճան ստանալու համար, ապա շատ բան չէք սորված: Բայց ինչ որ սորված էք, եթէ կը գործածէք որպէս պահուած սերմեր, որոնցմով կը կերակրէք անօթիները, կ՛օգնէք նուազ բախտաւորներուն, յոյս կու տաք  եւ կը բարձրացնէք ժողովուրդներու ինքնագնահատականը, ապա դուք ճշմարիտ կրթութիւն ստացած էք»:

Աւարտին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, տեսուչներ` դոկտ. Ֆատի Ասրաուի եւ դոկտ. Արտա Էքմեքճի վկայականներ յանձնեցին շրջանաւարտներուն եւ յուշանուէրներ` գերազանց ուսանողներուն:

Շրջանաւարտներուն անունով խօսք առաւ ուսանող Սուզանա Սաատէտտին: Ան ըսաւ, որ այս համալսարանին մէջ սորվեցանք` սէր, համագործակցութիւն, հարազատութիւն, կարգապահութիւն, անկեղծութիւն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ պարտականութիւններու կատարեալ կատարում: Որքան ալ զարգանանք ու յառաջ երթանք, միշտ պիտի յիշենք անոնք, որոնք պատճառ եղան մեր յաջողութեան եւ մեր ձեռքէն բռնեցին յարատեւելու համար: Անոնց ներկայութիւնը քաջալերեց մեր բոլորը: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսական կազմին, տեսուչներուն եւ ծնողներուն, որոնք ջանք չխնայեցին իրենց յաջողութեան համար:

Ապա խօսք առաւ ուսանող Յակոբ Գարամեանը, որ խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Եկէք`  համարձակօրէն սկսինք ճանապարհորդութիւններու, ուր կը ձգտինք յաջողութիւններու եւ դրական փոփոխութիւններու: Կասկած չկայ, որ ապագան շատ մեծ անորոշութիւններ ունի, եւ ճանապարհը լեցուն է խոչընդոտներով: Բայց Հայկազեանի մէջ դժուարութիւններ չկայի՞ն: Մենք պէտք է լաւ անուն ձգենք, ճշմարտութեամբ, ազատութեամբ եւ ծառայութեամբ նուաճենք նոր բարձունքներ եւ բարձրացնենք ուրիշները մեզի հետ»:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:

Հայկազեան համալսարանի առեւտրական վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստից վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.

Լորեն Աբրահամեան, Նովա Անթոսեան, Վալանթինա Պապուքճեան, Իզապել Պաղիքեան, Կրէյս Պաճանեան, Գրիգոր Պարախեան, Հրակ Յարութ Պարտիզպանեան, Երազ Պասմաճեան, Բալիկ Պերեճիքլեան, Սարին Պոյաճեան, Փաթիլ Պոյամեան, Գարինէ Տիլապազեան, Անի Համալեան, Մեղրի Ճարքեան, Ալին Քէօթեքլեան, Նարեկ Մկրեան, Լէա Ներսէսեան, Նանոր Փափազեան, Նազար Փոլատեան, Մարիամ Դանիէլեան, Անդրանիկ Թեքելեան, Սերժ Թովմաս Թովմասեան, Ռիթա Սթեֆանի Թովմասեան, Նայիրի Եագուպեան, Արման Սարգիս:

Հայկազեան համալսարանի առեւտրական վարչագիտութեան մագիստրոսի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Նազօ Չոփուրեան, Յովհաննէս Չամչեան

Հայկազեան համալսարանի ընկերային գիտութեանց բաժանմունքի պսակաւոր արուեստից վկայականից արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Շանթ Աքուշեան, Գէորգ Պոնթիկեան, Նարեկ Հաննայեան, Նայիրի Քահքեճեան, Նորա Գալանտճեան, Րաֆֆի Քէլէշեան, Անուշ Գարմանտայեան, Նաթալի Մարկոսեան, Ճեսիքա Սարգիսեան, Փաթիլ Թելվիսեան

Հայկազեան համալսարանի մարդկային գիտութեանց պսակաւոր արուեստից վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Արամ Քահքեճեան Յակոբ Ժաք Քարամեան, Քրիստին Մարաշլեան

Հայկազեան համալսարանի գիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստից վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Անահիտ Պալթայեան, Ժոաննա Տէր Պետրոսեան, Արտա Քերպապեան, Աննա Մարիա Մարգարեան, Մարինա Սարեան, Յակոբ Թազեան, Կալին Վեհան Չամիչեան, Շողեր Թորոսեան:

Հայկազեան համալսարանի ընկերային գիտութեանց բաժանմունքի մագիստրոսի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները` Ռաքէլ Քեչեճեան, Նարինէ Գիրգորեան:

Նախորդը

Մեսրոպեանի Աշակերտութիւնը Նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

Յաջորդը

Երգիչ Գէորգ Հաճեանը Նոր Ոգիով Եւ Նոր Գործիքաւորումով Ներկայացուցած Է Ռազմահայրենասիրական Սիրուած Երգեր

RelatedPosts

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In