Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Հայ Մշակոյթի Օր` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-րդ Եւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 90-րդ Տարեդարձին

Մայիս 15, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 30 ապրիլ 2018-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտները տօնական բարձր տրամադրութեամբ նշեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-րդ եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-րդ տարեդարձները: Զոյգ նշումները կատարուեցան երգի, պարի, թատրոնի, դասախօսութիւններու, աշխատանոցներու եւ զարգացման մրցումներու ընդմէջէն:

Մանկամսուրի փոքրիկները ունէին իրենց յատուկ յայտագիրը. անոնք ծանօթացան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակին եւ տողանցեցին հայկական տարազներով, ապա ձեռային աշխատանք կատարեցին: Փոքրիկներուն յայտագիրը աւարտեցաւ հայկական պարերով:

Կասիա Պարսումեան, Սիւզան Քեչեք, Գրիգոր Արբաճեան, Գարմեն Աճեմեան զրոյց-դասախօսութիւններու ընդմէջէն մանկապարտէզի փոքրիկներուն ներկայացուցին հայ նշանաւոր դէմքեր` Շարլ Ազնաւուրը, Արամ Խաչատուրեանը, Այվազովսկին եւ Սայաթ Նովան: Փոքրիկները ծանօթացան նաեւ հայկական գործիքներուն եւ երաժշտութեան, երգեցին ու պարեցին, ձեռային աշխատանքներ կատարեցին եւ կրկնեփուկ պատրաստեցին:

Տարրական բաժինի աշակերտներուն յայտագիրը նուիրուած էր Սարդարապատի յաղթանակին: Ճեմարանի շրջանաւարտ Նարօտ Քեչեպաշեանը երեք մասերով աշակերտներուն ներկայացուց Հայաստանի իրավիճակը 1918 թուականին, պատերազմի պատրաստութիւնները եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը: Մինչ այդ աշակերտները հայրենասիրական երգերով ու արտասանութիւններով ելոյթ ունեցան: Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ պարի ուսուցում` հայրենի պարուսոյցներ Ժաքլին եւ Կարէն Մակինեաններու կողմէ:

Նախակրթարանի աշակերտները Հայ մշակոյթի օրուան առաջին փուլին մասնակցեցան զարգացման մրցումի մը, որ կ՛ընդգրկէր հարցումներ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ ՀՄԸՄ-ին վերաբերող: Երկրորդ փուլին նկարչութեան ուսուցիչ Գրիգոր Արբաճեանը Դ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց «Նկարչութիւնը իբրեւ մշակոյթ» նիւթը, ապա աշակերտները զարդանախշեր պատրաստեցին: Ձեռային աշխատանքի ուսուցչուհի Էլօ Մելքոնեանը Ե. եւ Զ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց «Կաւագործութիւնը իբրեւ մշակոյթ» նիւթը, ապա աշակերտները պատրաստեցին կաւէ կախազարդեր եւ բանալեկալներ` նուռի կամ յաւերժութեան նշանի տեսքով:

Միջնակարգի աշակերտներուն ծրագիրը կը բաղկանար հետեւեալ դասախօսութիւններէն եւ վարժանքներէն.

– Լիբանանի պետական եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարաններու դասախօս Յակոբ Տէր Ղուկասեանը խօսեցաւ թատրոնի մասին, ապա տեղի ունեցան անմիջական պատկերներու բեմականացումներ:

– Ճարտարապետ, հնագէտ եւ երկրաչափ Րաֆֆի Չերչեանը խօսեցաւ հայկական ճարտարապետութեան մասին, մանաւանդ` հայ եկեղեցւոյ մասին, եւ աշակերտները կազմեցին Սաղմոսավանքի ընդհանուր պատկերը:

– Գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Րաֆֆի Ետալեանը խօսեցաւ հայկական քանդակագործութեան մասին, ապա աշակերտները կատարեցին կաւով աշխատանք:

– Դոկտ. Մովսէս Հերկելեանը խօսեցաւ ծովանկարչութեան մասին` շեշտելով Այվազովսկիի գործերուն հայկականութեան դրոշմը: Օրը աւարտեցաւ հայկական ճաշասեղանով:

Շնորհակալութիւն` երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտներուն, որոնք օգնեցին մանկապարտէզի թէ այլ բաժիններու մէջ կատարուող զանազան աշխատանքներուն:

Վարձքը կատար` ճեմարանի Ծնողական խորհուրդին, որ ստանձնած էր մշակոյթի օրուան նախաճաշի ու ճաշի պատրաստութիւնն ու մատակարարումը:

 

Նախորդը

Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

10 Տարի` Յստակ Առաքելութեամբ Ու Արդիւնաւէտ Աշխատանքով

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?