Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ

June 5, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի տիկնանց յանձնախումբին, հինգշաբթի, 3 մայիս 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «Թռչնոց բոյն»-ի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու նուիրուած յատուկ տօնակատարութիւն, որուն ներկայ էին առաւել քան երկու հարիւր կիներ, ինչպէս նաեւ` Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեանը, Սեդա Խտըշեանը եւ օրուան նախագահը` Տալիտա Ճղալեանը:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ քահանայ հօր սեղաններու օրհնութեամբ, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեանը, որ բարձրօրէն գնահատեց տիկնանց յանձնախումբին ու խնամակալութեան նուիրեալ ծառայութիւնը: Ապա յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու մասնաւորաբար «Թռչնոց բոյն»-ի մարդասիրական այս հաստատութենէն ներս Սեդա Խտըշեանին ունեցած գործունէութիւնը, որ երկար տարիներու ծառայութենէ ետք, Հայրապետական տնօրինումով ասկէ ետք պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը բերել Կեդրոնական վարչութենէն ներս: Եւ առ ի երախտագիտութիւն` հաստատութեան անունով տնօրէնը յիշատակի նուէր մը յանձնեց անոր: Ապա յաջորդաբար խօսք առին Սեդա Խտըշեանը եւ Սարիթա Թոմպուլեանը, որոնք իրենց կարգին կարեւորութեամբ անդրադարձան «Թռչնոց բոյն»-ի նուիրական առաքելութեան:

Այնուհետեւ, ասմունքով ու նուագով հանդէս եկան Գոհար Ունճեանը, Մարալ Վարդապետեանն ու Սալբի Քէշկէրեանը: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Թռչնոց բոյն»-ի մանկապարտէզի աշակերտները: Ապա Շաքէ Պաղտասարեան հայրենասիրական ու ազգային երգերով քաղցրացուց մթնոլորտը:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ քահանայ հօր սրտի խօսքով:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Յունիս 1968)

Յաջորդը

Մեսրոպեանի Աշակերտութիւնը Նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.