56 Ծաղիկներ Աւարտեցին Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզը
Ազգային Միացեալ վարժարանի մանկապարտէզի 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երկու հանգրուաններով: Ուրբաթ, 8 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ բեմ բարձրացան մանկամսուրի եւ Բողբոջ դասարաններու փոքրիկները: Ծիածանի վառ գոյներով զարդարուած բեմէն «Ահա եւ մենք» խորագիրին տակ անոնք ներկայացուցին մանկապարտէզի առօրեան` երգերու եւ պարերու ընդմէջէն, ուրախ ժպիտներով, երբեմն ալ արցունքոտ աչքերով: Անոնք միասնաբար հանդէս...




















