Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեանի Աշակերտութիւնը Նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

June 5, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 29 մայիս 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման տօնը` յարգանքի տուրք մատուցելով անկախութեան համար նահատակուած հերոսներուն եւ վերահաստատելով հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն նուիրումը` Հայաստանին:

Հայաստանի օրհներգով բացուած հանդիսութեան աշակերտներու կողմէ խօսք առաւ 11-րդ դասարանի աշակերտ Աւօ Ապագլեանը: Ան դիտել տուաւ, որ այս տարուան մայիս 28-ը կը կրէ տարբեր բնոյթ,  որովհետեւ 2018-ը 100-ամեակն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, որ` «Հայ ժողովուրդը կը հանէր վեց հարիւր տարուան ստրկութենէն, կը վերականգնէր անոր արժանապատուութիւնը, զայն կը դարձնէր ինքնիշխան եւ կ՛ապահովէր անոր գոյատեւումը հայրենի հողին վրայ»: «Հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներէն կ՛ակնկալուի ըլլալ միակամ եւ հայրենասիրութեամբ ու նուիրումով քալել մեր հերոսներու եւ նահատակներու բացած անշեղ ուղիէն` հասնելու մեր գերագոյն նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին», եզրափակեց Մեսրոպեանի աշակերտը:

Գեղարուեստական բաժինով Մեսրոպեանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը կատարեց «Հայե՛ր, միացէ՛ք» երգը, Սինթիա Նազլիքեանը ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Ես զաւակն եմ Հայաստանի» քերթուածը, իսկ Ալեքս Լեւոնեանը կիթառի վրայ նուագեց «Անդրանիկ» կտորը:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը, որ ըսաւ, թէ 1918-1920` Հայաստանի անկախութիւնը թէեւ կարճատեւ կեանք ունեցաւ, սակայն հիմք հանդիսացաւ մեր այժմու հանրապետութեան եւ Արցախի ազատագրութեան, որոնք կռուաններ կը հանդիսանան հայ ժողովուրդի անկատար մնացած տենչերու իրականացումին: Տնօրէնը կոչ ուղղեց աշակերտներուն` իրենք զիրենք ճանչնալ Սարդարապատով եւ այդ ոգիով միշտ պատրաստ ըլլալ ծառայելու հայրենիքին` նպաստելու համար անոր վերելքին եւ հզօրացումին:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Մեսրոպեանի երգչախումբին հնչեցուցած «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նախորդը

Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանը Տուաւ Շրջանաւարտներու Նոր Հունձք Մը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.