Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ականներու Այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Յունիս 1, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած էր այցելութիւն մը` Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:

15 մայիս 2018-ին ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ ուղղուեցան Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցը` ոգեկոչելու ապրիլեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը:

Այցելուները Ժիպէյլի «Հայ կեդրոն»-ի սրահին մէջ հաւաքուեցան, ուր բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազնիւ Միքայէլեանը` ըսելով. «Դաստիարակչական յանձնախումբին նպատակն է ծանօթացնել մեր արժէքները եւ մշակոյթը: Այսօր հոս հաւաքուած ենք ոգեկոչելու հայոց Մեծ եղեռնի նահատակներուն յիշատակը»: Ապա շարունակեց` ըսելով. «Օսմանեան կայսրութեան կանխամտածուած, ծրագրուած եւ ի գործ դրուած հայաջինջ քաղաքականութեան յաջորդեցին հետեւողական ջարդեր` օսմանեան Թուրքիոյ հայաջինջ քաղաքականութեան պատճառով: Հայ ժողովուրդի գլխատման պետական ոճրագործութիւն էր կատարուածը, սակայն շատ մը հայեր կրցան ստոյգ մահէ փրկուիլ եւ մնալ հայ` շնորհիւ միսիոնար անձնուէր կիներու. այդ անձնուրաց կիներէն էր դանիացի միսիոնարուհի Մարիա Ճէյքըպսընը, որ իր կեանքը նուիրեց հայերը փրկելու սուրբ գործին»:

«1928 թուականին կը բացուի «Թռչնոց բոյն» որբանոցը, ուր կը հաւաքուին Եղեռնէն ազատած փոքրիկ որբեր, ուր կ՛աշխատէր Մարիա Ճէյքըպսընը կամ «Մամա Ճէյքըպսընը»: Այսուհանդերձ, թուրքին երազը չիրականացաւ, որովհետեւ անհնար է հայը լռեցնել, մենք տակաւին կը շարունակենք գոյատեւել ու բարգաւաճիլ:

Ապա ան հրաւիրեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, որ իր սրտի խօսքը ըսէ: Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան խօսք առնելով` ըսաւ. «Մեզի առիթներ կը ստեղծուին, որ յիշենք մեր նահատակները, հայ ժողովուրդը իմաստուն ժողովուրդ է, թուրքը չհանդուրժեց, ուստի փորձեց լռեցնել մեր մարմինները. մենք ունէինք խաչ, մշակոյթ, ասոնք եղան մեր զէնքերը, ասոնք Գողգոթայէն մեզի յարութեան ճանապարհ տարին»: Ան շարունակեց` ըսելով. «Այսօր եկած ենք տէրը դառնալու նահատակներու արիւնին»: Ապա խօսքը ուղղելով ԼՕԽ-ականներուն` ըսաւ. «ԼՕԽ-ի սրբազան առաքելութեան մէջ նուիրեալ ծառաներ կ՛աշխատին, ես կը հաւատամ, որ հայ կինն է, որ վառ կը պահէ սերունդներու մէջ հայապահպանման առողջ գիտակցութիւնը»:

Հիւրասիրութենէ ետք ընկերուհիները ուղղուեցան «Թռչնոց բոյն», ուր դաստիարակչական յանձնախումբի ընկերուհիներ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին որբերուն եւ Մարիա Ճէյքըպսընի դամբարանին վրայ` որպէս երախտագիտութիւն անոր կատարած գործին: Ապա Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը եւ իրեն ընկերակցող երկու քահանաները «Սրբոց նահատակաց» աղօթքներ երգեցին:

Որմէ ետք ընկերուհիներ խումբ առ խումբ մտան թանգարան, ուր թանգարանի պատասխանատու Գրիգոր Ալիոզեանը սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ ներկաներուն: Ան բացատրեց, որ թանգարանին առաջին մասը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին կեանքը Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Իսկ երկրորդ սենեակը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած որբերու նկարներուն եւ յիշատակներուն: Թանգարանին  վերջին սենեակը կը ներկայացնէ վերապրողներուն նոր կեանքը, ուր կան նաեւ Մարիա Ճէյքըպսընին գիրքերը, իրերը եւ դաշնակը: Թանգարանին պատասխանատուն վերջաւորութեան ցոյց տուաւ առաստաղէն կախուած կոտրուած հսկայ զանգ մը, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդին հնչեղ ձայնը, որուն լեզուակը հանած են լռեցնելու համար հայը…

Ուխտագնացներուն մէջ կար մէկը` Արփինէ Յովսէփեան-Պաղտասարեան անունով, որ այս որբանոցի սաներէն եղած է: 1947 փետրուարին կու գայ «Թռչնոց բոյն» եւ կը մնայ 11 տարի. ան կ՛ըսէ. «Սկիզբը չոր խոտի վրայ կը պառկէինք, սակայն օրէ օր կացութիւնը բարելաւուեցաւ, եւ ունեցանք անկողին: Եւ 1955-ին Ժիպէյլի քաղաքապետը` Ռեմոն Էտտէ կ՛այցելէ որբանոց, այս առիթով մենք ալ սորվեցանք արաբերէն երգ, որ երգենք իր ներկայութեան»:

Ընկերուհիները պտտելէ ետք թանգարանին բոլոր բաժինները, վերադարձան իրենց տուները` որոշելով կրկին գալ թանգարան, անգամ մը եւս հաղորդուելու համար նահատակներու որբերուն կեանքին եւ մտածումներուն հետ:

Ա. Գ. Մ.

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Յունիս 1968)

Յաջորդը

Ծնողներու Նուիրուած Իւրայատուկ Ձեռնարկներ Մեսրոպեանի Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?