Հայ Գիտութեան Պատասխանը Թրքական Քարոզչութեան. Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ Կայացած Է «Համշէնը» Հայկական Ձեռագրերում» Մենագրութեան Շնորհահանդէսը
Երեւանի պետական համալսարանի Չարենցի անուան դահլիճին մէջ մարտ 18-ին կայացած է ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժնի ղեկավար, ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժնի թրքագիտութեան ամպիոնի ղեկավար, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Լուսինէ Սահակեանի «Համշէնը հայկական ձեռագրերում» մենագրութեան շնորհահանդէսը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ԵՊՀ մամուլի ծառայութենէն: Ձեռնարկը սկսած է Համշէնի բնաշխարհի վերաբերեալ տեսանիւթով, որ կը պատմէր նաեւ Համշէնի պատմամշակութային վայրերու մասին: Ողջոյնի խօսքով հանդէս...




















