Զաւարեանական

Բարի՛ վերամուտ

Արագ Հոսանքին

ՄԱՆՈՒԷԼԼԱ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Բազմաթիւ դիւրութիւններ, արագ տեղեկութիւններ, արագ հաղորդակցութիւններ, արագ ծառայութիւններ, արագ-արագ… սակայն, ճիշդ ո՞ր արագութեամբ է, որ միեւնոյն ժամանակ կը փճանայ մեր արժէքներու աշխարհը, եւ որքանո՞վ պատասխանատու ենք մենք այդ հոսանքին ենթարկուելու, ուղղակի կամ անուղղակի, ակամայ կամ կամովին, խորքին չվնասող կամ վնասով լի իրականութիւններուն… Հարցումներ, որոնց անպայմանօրէն պատասխաններ չունինք առաջին իսկ անդրադարձէն, սակայն անկասկած անոնք հրաւէրներ են, շարժառիթներ, որոնք մեզ...

Բարի՛ վերամուտ

Արեւածագ

Մ. Խ. Պէտք է հայ ազգը գիտակցի, թէ չի նմանիր ուրիշ ազգերու, չի կրնար ուրիշ ազգերու պէս հանգիստ եւ անհոգ կեանք ապրիլ, որովհետեւ ան դատ ունեցող ժողովուրդ է: Ժողովուրդ մը, որ կþապրի հեռու իր հողերէն, ժողովուրդ մը, որ ջարդուած եւ տեղահանուած է, ինչպէ՞ս լռէ, ինչպէ՞ս հանգիստ խղճով քնանայ. մեր ստեղծած ներքին վրէժի կրակը պէտք է նեղացնէ մեզ եւ ուղղէ դէպի...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

«Դաշնակցական Ուսանողութիւնը Խորքին Մէջ Դաշնակցական Կազմակերպական Եւ Գաղափարական Ոլորտի Տարրալուծարանը Պէտք Է Ըլլայ», Կ՛ըսէ Տիգրան Ճինպաշեան

21-րդ դարու բերած փոփոխութիւններով եւ արդի ժամանակներուն մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ ՀՅԴ-ի գաղափարաբանական հիմքերը որքանո՞վ կարելի է պահպանել, ինչպէ՞ս հնարաւոր է քայլ պահել նոր պայմաններուն եւ իրավիճակներուն հետ, իսկ ի՞նչ դեր եւ պարտականութիւն վերապահուած է երիտասարդութեան: Այս եւ առնչակից այլ հարցումներու պատասխաններ գտնելու նպատակով ԶՈՄ հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Տիգրան Ճինպաշեանին հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- ՀՅԴ գաղափարաբանական հիմքերը կարելի՞ է...

Բարի՛ վերամուտ

Սո՞ւգ, Թէ՞ Պայքար

ԱՒԵՏԻՍ Ապրիլ ամիսը հասնելէ, եւ բոլոր «ազգասէրներու» նոյն քարոզները լսելէ առաջ, մտածեցի սկիզբէն գրել ձեզի իմ մտածումներուս մասին: 1915-ին Ցեղասպանութեան ենթարկուեցանք, այո՛, բայց նաեւ կարգ մը շրջաններու, ինչպէս` Վանի, Շապին Գարահիսարի, Մուսա Լերան եւ այլ շրջաններու մէջ հերոսամարտեր տեղի ունեցան: Ապրիլ ամսուան ընթացքին կը յիշենք Թուրքիոյ գործած ոճիրը, բարբարոսութիւնը եւ արիւնարբու արարքները, սակայն յաճախ կը մոռնանք այս հերոսամարտերուն ընթացքին մեր...

Բարի՛ վերամուտ

Ինչո՞ւ Հայ Երիտասարդը Անտարբեր Դարձած Է Ազգային Կեանքին Հանդէպ

ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ Ինչո՞ւ հայ երիտասարդը անտարբեր է գաղութի, ազգի հարցերուն եւ միութենական կեանքի հանդէպ: Իրողութիւն է, որ հայ երիտասարդին կեանքը այսօր աւելի դժուար դարձած է` նախորդ սերունդներուն հետ բաղդատած: Երիտասարդին համար անյաղթահարելի կը թուին կեանքին դժուարութիւնները: Ան կը ստիպուի մրցակցական ըլլալ համալսարանին մէջ: Դասերէն ետք պիտի աշխատի, որպէսզի կարողանայ իր կրթաթոշակը վճարել, եւ այն ազատ ժամանակը, որ ունի, պիտի չուզէ...

Մեր Խօսքը.  Յեղաշրջման Ուղիով

«Ուսանողութիւնը Պէտք Է Առաջատար Դառնայ Մեր Գաղափարական Շարժումին Մէջ» Կ՛ըսէ Շահան Գանտահարեան

Երիտասարդութիւնը եւ յատկապէս ուսանողութիւնը միշտ ալ մեծ դեր ունեցած են ազգային կեանքին պատկանող տարբեր կառոյցներու աշխատանքին, ազգային եւ համազգային նուաճումներուն իր ապրած երկրի զարգացման ու բարգաւաճման գործընթացներուն մէջ: Ուսանողութիւնը տարբեր միջոցներով յաջողած է եւ կը յաջողի իր խօսքը, գաղափարները, նորարարական միտքերը լսելի դարձնել հասարակութեան բոլոր խաւերուն: Այս գաղափարներուն շուրջ ԶՈՄ-ը «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեանին հետ ունեցաւ...

Մեր Խօսքը.  Յեղաշրջման Ուղիով

Յուշեր Մարտունիէն

ՍԵԼԻՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Գրութիւնս կ՛ուզեմ սկսիլ ապրիլեան պատերազմի մասնակից զինուորի մը յուզիչ բանաստեղծութեան մէջբերումով, որ նուիրուած է զոհուած և կենդանի հերոս ընկերներուն. «Նորից կռիւ էր մեր Ղարաբաղում, նորից թուրքը մեզ  հանգիստ չէր թողնում  գիշերով  թաքուն  դիրք էր գրաւել, մեր առիւծներին մորթել,  գլխատել... »: Արցախը նորէն բռնկած է... 2016  թուական... Ապրիլեան պատերազմ... Անգամ մը եւս Արցախը թիրախ կը դառնայ ազերիի խոշտանգումներուն: Ազերիական...

Մեր Խօսքը.  Յեղաշրջման Ուղիով

Ինչպէ՞ս Կազմակերպութիւններ Կը Ձախողին

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ «... Որքան չերգուած երգեր կան փակ վանդակներում, Որքան երգեր, որոնք երբեք չեն լսուելու...» Միութիւն կը կոչուի այն խումբը, որ կը բաղկանայ մարդոցմէ, որոնք ունին նոյնանման նպատակներ եւ միասնաբար կ՛աշխատին այդ նպատակներու իրագործման ի խնդիր: Մարդիկ կազմած են միութիւններ, որովհետեւ աւելի դիւրին է խումբով աշխատիլ նպատակի մը համար, քան` անհատաբար, եւ արդէն այդպէս ալ կ՛ըսեն` «Միութիւնը զօրութիւն է», ինչ...

Մեր Խօսքը.  Յեղաշրջման Ուղիով

Կովկասի Մայրը

ԱԼԵՔ ԷԼՊԷՔԵԱՆ Այս յօդուածը կը նպատակադրէ ընթերցողին ծանօթացնել Հայաստանի մէջ գործող, Երեւանէն 36 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Մեծամօր քաղաքի հիւլէական  ելեկտրակայանին: Մեծամօրի հիւլէական ելեկտրակայանը` իբրեւ կառոյց, իւրայատուկ է Կովկասի մէջ` նկատի ունենալով, որ անոր երկու հնոցները (reactors) VVER-440 (Water-water energetic reactors) տեսակի են: Հարկ է նշել, թէ անոնցմէ միայն մէկն է, որ կ՛աշխատի այսօրուան դրութեամբ եւ կ՛ապահովէ Հայաստանի ելեկտրականութեան 40...

Կարդալով Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի Սէր» Յուշագրական Սիրավէպը

«Ուսանողութեան Պէտք Է Տրուի Յատուկ Ուշադրութիւն Եւ Վստահութիւն, Որպէսզի Մեր Միութիւններուն, Թատերախումբերուն, Երգչախումբերուն Եւ Պարախումբերուն Կազմակերպական Ղեկավարումին Մէջ Իր Երիտասարդական Նոր Խօսքը Եւ Գործը Կիրարկէ» Ըսաւ Զաքար Քէշիշեան

«Զաւարեանական էջ»-ով լոյս տեսած Կոմիտաս վարդապետին անդրադարձող յօդուածներէն մեկնելով եւ քաջ գիտակցելով հայապահպանման ու ազգային նկարագիրի կազմաւորման մէջ մշակոյթին խաղացած դերին ու կարեւորութեան եւ, վերջապէս, հաւատալով այն սկզբունքին, որ մշակոյթը  ազգային խմորումի պատրաստութեան կարեւորագոյն երաշխիքներէն է, ԶՈՄ-ը որոշեց հարցազրոյց մը ունենալ Զաքար Քէշիշեանին հետ` բիւրեղացնելու համար հայապահպանման եւ ազգապահպանման աշխատանքին մէջ մշակոյթի խաղացած դերին շուրջ երիտասարդութեան մէջ տեղ գտած հարցականները:...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Կոմիտասին

 Հ. ԱԴԱՄԵԱՆ Ո՞վ էր Կոմիտաս եւ ո՞վ կրնայ ըլլալ անոր յաջորդը... Ընդհանրապէս, երբ որեւէ բանի մասին մտածենք, մեր միտքերուն մէջ կը պատկերացնենք այն բանը, որուն մասին մտածեցինք: Այս մասին քննարկած են բազմաթիւ փիլիսոփաներ, որոնցմէ են Արիստոտէլն ու Պղատոնը: Հոգեբաններ կը բացատրեն, որ մտածելու եւ մտային պատկերացումի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը անհրաժեշտ է ընկալելու համար որեւէ միտք: Փիլիսոփայութիւններ պիտի չընեմ, այլ...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Կոմիտասի 150-Ամեակ

ՆԺԴԵՀ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ 2019 թուականը հայ ժողովուրդին համար յատկանշական եղաւ, որովհետեւ Կոմիտաս վարդապետին ծննդեան 150-ամեակը ամբողջացաւ: Ամբողջ տարուան ընթացքին լիբանանահայ զանազան միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ աշխատեցան տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպել` ի յիշատակ Կոմիտաս վարդապետին: Այս ձեռնարկներուն շարքին էր Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին տուած համերգը, որ տեղի ունեցաւ յունիս ամսուն վերջաւորութեան: Կ՛արժէ յիշել, որ  Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը շարունակութիւնն է նոյնինքն Կոմիտասի կազմած «Գուսան» երգչախումբին, որ...

Բարի՛ վերամուտ

Պարզ Կեանքը

ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այսօրուան աշխարհը լեցուն է փորձութիւններով, որոնք ունին իրենց ե՛ւ ժխտական, ե՛ւ երբեմն դրական ազդեցութիւնը: Անցեալին ծանօթ չեմ, բայց լսած եմ, թէ ինչպէ՛ս նախապէս կեանքը աւելի պարզ ու անմեղ էր: Ինչպէս կ՛ըսեն` «Simpler Times». Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «պարզ կեանք»: Ինչպէ՞ս պատերազմի օրերուն, նուազագոյն ապահովութեան բացակայութեամբ, համացանցի ու ելեկտրոնային գործիքներու չգոյութեամբ, կեանքը կ՛ընթանար աւելի պարզ եւ դիւրին: Արդեօք յառաջդիմութիւնը...

Բարի՛ վերամուտ

Ակա՜նջդ Խօսի Ընկեր Փանջունի

Հ. ԱԴԱՄԵԱՆ Այս տարի նշանաւոր երգիծաբան, վիպասան, թատերագիր եւ հրապարակագիր Երուանդ Օտեանի ծննդեան 150-ամեակն է: Երուանդ Օտեան իր երգիծական տարբեր ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն ներկայացուցած է ներգաղութային եւ ընդհանրապէս քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական խնդիրներ, որոնք մինչեւ օրս կը մնան այժմէական: Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի» եռահատոր շարքը հաճելի եւ դիւրըմբռնելի կերպով ծաղրանքի առարկայ կը դարձնէ «հայ ընկերվարական յեղափոխական»-ի կերպարը: Ան կը խօսի այնպիսի...

Տեղեկատու

Տեղեկատու

Ուրբաթ, 3 մայիս 2019-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը ընդունեց ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութիւնը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպման ընթացքին օրակարգի հիմնական կէտեր հանդիսացան Հայաստանի եւ Արցախի ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնները, ինչպէս նաեւ` հայ ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան դէմ յանդիման գտնուող մարտահրաւէրները: Յ. Տէր Խաչատուրեան գնահատեց ԶՈՄ-ի աշխուժութիւնը եւ կոչ ուղղեց անոր` շարունակելու քննական մտքի զարգացման աշխատանքը` ընդգծելով անոր կարեւորութիւնը:...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Յեղաշրջման Ուղիով

Թշուառութեան չափը, որ անցնի, աղէկ նշան է` կ’ըսեն: Եւ այդպէս ալ եղաւ: Թշուառութիւնը յորդեցուց հայրենի ժողովուրդին համբերութիւնը եւ զայն ուղղեց «աքթիվիզմ»-ի դաշտ` յաղթահարելու համար վաղուց գերիշխող սթաթիւս քոն: Ողջունելի է հայրենի ժողովուրդին եռանդը, ողջունելի է երկրին հանդէպ յոյսի վերահաստատումը, ժպիտի վերադարձը, ողջունելի է մութ հեռանկարներու լուսաւորումը, եւ յատկապէս ողջունելի է այն յեղափոխութիւնը, որ հարթեց այս բոլորին ուղին: Միւս կողմէ պարզուած...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Ընկե՛ր… «Խելքի Աշեցէ՜ք»

Հ. ԱԴԱՄԵԱՆ Մարդկային պատմութեան տարբեր փուլերու ընթացքին, եթէ ուսումնասիրենք ղեկավարութեան իմաստը եւ ղեկավարի մը առանձնայատկութիւնները, ուղղակիօրէն տարբերութիւններ պիտի զգանք իւրաքաչիւր ժամանակաշրջանի մէջ` անոր իմաստը ըմբռնելու կամ զայն կիրարկելու ձեւին մէջ: Օրինակ` սկզբնական շրջանին, երբ մարդիկ տակաւին կ՛ապրէին ցեղախումբերով, անոնք կը հաւատային, որ իրենց ղեկավարը ընտրուած է գերբնական ուժի մը կողմէ եւ օժտուած է գերբնական կարողութիւններով: Ապա, երբ մարդիկ սկսան ընդունիլ...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Դիմադրականութեան Ուժը

ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Մեծ հայրս ծնած է 1912-ին: Թէեւ երբեք չեմ ճանչցած զինք, սակայն անոր եւ իր սերնդակիցներուն ապրած ժամանակաշրջանը միշտ ալ հմայած է զիս: Անոնք ապրած են այն տարիներուն, երբ կերտուած է պատմութիւն: Անոնք ճանչցած են Արամ Մանուկեանը, Լեւոն Շանթը, Սողոմոն Թեհլիրեանը. վկայ եղած են Հիթլերի, Լենինի եւ Ստալինի փառքի օրերուն, Խորհրդային Միութեան հիմնադրութեան, համաշխարհային երկու պատերազմներուն... Կը մտածեմ. մենք...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Տեսակի Կռիւը

ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ Պարզ է, որ ամէն մարդ նոյն ձեւով չի մտածեր, ո՛չ ալ նոյն ձեւով կը գործէ. նկարագիրները կը տարբերին, նաեւ` մտածելակերպերը, տրամադրութիւնը, ճիշդի ու սխալի ըմբռնումը, ընդունելիի եւ անընդունելիի տարբերութիւնը, սկզբունքը, անկեղծութիւնն ու անոր պակասը, եւ նոյնիսկ` ԵՍ-ի գործօնը: Հետեւաբար, որոշ զննումներէ ետք, կարելի է ընկերութեան մը մէջ եղող, ապրող ու գործողները դասակարգել տարբեր ենթաբաժանումներով: Առաջինը անոնք են, որոնք...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Մի՛ Խաբուիք, Արցախը Մերն Է

ՃՕ ՊԱՍԹԱՃԵԱՆ Երեսուն տարիներ անցած են արդէն Արցախի ազատագրական պայքարի սկզբնաւորումէն, եւ ահա այսօր ունինք գործնապէս անկախ պետութիւն մը, որ կը գործէ իր բոլոր քաղաքական, օրինական, եւ էական գործառոյթներով` ունենալով իր կողքին համայն հայութիւնը: Մեկնելով զինուորական եւ քաղաքական անկարելի վիճակէ մը, մարդկային եւ նիւթական շարք մը զոհողութիւններէ ետք հասանք, այսպէս կոչուած, երազի մը, որուն դժուար էր հաւատալ 1994-էն առաջ. վերահաստատել`...

Page 6 of 10 1 … 5 6 7 … 10

Արխիւներ