Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առիւծ Մհերին Օրինակով

September 1, 2016
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ

mher-1_90116Երբ ԶՈՄ-ի կեդրոնը մտնէք, պատէն կախուած կը տեսնէք ընկեր Մհեր Ջուլհաճեանի գրած նամակը` ԶՈՄ-ի օրուան վարչութեան: Անոր մէջ կը տեղեկացնէ, որ ինք պիտի մեկնի հայրենիք եւ կը խնդրէ փոխանցուիլ Հայաստանի Դաշնակցութեան կառոյց:

Հայաստան հասնելով` Արցախի հողը զինք կը կանչէ, ու ան կ՛անցնի հոն, ուր ո՛չ ծափ կար, ո՛չ ոսկի: Կը հասնի Մարտունի եւ իր կանաչ կեանքը մատաղ կու տայ հերոսածին Արցախին:

Դաշնակցութիւնը իր երիտասարդական եւ ուսանողական շարքերէն լաւագոյն տղաքը նուիրեց` յանուն հայ ազգի սրբազան Դատին ու երկարաշունչ պայքարին:

Ընկեր Մհերը դարձաւ «Դէպի Երկիր»-ի իսկական գաղափարապաշտը` իր մտածումներով, գործերով եւ ընտրած ուղիով: Առիւծ Մհերը եղաւ դաշնակցական զոհաբերութեան տիպարի խորհրդանիշը:

Մհեր Ջուլհաճեանի տիպարը դարձաւ դաստիարակող օրինակ ԼԵՄ-ական եւ ԶՈՄ-ական իրերայաջորդ սերունդներու: Այդ սերունդները Մհերէն ժառանգեցին շարք մը դաշնակցական արժէքներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը` զոհողութիւնը, գաղափարապաշտութիւնը եւ բարոյականութիւնը:

Գաղափարական երիտասարդութիւն ունենալ` կը նշանակէ ամուր երիտասարդութիւն ունենալ, եւ ուրեմն` ամուր ապագայ:

Հոսկէ մեկնած` Մհեր Ջուլհաճեան ունէր իր մտահոգութիւնները երիտասարդութեան վերաբերեալ: Ան կը գրէ. «Երիտասարդութիւնը դարձած է պատեհապաշտ` այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհը ըլլալով»: Այո՛,  կենսական է, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը ունենայ իր ուրոյն կեցուածքը եւ գաղափարը: Երիտասարդը պէտք չէ, կլանուած, ենթարկուի այս կամ այն առիթին եւ պէտք չէ դառնայ ուրիշներուն անձնական շահերուն զոհը: Երիտասարդութեան համար կարեւորագոյնը պէտք է ըլլան` հաւաքականութիւնը, ազգը եւ հայրենիքը:

Մհերի տիպարէն պէտք է ժառանգել բարոյականութիւն: Անբարոները, գողերը, անսկզբունքներն ու անողնայարները եւ ամօթը անամօթէն չզանազանողները տեղ չունին մեր մէջ:

Ընկեր Մհեր կը գրէ. «Անհատականութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին, իսկ շատ մը անհատականութիւններ, հակադրուելով ուրիշներու, կը ճզմուին եւ կը կորսուին»:

Առ այդ, անհատականութի՛ւն է պէտք, եւ ոչ թէ անկայուն եւ վախկոտ նկարագիր: Մհերին ունեցած անձնազոհութիւ՛նն է պէտք, եւ ոչ թէ` անձնական փառքի սիրոյն շահախնդրութիւն: Իսկ եթէ անհատականութիւններ կան, պէտք չէ դիւրաւ ճզմուին, որպէսզի շարունակեն պայքարը:

Մհերի նման վճռական պէտք է ըլլալ անարդարութեան, ստրկութեան եւ բռնատիրութեան դէմ պայքարին մէջ, ոչ թէ` պատրուակներ ստեղծել` արդարութեան ձայնը խեղդելու, ստրկութեան շուքը վերադարձնելու եւ մենատիրութեան հարուածները ամրացնելու:

Սորվինք ընկեր Մհերին պատգամէն:

«Խօսքը առանց գործի` մեռեալ է», կ՛ըսէ Սիմոն Զաւարեան: Խօսքի եւ գործի միջեւ մեծ տարբերութիւնը կը բարկացնէր նաեւ ընկ. Մհերը, այն աստիճան, որ կ՛ըսէ. «Մէկ կողմէ կ՛որդեգրուին սկզբունքներ, միւս կողմէ` կը գործադրուին այդ սկզբունքներուն հակադրուող քայլեր»: Եւ ճիշդ այդ պատճառով գործն է կարեւորը եւ ոչ թէ` խօսքը: Ուստի պէտք է ըլլալ Մհերի նման գործի նուիրեալներ:

Դաշնակցական երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը կը խոնարհին ազգի հերոսներուն եւ նահատակներուն մեծութեան ու վեհութեան դիմաց:

Մհերներու ճամբով մենք կը շարունակենք մեր պայքարը ամէն տեսակի թշնամիներուն դէմ: Մհերի նահատակութիւնը մեր վրայ պարտք կը դնէ շարունակելու իր գաղափարապաշտութիւնն ու պատգամը` ներկայ պայմաններուն համաձայն:

Փա՛ռք, ժողովուրդէն ծնած եւ ժողովուրդին համար գործող կուսակցութեան,
Փա՛ռք, արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին զոհուածներուն,
Փա՛ռք, Դէպի Երկրի գաղափարապաշտ ընկ. Մհեր Ջուլհաճեանին:

 

 

 

Նախորդը

Մհեր Ջուլհաճեան, «Դէպի Երկիր»-ի Գաղափարապաշտը

Յաջորդը

Մեր Խօսքը. Յեղաշրջման Ուղիով

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.