Միջազգային

Հրաժարականի Փաստաթուղթը Ստորագրած  Ըլլալուն Մասին Բացայայտելով`  «Ուքրանիոյ Տագնապը Համաշխարհային  Պատերազմ Է Եւ Մօտիկ Ապագային Պիտի Չաւարտի»  Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը

Հրաժարականի Փաստաթուղթը Ստորագրած Ըլլալուն Մասին Բացայայտելով` «Ուքրանիոյ Տագնապը Համաշխարհային Պատերազմ Է Եւ Մօտիկ Ապագային Պիտի Չաւարտի» Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը

«Ուքրանիոյ պատերազմը համաշխարհային պատերազմ է եւ մօտիկ ապագային պիտի չաւարտի», սպանական «Էյ.Պի.Սի.» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց Ֆրանչիսկոս պապը: «Այժմ Վոլոտիմիր Զելենսքին երրորդ անգամ իմ մօտս կ՛ուղարկէ իր կրօնական խորհրդականներէն մէկը: Կապի մէջ եմ, կ՛ընդունիմ, կ՛օգնեմ», ըսած է Հռոմի եպիսկոպոսապետը: «Ես չեմ տեսներ տագնապին աւարտը մօտիկ ապագային, որովհետեւ անիկա համաշխարհային պատերազմ է», ըսած է ան: «Պատերազմի մէջ արդէն քանի մը...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Որդեգրեց  Պաղեստինցի Ժողովուրդի` Իր Հարստութիւններուն  Վրայ Գերիշխանութիւնը Ճանչցող Որոշում Մը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Որդեգրեց Պաղեստինցի Ժողովուրդի` Իր Հարստութիւններուն Վրայ Գերիշխանութիւնը Ճանչցող Որոշում Մը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց պաղեստինցի ժողովուրդի` իր բնական հարստութիւններուն վրայ մնայուն գերիշխանութիւնը ճանչցող որոշում մը: Այս մասին հաղորդեց պաղեստինեան ՈՒԱՖԱ լրատու գործակալութիւնը: Որոշումին թեր քուէարկեցին 159 երկիրներ, ձեռնպահ քուէարկեցին 10 երկիրներ, իսկ դէմ` 8 երկիրներ` Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Չատը, Մարշալ կղզիները, Միքրոնեզիան, Փալուն եւ Նաուրուն: ՄԱԿ-ի մօտ Պաղեստինի մնայուն ներկայացուցիչ Ռիատ Մանսուր շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր երկիրներուն` «պաղեստինեան իրաւունքին գրեթէ...

«Իրան Պատրաստ Է Օգնելու` Լուծելու  Շրջանային Վէճերը Եւ Խաղաղութիւն  Հաստատելու»  Չաւուշօղլուին Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

«Իրան Պատրաստ Է Օգնելու` Լուծելու Շրջանային Վէճերը Եւ Խաղաղութիւն Հաստատելու» Չաւուշօղլուին Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հինգշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Երկու երկիրներու դիւանագիտութեան ղեկավարները քննարկած են փոխադարձ այցելութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները, միտքեր փոխանակած են շրջանային հոլովոյթներու շուրջ: Ապտոլլահեան վերահաստատած է Իրանի պատրաստակամութիւնը` օգնել լուծելու շրջանային վէճերը եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն...

«Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք Ազրպէյճանի  Հզօրացման Համար»  Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը

«Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք Ազրպէյճանի Հզօրացման Համար» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը

Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ճորճ Տիք յայտարարած է, որ Ազրպէյճանն ու Իսրայէլը ռազմավարական գործընկերներ են, ուստի իրենք ատոր լուրջ կը վերաբերին: «Մենք «ռազմավարական» բառը որեւէ երկրի առնչութեամբ պատահականօրէն չենք օգտագործեր: Այս առումով մեր գործընկերութիւնը խոր է եւ կ՛ընդգրկէ ոլորտներու լայն շրջանակ», ԱՓԱ-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Տիք: Ան նշած է, որ այդ ոլորտներէն մէկը անվտանգութիւնն է, եւ որ Իսրայէլի`...

Էրտողան. «Կ՛ուզեմ Ասատի Հետ Հանդիպիլ,  Եւ Փութին Այդ Առնչութեամբ  Դրական Ընկալում Ունի»

Էրտողան. «Կ՛ուզեմ Ասատի Հետ Հանդիպիլ, Եւ Փութին Այդ Առնչութեամբ Դրական Ընկալում Ունի»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքմենիստանէն իր վերադարձի ընթացքին օդանաւին մէջ իրենց ընկերակցող լրագրողներուն յայտնած է, որ «պէտք է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի թրքական-ռուսական-սուրիական միացեալ քայլ մը որդեգրել»` աւելցնելով. «Գաղտնի սպասարկութիւններու բանակցութիւններու շարունակումէն ետք կրնամ երկու երկիրներու նախագահներուն հետ հանդիպիլ»: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Էրտողան կ՛ըսէ, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հետ կ՛ուզէ հանդիպիլ, եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այդ...

Քրեմլին. «Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի,  Եթէ Ուքրանիան Գետնի Վրայ Գոյութիւն  Ունեցող Նոր Իրողութիւնները Չընդունի»

Քրեմլին. «Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի, Եթէ Ուքրանիան Գետնի Վրայ Գոյութիւն Ունեցող Նոր Իրողութիւնները Չընդունի»

«Խաղաղութիւն պիտի չհաստատուի, եթէ Ուքրանիան գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող նոր իրողութիւնները չընդունի», նշեց Քրեմլին` աւելցնելով. «Ուքրանիայէն մեր ուժերու հեռացումը ներկայիս բացառուած է»: Քրեմլին յայտնեց, որ Զափորոժիէի հիւլէական կայանին մէջ ծանր զէնքեր չկան: «Մենք կը գնահատենք Զափորոժիէ հիւլէական կայանին հարցով Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ գործակցութեան մակարդակը», նշեց Ռուսիոյ նախագահական պալատը: Նշենք, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստի...

«Առանց Միացեալ Նահանգներու Աջակցութեան  Ուքրանիոյ Մէջ Կացութիւնը Շատ Դժուար Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Զելենսքի

«Առանց Միացեալ Նահանգներու Աջակցութեան Ուքրանիոյ Մէջ Կացութիւնը Շատ Դժուար Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի պատկերասփիւռի կայանի մը հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցողին հասկացողութեամբ կը մօտենանք եւ ատոր կը հետեւինք: Մեզի համար կարեւոր է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ աջակցութեան յառաջատարն են, եւ առանց անոնց աջակցութեան մեզի համար դժուար պիտի ըլլայ, իրապէս շատ դժուար պիտի ըլլայ»: «Մինչ այդ, հարցումը այն է, թէ ուքրանական տագնապը ե՞րբ պիտի աւարտի», ըսաւ...

Էլիզէի Պալատը Կը Հակադարձէ  Մաքրոնի Քաթար Այցելութիւնը  Քննադատողներուն

Էլիզէի Պալատը Կը Հակադարձէ Մաքրոնի Քաթար Այցելութիւնը Քննադատողներուն

Էլիզէի պալատը յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն չորեքշաբթի օր (այսօր, «Ա.») Տոհա պիտի ուղղուի Մոնտիալի կիսաւարտականի ընթացքին Մարոքի դէմ մրցումի ընթացքին քաջալերելու համար Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբը, հակառակ «Քաթարին քաղաքական աջակցութիւն չտրամադրելու» ընդդիմադիրներու կոչին: Նախագահի խորհրդականներէն մէկը յայտնեց. «Հարցը կը վերաբերի կարեւոր պահու մը ընթացքին ֆրանսական մարմնակրթութեան ու ֆրանս-մարոքեան բարեկամութեան աջակցութեան»` աւելցնելով. «Կարեւոր է, որ նախագահը այդտեղ ըլլայ` զօրակցելու...

«Կը Շարունակենք Թուրքիան Համոզել  Սուրիոյ Մէջ Ցամաքային  Գործողութեան Չսկսելու»  Կ՛ըսէ Պոկտանով

«Կը Շարունակենք Թուրքիան Համոզել Սուրիոյ Մէջ Ցամաքային Գործողութեան Չսկսելու» Կ՛ըսէ Պոկտանով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ թրքական կողմը համոզել Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութեան չսկսելու` վստահեցնելով, որ յաջողութիւն կ՛արձանագրուի: «Մինչեւ ցամաքային գործողութեան սկսումը, հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին, ինչ որ կը նշանակէ, որ յաջողութիւններ կան, եւ հաղորդակցութեան մէջ պիտի մնանք», ըսաւ ան: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինին երէկ իր կարգին յայտնած էր. «Անգարան կը գիտակցի,...

«Որոշ Դրացիներու Յաւակնութիւններուն  Թեհրանի Պատասխանը Պիտի Ըլլայ Ուժեղ,  Ջախջախիչ Եւ Ցաւալի»  Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը

«Որոշ Դրացիներու Յաւակնութիւններուն Թեհրանի Պատասխանը Պիտի Ըլլայ Ուժեղ, Ջախջախիչ Եւ Ցաւալի» Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը

Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ալի Նիքզատէ յայտարարած է, որ որոշ դրացիներու յաւակնութիւններուն Իրանի պատասխանը պիտի ըլլայ ուժեղ, ջախջախիչ եւ ցաւալի: Այս մասին կը գրէ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Նիքզատէ կիրակի օր խորհրդարանի բաց նիստի սկիզբը իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է, որ Իրանի քաղաքականութիւնը ո՛չ իշխողի, ո՛չ ալ ենթարկուողի կարգավիճակի մէջ ըլլալն է: Դրացիներու հետ բարի դրացիութեան քաղաքականութիւնը նոյնպէս Իրանի արտաքին քաղաքականութեան...

Էրտողան Սպառնացած Է «Հանգիստ Չմնալու  Պարագային» Թեւաւոր Հրթիռներով  Հարուածել Յունաստանը

Էրտողան Սպառնացած Է «Հանգիստ Չմնալու Պարագային» Թեւաւոր Հրթիռներով Հարուածել Յունաստանը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ թրքական «Թայֆուն» փոքր հեռահասութեան թեւաւոր հրթիռները կրնան Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնք հասնիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «Միլլիեթ» հրատարակութիւնը: «Հիմա մենք սկսած ենք մեր սեփական հրթիռները արտադրել: Ի հարկէ, այս արտադրութիւնը կը վախցնէ յոյները: Երբ կ՛ըսես «Թայֆուն», յոյները կը վախնան եւ կ՛ըսեն` ատիկա պիտի հարուածէ Աթէնքը: Ի հարկէ պիտի հարուածէ», ըսած է Էրտողան: Ան...

Չինաստանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ  Յայտարարութիւնը Զայրացուցած Է Իրանը.  Չինաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւն

Չինաստանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Յայտարարութիւնը Զայրացուցած Է Իրանը. Չինաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Իրան քննադատած է Չինաստանի եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու միացեալ յայտարարութիւնը` զայն կոչելով Խորհուրդի ձախողած իրանոֆոպիայի քաղաքականութեան շարունակութիւնը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտարարութիւնը կոչած է խորհուրդի անդամներու «ի զուր փորձ»` «թաքցնելու շրջանին մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներուն իրենց ելեւմտական, քաղաքական եւ նիւթաթեքնիքական աջակցութիւնը»: Ան անդրադարձած է խորհուրդի շարք մը անդամներու «քայքայիչ քաղաքականութեան» պատճառով բնակիչներուն հասցուած հսկայական նիւթական...

Էրտողան-Փութին Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հաղորդումով` այս մասին հաղորդած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը: «Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները, գնահատականներ տրուած են շրջանային խնդիրներուն, ներառեալ հացահատիկային միջանցքը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Զրոյցի ընթացքին Էրտողան յայտնած է, որ միացեալ ջանքերու շնորհիւ աւելի քան 13...

Քոսովոյի Մէջ Բռնարարքներ  Եւ Լարուածութիւն

Քոսովոյի Մէջ Բռնարարքներ Եւ Լարուածութիւն

Քոսովոյի ոստիկանութիւնն ու տեղական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ երկրին հիւսիսը սերպերու կողմէ ճամբաներու փակման հետեւանքով բռնարարքներու պատճառով երեկոյեան տեղի ունեցած են պայթումներ ու կրակոցներ, որոնց պատճառով արձանագրուած է վիրաւոր մը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քոսովոյի ոստիկանութեան եւ հիւսիսային Քոսովոյի սերպ բնակիչներուն միջեւ կրակոց տեղի ունեցած է: Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը հաղորդեց, որ «անցեալ գիշեր առաքելութեան պարեկութիւն կատարող խումբին վրայ ձայնային...

Սէուտական Արաբիան Եւ Չինաստանը Համապարփակ  Ռազմավարական Գործընկերութեան  Համաձայնագիր Ստորագրեցին

Սէուտական Արաբիան Եւ Չինաստանը Համապարփակ Ռազմավարական Գործընկերութեան Համաձայնագիր Ստորագրեցին

Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորն ու Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկը վերջինիս Ռիատ այցելութեան 2-րդ օրուան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր մը ստորագրեցին: Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանն ու Չինաստանի նախագահը ունեցան պաշտօնական բանակցութիւններու նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութեան եւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութեան ամրապնդման ջանքերու տարբեր երեսները: Անոնք նաեւ...

Շուէտն ու Ֆինլանտան Կը Ջանան Ուաշինկթընի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Թրքական Կանաչ Լոյս Ստանալ

Շուէտն ու Ֆինլանտան Կը Ջանան Ուաշինկթընի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Թրքական Կանաչ Լոյս Ստանալ

Ֆինլանտան եւ Շուէտը միացան Միացեալ Նահանգներուն` Թուրքիոյ կոչ ուղղելով իրենց ՕԹԱՆ-ի միանալու կանաչ լոյս տալու, եւ յայտնեցին, որ Անգարային պահանջած բոլոր խոստումներուն կատարման աշխատանք կը տանին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր շուէտ եւ ֆին պաշտօնակիցներ Թոփիաս Պիլսթրոմի եւ Պիքա Հաւիսթոյի հետ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումի ընթացքին նախանձախնդրութիւն յայտնեց սկանտինաւեան երկու երկիրներու դաշինքին միացումը խանգարող Թուրքիոյ նկատմամբ դժգոհութեան կամ...

«Ուքրանիոյ Մէջ Յատուկ Զինուորական  Գործողութիւնը Կրնայ  Տեւական Հոլովոյթ Դառնալ»  Կ՛ըսէ Փութին

«Ուքրանիոյ Մէջ Յատուկ Զինուորական Գործողութիւնը Կրնայ Տեւական Հոլովոյթ Դառնալ» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութիւնը կրնայ տեւական հոլովոյթ դառնալ: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Փութին այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահին առընթեր մարդու իրաւունքներու խորհուրդի անդամներու հետ հանդիպումի ընթացքին: «Ինչ կը վերաբերի յատուկ զինուորական գործողութեան արդիւնքներու երկար հոլովոյթին, ապա, ի հարկէ, ասիկա կրնայ երկար հոլովոյթ դառնալ: Սակայն դուք նշեցիք, որ նոր տարածքներ յայտնուած են,...

Սէուտական Արաբիան Քանի Մը Օրէն Թուրքիոյ Մօտ  5 Միլիառ Տոլարի Գումար Պահ Պիտի Դնէ

Սէուտական Արաբիան Քանի Մը Օրէն Թուրքիոյ Մօտ 5 Միլիառ Տոլարի Գումար Պահ Պիտի Դնէ

Սէուտական Արաբիոյ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Ժատաան երէկ յայտարարեց, որ թագաւորութիւնը «Քանի մը օրէն» Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան մէջ 5 միլիառ տոլարի գումար մը պահ պիտի դնէ: «Ասիկա մօտ օրէն տեղի պիտի ունենայ, եւ որոշումը Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ որդեգրուեցաւ», ըսաւ ան լրագրողներու` աւելցնելով. «Մնացեալ մանրամասնութիւններուն շուրջ քննարկում տեղի կ՛ունենայ, եւ գումարը պահ պիտի դրուի քանի մը օրէն»: Սէուտական Արաբիոյ ելեւմուտքի...

«Իրան Շրջանի Աշխարհագրական Սահմաններու  Որեւէ Փոփոխութիւն Պիտի Չընդունի.  Ատիկա Սկզբունքային Քաղաքականութիւն Է»  Կ՛ըսէ Զօր. Ֆատաւի

«Իրան Շրջանի Աշխարհագրական Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութիւն Պիտի Չընդունի. Ատիկա Սկզբունքային Քաղաքականութիւն Է» Կ՛ըսէ Զօր. Ֆատաւի

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատարի տեղակալ, զօր. Ալի Ֆատաւի յայտարարած է, որ Իրան շրջանի աշխարհագրական սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն չ՛ընդունիր: Այս մասին հաղորդեց «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Անդրադառնալով Ազրպէյճանի հետ հիւսիսային սահմաններուն վրայ Յեղափոխական պահակագունդին կողմէ կատարուած վերջին ռազմափորձերուն` Յեղափոխական պահակագունդի ղեկավարի տեղակալը ըսած է, որ Իրան շրջանի աշխարհագրական սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն չ՛ընդունիր, որովհետեւ ատիկա սկզբունքային քաղաքականութիւն է: «Երկիրներու միջեւ սահմանային վէճը...

«Ռիատի Երեք Վեհաժողովներ Հիւրընկալելը  Իւրայատուկ Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու  Չին-Սէուտական Վճռականութեան Ապացոյցն Է»  Կ՛ըսէ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Ռիատի Երեք Վեհաժողովներ Հիւրընկալելը Իւրայատուկ Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Չին-Սէուտական Վճռականութեան Ապացոյցն Է» Կ՛ըսէ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան պըն Ապտալլա յայտնեց. «Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի թագաւորութիւն այցելութեան ընթացքին Ռիատի երեք վեհաժողովներ հիւրընկալելը իւրայատուկ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հասարակաց վճռականութեան ապացոյցն է»: Սէուտական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտի Չինաստանի նախագահը 7-9 դեկտեմբերին Սէուտական Արաբիա հրաւիրելը եւ սէուտական-չինական վեհաժողովի, Ռիատի Ծոց-Չինաստան գործակցութեան ու բարգաւաճման վեհաժողովի եւ Ռիատի...

Page 227 of 882 1 … 226 227 228 … 882

Արխիւներ