Քոսովոյի ոստիկանութիւնն ու տեղական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ երկրին հիւսիսը սերպերու կողմէ ճամբաներու փակման հետեւանքով բռնարարքներու պատճառով երեկոյեան տեղի ունեցած են պայթումներ ու կրակոցներ, որոնց պատճառով արձանագրուած է վիրաւոր մը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քոսովոյի ոստիկանութեան եւ հիւսիսային Քոսովոյի սերպ բնակիչներուն միջեւ կրակոց տեղի ունեցած է:
Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը հաղորդեց, որ «անցեալ գիշեր առաքելութեան պարեկութիւն կատարող խումբին վրայ ձայնային ռումբ նետուեցաւ», սակայն մարդկային կամ նիւթական վնասներ չեն արձանագրուած:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը տարիներէ ի վեր Քոսովոյի մէջ ներկայ կացութեան բնորդը կը հաստատէ:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել իր կարգին յայտնեց. «Եւրոպական Միութիւնը յարձակումներու եւ հիւսիսի մէջ ոճրային բիրտ արարքներու օգտագործման նկատմամբ աչք պիտի չփակէ»: Ան Քոսովոյի սերպերուն կոչ ուղղեց արագօրէն վերցնելու անցարգելներն ու վերականգնելու հանդարտութիւնը:
Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վոչիչ շաբաթ օր Փրիշթինան ամբաստանած էր ամիսներէ ի վեր բռնարարքներ պատրաստելու յանցանքով, եւ յայտարարեց. «Սերպիան ՕԹԱՆ-ի մէջ խաղաղութիւն հաստատողներէն պիտի խնդրէ իրեն արտօնել Քոսովոյի մէջ սերպական բանակ եւ ոստիկանութիւն տեղակայելու, թէեւ կը կարծէ, որ այդ խնդրանքին համաձայնութիւն ստանալու առիթ չկայ»:
Ան ըսաւ, որ Քոսովօ կը ծրագրէ 15 դեկտեմբերին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմում ներկայացնել, ինչ որ կողմերուն միջեւ նախապէս գոյացած համաձայնութեան ոտնահարում է` նշելով. «Մեզի համար ատիկա խանգարիչ դէպք է եւ Ուաշինկթընի համաձայնութիւններու բացայայտ ոտնահարում մը, ինչպէս նաեւ ցուցանիշ մը, թէ անոնք կրնան իրենց ուզածը ոտնահարել»:


