Սէուտական Արաբիոյ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Ժատաան երէկ յայտարարեց, որ թագաւորութիւնը «Քանի մը օրէն» Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան մէջ 5 միլիառ տոլարի գումար մը պահ պիտի դնէ:
«Ասիկա մօտ օրէն տեղի պիտի ունենայ, եւ որոշումը Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ որդեգրուեցաւ», ըսաւ ան լրագրողներու` աւելցնելով. «Մնացեալ մանրամասնութիւններուն շուրջ քննարկում տեղի կ՛ունենայ, եւ գումարը պահ պիտի դրուի քանի մը օրէն»:
Սէուտական Արաբիոյ ելեւմուտքի նախարարին համաձայն, Ռիատի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ մեծ բարելաւում գոյութիւն ունի, եւ թագաւորութիւնը անհամբեր կը սպասէ Թուրքիոյ եւ այլ պետութիւններու մէջ ներդրումային առիթներու:


