Միջազգային

Քոսովոն Փակած Է Սերպիոյ Հետ  Սահմանի Գլխաւոր Անցակէտը

Քոսովոն Փակած Է Սերպիոյ Հետ Սահմանի Գլխաւոր Անցակէտը

Քոսովոն փակած է Սերպիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող գլխաւոր անցակէտը: Այդ քայլը առնուած է, երբ սահմանի հակառակ կողմը հաւաքուած սերպ ցուցարարները փակած են չճանչցուած հանրապետութիւնը Սերպիոյ կեդրոնական շրջաններուն կապող ճամբան: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ցուցարարները այս քայլով իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Քոսովոյի սերպերուն, որոնք արդէն 18 օրէ ի վեր բողոքի ցոյցեր կը կատարեն երկրամասի սերպաբնակ շրջաններուն մէջ` պահանջելով...

«Իրան Պատրաստ Է Հայաստանի Հանրապետութեան Հետ  Խորացնելու Փոխադարձ Շահերու Վրայ Հիմնուած  Համապարփակ Յարաբերութիւնները»  Կ՛ըսէ Ռայիսի

«Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը Ապատեղեկատուութեան Տարածման Միջոցով Պիտի Չկարենան Պառակտել Իրանցի Ժողովուրդը» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Միացեալ Նահանգներն ու արեւմտեան երկիրները մեղադրած է բամբասանքներու եւ ապատեղեկատուութեան տարածման միջոցով Իրանի մէջ հակակառավարական բողոքներ հրահրելու յանցանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Իսլամական յեղափոխութեան թշնամիները սուտի տարածումով պիտի չկարենան հասնիլ իրենց նպատակներուն եւ պառակտել իրանցի ժողովուրդը: Երիտասարդները մեր երեխաներն են, եւ բոլոր անոնք, որոնք խաբուած են, պիտի ընդունուին հայրենիքի գիրկը, սակայն...

Պայտըն Նիւ Եորքի Մէջ Ձիւնամրրիկի  Պատճառով Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարած Է

Պայտըն Նիւ Եորքի Մէջ Ձիւնամրրիկի Պատճառով Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարած Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Նիւ Եորքի մէջ ձիւնամրրիկի պատճառով արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Այս մասին կը հաղորդէ Սպիտակ տունը: «Նախագահ Պայտըն Նիւ Եորք նահանգին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է եւ հրամայած դաշնակցային օգնութիւն ցուցաբերել նահանգային եւ տեղական մակարդակներով ձիւնամրրիկին արձագանգման ջանքերը աւելցնելու համար», նշուած է Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ: Կը նշուի, որ Պայտըն արտակարգ իրավիճակներու դաշնակցային գործակալութիւնն ու ներքին...

«Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ը Կ՛ուզեն  Պատերազմի Դաշտի Վրայ Յաղթել Ռուսիոյ`  Զայն Ոչնչացնելու Համար»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ը Կ՛ուզեն Պատերազմի Դաշտի Վրայ Յաղթել Ռուսիոյ` Զայն Ոչնչացնելու Համար» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կարծիքով` Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ի անոր դաշնակիցները կ՛ուզեն պատերազմի դաշտին վրայ յաղթել Ռուսիոյ, որպէսզի զայն ոչնչացնեն: Այս մասին ան ըսած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարին համաձայն, արեւմտեան երկիրներու եւ անոնց վերահսկողութեան տակ գտնուող Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի գործողութիւնները կը հաստատեն ուքրանական ճգնաժամի համաշխարհային բնոյթը: «Այլեւս ոչ ոքի...

«Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները  Մահամերձ Վիճակի Մէջ Են»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը

«Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Մահամերձ Վիճակի Մէջ Են» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Հիւսիսային Ամերիկայի բաժանմունքի տնօրէն Ալեքսանտր Տարչիեւ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները «մահամերձ վիճակի մէջ են»: Մեկնաբանելով Քոնկրեսի Ծերակոյտին կողմէ Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի պաշտօնի հաստատումը` ռուս դիւանագէտը կարեւոր նկատած է դեսպանի կողմնորոշումը առ այն, որ «ոչ թէ պէտք է վատթարացնել յարաբերութիւնները, որոնք առանց ատոր ալ կը գտնուին...

Քափիթոլի Վրայ Յարձակումի  Պատճառը Մէկ Մարդ Եղած Է` Թրամփը

Քափիթոլի Վրայ Յարձակումի Պատճառը Մէկ Մարդ Եղած Է` Թրամփը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան յատուկ յանձնախումբը, որ 6 յունուար 2021-ին Քափիթոլի վրայ կատարուած յարձակումին առնչուած հետաքննութիւն կը կատարէ, զեկուցում հրապարակած է իր գործունէութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը: 845 էջնոց փաստաթուղթի հրապարակման առնչութեամբ յատուկ յանձնախումբի նախագահ, Միսիսիփի նահանգը ներկայացնող դեմոկրատական քոնկրեսական Պենի Թոմսըն յայտարարած է, որ ըստ զեկուցումին, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ «որոշած է փորձել...

Պատասխանելով Ալիեւի` Թեհրանի Կողմէ  Երեւանին Աջակցելու Մասին Յայտարարութեան`  «Իրան Երբեք Չ՛ամրապնդեր Իր Կապերը  Դրացիի Մը Հետ` Ի Վնաս Միւսին»  Կ՛ըսէ Քենաանի

«Միացեալ Նահանգներ Իրանցիներու Համար Կոկորդիլոսի Արցունքներ Կը Թափէ» Կ՛ըսէ Քենաանի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի քննադատած է Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը` Իրանի մէջ ցոյցերու պատճառով Թեհրանի դէմ լրացուցիչ պատժամիջոցներ հաստատելուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: «Միացեալ Նահանգները, որոնք կ՛աջակցին ցոյցերուն եւ ահաբեկչութեան, պատժամիջոցներ կը հաստատեն իրանցի ժողովուրդին նկատմամբ եւ անոր դէմ առաւելագոյն ճնշման արշաւի կը ձեռնարկեն, կոկորդիլոսի արցունքներ կը թափեն», ըսած է դիւանագէտը: Քենաանի...

Ռուսիան Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռուբլիի  Վճարումով Հացահատիկ Մատակարարած Է Թուրքիոյ

Ռուսիան Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռուբլիի Վճարումով Հացահատիկ Մատակարարած Է Թուրքիոյ

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Վիքթորիա Ապրամչենքօ ըսած է, որ Ռուսիան առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ ռուբլիի վճարումով հացահատիկ մատակարարած է: Անոր համաձայն, ատիկա առաջին փորձն էր, որ բարեյաջող եղած է: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը: «Թուրքիոյ հետ փորձը կատարուած է աշնան: Կատարուած է մէկ գործարք, հաշիւները կատարուած են ռուբլիով», ըսած է Ապրամչենքօ: Ռուսիոյ փոխվարչապետը բացատրած է, որ Ռուսիան այժմ սննդամթերք կ՛արտածէ...

Զելենսքի Սպիտակ Տուն Այցելեց.  Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Մէջ  Արդար Խաղաղութեան Կ՛աջակցին»

Զելենսքի Սպիտակ Տուն Այցելեց. Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Մէջ Արդար Խաղաղութեան Կ՛աջակցին»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «կը փորձէ ձմեռը իբրեւ զէնք օգտագործել, սակայն ուքրանացի ժողովուրդը կը շարունակէ աշխարհը ներշնչել»: «Ուքրանիոյ արդար խաղաղութեան հաստատման ձգտումին պիտի աջակցինք», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Պիտի ամրապնդենք Ուքրանիոյ ինքնապաշտպանութեան կարողութիւնը, մասնաւորաբար «Փաթրիոթ» հրթիռային համակարգերու ճամբով հակաօդային պաշտպանութիւնը»: Նշենք,...

Ֆրանսայի Դեսպանը Կանչուած Է Ռուսիոյ  Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Ֆրանսայի Դեսպանը Կանչուած Է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Մոսկուայի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փիեռ Լեւին Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան մէջ «Ռուսական տան» ղեկավար Տմիթրի Սիթիի դէմ մահափորձի վերաբերեալ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի յայտարարութիւններէն ետք կանչուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը: Ռուս դիւանագէտները Ֆրանսայի դեսպանին մատնանշած են, որ անընդունելի են Մոսկուայի նկատմամբ մեղադրանքները, թէ ան Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան տարածքին մէջ...

Նեթանիահու Մետասաներորդ Պահուն  Յաջողեցաւ Կազմել Իսրայէլի Կառավարութիւնը

Նեթանիահու Մետասաներորդ Պահուն Յաջողեցաւ Կազմել Իսրայէլի Կառավարութիւնը

«Լիքուտ» կուսակցութեան ղեկավար, Իսրայէլի ընտրեալ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է երկրի նախարարաց նոր խորհուրդի ձեւաւորման մասին: Նոր կառավարութեան մէջ, ըստ լրատուամիջոցներու, պիտի ընդգրկուին աջ պահպանողական դաշինքի ներկայացուցիչներ, ներառեալ «Կրօնական սիոնականութիւն» կուսակցութիւնը: «Շնորհիւ այն հսկայական հանրային աջակցութեան, որ մենք ստացանք վերջին ընտրութիւններուն, ես կրցայ ձեւաւորել կառավարութիւն, որ պիտի աշխատի ի շահ Իսրայէլի բոլոր քաղաքացիներու», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Նեթանիահու: Նոր կառավարութեան...

Վուչիչ. «Արեւմուտքն Ու Թուրքիան  Կը Պահանջեն Լուծել Քոսովոյի Խնդիրը»

Վուչիչ Դատապարտած Է Չճանչցուած Քոսովոյին «Պայրաքտարներ» Մատակարարելու Թուրքիոյ Մտադրութիւնը

Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ դատապարտած է Թուրքիոյ` չճանչցուած Քոսովոյին «Պայրաքտար»-ներ մատակարարելու մտադրութիւնը: «Երբ թուրքերը կ՛ըսեն, թէ Փրիշթինային «Պայրաքտար»-ներ պիտի տան, ատիկա մեզի համար դժուար ու վատ նորութիւն է: Մենք շատ կը յարգենք Էրտողանը, սակայն ատիկա, անկասկած, պիտի ազդէ մեր յարաբերութիւններուն վրայ», «Փինք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Վուչիչ: Նախագահը ընդգծած է, որ ատիկա կը նշանակէ, որ Սերպիան պէտք...

Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելած Է Լաչինի  Միջանցքի` Ազրպէյճանցիներուն Կողմէ  Փակուած Հատուած

Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելած Է Լաչինի Միջանցքի` Ազրպէյճանցիներուն Կողմէ Փակուած Հատուած

Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիթ Պաղճը այցելած է Լաչինի միջանցքի այն հատուած, որ Ազրպէյճանի այսպէս կոչուած «բնապահպանները» 12 դեկտեմբերէն ի վեր փակած են` պահանջելով հասանելիութիւն տրամադրել Արցախի մէջ` ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ գտնուող արդիւնաբերական հանքերուն: Այս մասին կը վկայեն թուրք դիւանագէտի թուիթըրեան էջին վրայ հրապարակուած լուսանկարները:

Մետվետեւ Կ՛այցելէ Փեքին.  «Չինաստան Պատրաստ Է  Ռուսիոյ Մերձենալու»  Կ՛ըսէ Շի Ճինփինկ

Մետվետեւ Կ՛այցելէ Փեքին. «Չինաստան Պատրաստ Է Ռուսիոյ Մերձենալու» Կ՛ըսէ Շի Ճինփինկ

Չինաստանը պատրաստ է Ռուսիոյ հետ մերձեցման դիմելու` յանուն աւելի արդար համաշխարհային կառավարման: «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկը` Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հանդիպումէն ետք: «Չինաստանը պատրաստ է Ռուսիոյ մերձենալու` նոր դարաշրջանին մէջ չին-ռուսական յարաբերութիւնները մշտապէս զարգացնելու եւ համաշխարհային կառավարման զարգացումը աւելի արդար ու ողջմիտ ուղղութեամբ միասին խթանելու համար», Չինաստանի ղեկավարի խօսքերը...

Ապտոլլահեան. «Սէուտական Արաբիան  Պատրաստ Է Իրանի Հետ Երկխօսութիւնը  Շարունակելու»

Ապտոլլահեան. «Սէուտական Արաբիան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Երկխօսութիւնը Շարունակելու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց. «Ներկայ գտնուեցայ Յորդանանի մէջ «Պաղտատ 2» խորհրդաժողովին` հաստատելու համար Իրաքին մեր աջակցութիւնը, եւ ժողովի ծիրին մէջ առիթ ունեցայ մտերմիկ զրոյց ունենալու կարգ մը պաշտօնակիցներու հետ, որոնց շարքին` Օմանի, Քաթարի, Իրաքի, Քուէյթի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ»: Ապտոլլահեան յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար...

Իրան Պատրաստ Է Համաձայնութեան Վերջին  Նախագիծին Հիմամբ Եզրափակելու  Վիեննայի Բանակցութիւնները

Իրան Պատրաստ Է Համաձայնութեան Վերջին Նախագիծին Հիմամբ Եզրափակելու Վիեննայի Բանակցութիւնները

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձր յանձնակատար Ճոզեփ Պորել երէկ հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ: Անոնք քննարկեցին հիւլէական թղթածրարի զարգացումներն ու Իրանի մէջ վերջին անկարգութիւնները: Պորել «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Յորդանանի մէջ Իրաքի շուրջ վեհաժողովի ծիրին մէջ ժողով գումարած է Ապտոլլահեանի հետ եւ անոր հետ համաձայնած հաղորդակցութիւնը շարունակելու եւ Վիեննայի բանակցութիւններուն հիմամբ հիւլէական համաձայնութեան շուրջ աշխատանքը...

«Միշտ Հաղորդագրութիւններ Կը Փոխանակենք  Ամերիկեան Կողմին Հետ, Վերջին Փոխանակումը  Կայացած Է Անցած 72 Ժամուան Ընթացքին»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Ապտոլլահեան. «Իրան Պատրաստ Է Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Վերականգնելու Եւ Երկու Երկիրներուն Մէջ Դեսպանատուներ Բանալու, Եթէ Ռիատ Ատոր Պատրաստ Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց. «Մենք կ՛ողջունենք դրացի երկիրներուն, մասնաւորաբար Ծոցի երկիրներուն հետ վստահութեան ու շինիչ գործակցութեան վերակառուցումը»: Ան նշեց, որ Իրան պատրաստ է դրացի երկիրներուն ու Արաբական ծոցը եզերող երկիրներուն հետ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով երկխօսութեան` այդ երկիրներուն հետ գործակցաբար շրջանին մէջ անվտանգութեան հաստատման համար: «Իրան պատրաստ է Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնման եւ...

Մաան Նահանգին Մէջ Զինեալ Բախումներու  Ընթացքին Յորդանանեան Ապահովական  Մարմիններու 3 Անդամներ Զոհուած Են

Մաան Նահանգին Մէջ Զինեալ Բախումներու Ընթացքին Յորդանանեան Ապահովական Մարմիններու 3 Անդամներ Զոհուած Են

Յորդանանի ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ Մաան նահանգի փոխոստիկանապետ Ապտելռազաք Ապտելհաֆեզ Տալապիհի սպանութեան կասկածելիի թաքստոց ներխուժումի ընթացքին իր անդամներէն 3-ը զոհուած են եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած: Յորդանանի ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կասկածելին որակեց իբրեւ «հաւատադրժողական գաղափար կրողներէն մէկը» եւ նշեց, որ հետագային յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդէ: Նշենք, որ Յորդանանի մէջ քանի մը օրէ ի վեր կը շարունակուին...

Ազրպէյճան Սէուտական Արաբիոյ Առաջարկած Է  Արցախի Բռնագրաւեալ Տարածքներուն Մէջ  Ներդրումներ Կատարել

Ազրպէյճան Սէուտական Արաբիոյ Առաջարկած Է Արցախի Բռնագրաւեալ Տարածքներուն Մէջ Ներդրումներ Կատարել

Սէուտական Արաբիոյ զարգացման հիմնադրամը եւ Սէուտական ներդրումային հիմնադրամը կրնան միջոցներ յատկացնել Արցախի` 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու վերականգնման հոլովոյթին: Այս մասին, ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Ազրպէյճանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միացեալ յանձնախումբի 7-րդ նիստի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի ելեւմուտքի նախարար Սամիր Շարիֆով: Անոր համաձայն, կարելի է սերտել նաեւ Սէուտական Արաբիայէն սեփական ընկերութիւններու վերականգնման հոլովոյթին մասնակցութիւնը: Շարիֆով տեղեկացուցած է,...

Ֆոն Տեր Լեյեն. «Ազրպէյճան Ուժանիւթի  Ոլորտին Մէջ Եւրոպայի Վստահելի Գործընկերն Է»

Ֆոն Տեր Լեյեն. «Ազրպէյճան Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Եւրոպայի Վստահելի Գործընկերն Է»

Ազրպէյճանը ուժանիւթի ոլորտին մէջ Եւրոպայի վստահելի գործընկերն է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն Պուքրեշի մէջ, ուր 17 դեկտեմբերին Ազրպէյճանը, Վրաստանը, Ռումանիան եւ Հունգարիան համաձայնագիր կնքած են` վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերեալ: «Այս փաստաթուղթը Եւրոպական Միութիւնը առաւել եւս կը մօտեցնէ Հարաւային Կովկասի մեր գործընկերներուն», յայտարարած է Ֆոն...

Page 226 of 882 1 … 225 226 227 … 882

Արխիւներ