Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքմենիստանէն իր վերադարձի ընթացքին օդանաւին մէջ իրենց ընկերակցող լրագրողներուն յայտնած է, որ «պէտք է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի թրքական-ռուսական-սուրիական միացեալ քայլ մը որդեգրել»` աւելցնելով. «Գաղտնի սպասարկութիւններու բանակցութիւններու շարունակումէն ետք կրնամ երկու երկիրներու նախագահներուն հետ հանդիպիլ»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Էրտողան կ՛ըսէ, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հետ կ՛ուզէ հանդիպիլ, եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այդ առնչութեամբ դրական ընկալում ունի:


