Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Սպառնացած Է «Հանգիստ Չմնալու Պարագային» Թեւաւոր Հրթիռներով Հարուածել Յունաստանը

December 13, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ թրքական «Թայֆուն» փոքր հեռահասութեան թեւաւոր հրթիռները կրնան Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնք հասնիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «Միլլիեթ» հրատարակութիւնը:

«Հիմա մենք սկսած ենք մեր սեփական հրթիռները արտադրել: Ի հարկէ, այս արտադրութիւնը կը վախցնէ յոյները: Երբ կ՛ըսես «Թայֆուն», յոյները կը վախնան եւ կ՛ըսեն` ատիկա պիտի հարուածէ Աթէնքը: Ի հարկէ պիտի հարուածէ», ըսած է Էրտողան:

Ան նշած է, որ կրնայ գործադրել սպառնալիքը, եթէ Աթէնք «հանգիստ չմնայ» եւ չդադրի արտերկրէն զէնք գնելէ:

«Եթէ դուք հանգիստ չմնաք ու փորձէք կղզիներու համար տեղէ մը, ըլլայ այդ Ամերիկայէն, թէ այլ երկիրներէ զէնք գնել, ապա Թուրքիան հանդիսատեսի պէս պիտի չմնայ եւ պէտք է բանի մը ձեռնարկէ», ըսած է Էրտողան:

21 հոկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահը հաստատած է, որ երկիրը նոր «Թայֆուն» թեւաւոր հրթիռ ունի: Թրքական «Ռոքեթսան» ընկերութեան մշակած հրթիռի փորձարկումները տեղի ունեցած են Սեւ ծովու ափին:

Նախապէս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Յունաստանին կոչ ուղղած էր հրաժարելու Եգէական ծովու կղզիներուն մէջ զէնքի տեղակայումէն:

Սեպտեմբերի վերջաւորութեան Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է Յունաստանի կողմէ ապառազմականացուածի կարգավիճակ ունեցող Եգէական ծովու Լեսպոս եւ Սամոս կղզիներ սպառազինութիւն տեղափոխելու մասին:

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ռապիթաթ Ուարտանիէ` 2-2

Յաջորդը

«Որոշ Դրացիներու Յաւակնութիւններուն Թեհրանի Պատասխանը Պիտի Ըլլայ Ուժեղ, Ջախջախիչ Եւ Ցաւալի» Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին  Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է
Միջազգային

Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.