Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ճորճ Տիք յայտարարած է, որ Ազրպէյճանն ու Իսրայէլը ռազմավարական գործընկերներ են, ուստի իրենք ատոր լուրջ կը վերաբերին: «Մենք «ռազմավարական» բառը որեւէ երկրի առնչութեամբ պատահականօրէն չենք օգտագործեր: Այս առումով մեր գործընկերութիւնը խոր է եւ կ՛ընդգրկէ ոլորտներու լայն շրջանակ», ԱՓԱ-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Տիք:
Ան նշած է, որ այդ ոլորտներէն մէկը անվտանգութիւնն է, եւ որ Իսրայէլի` Արցախի հարցին մէջ դիրքորոշումը յստակ էր. Իսրայէլ կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Մենք նաեւ կը հասկնանք, որ Ազրպէյճանը կ՛ապրի բարդ դրացնութեամբ այն երկիրներուն հետ, որոնք բացայայտ կամ քողարկուած կը սպառնան անոր անկախութեան կամ տարածքային ամբողջականութեան: Մենք` իբրեւ ընկեր, ամէն ինչ պիտի ընենք Ազրպէյճանի հզօրացման համար, որպէսզի կանխարգիլենք այն սպառնալիքը, որ կրնայ բխիլ մեր գործընկեր Ազրպէյճանի դէմ որեւէ ուժէ», ըսած է Իսրայէլի դեսպանը: