Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յանձնախումբը «Ցեղասպանութիւն» Որակեց Ուքրանիոյ Մէջ Ռուսիոյ Գործողութիւնները
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները «ցեղասպանութիւն» կ՛որակէ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Նախագիծին հեղինակներն են դեմոկրատականներ Պեն Քարտինը, որ կը նախագահէ ամերիկեան Հելսինքեան կոմիտէին, եւ Ռիչըրտ Պլումընթալը, հանրապետականներ Ճիմ Ռիշը եւ Լինտսի Կրեմը: Բանաձեւը կը դատապարտէ Ռուսիան «Ուքրանիոյ մէջ ցեղասպանական գործողութիւններ կատարելու համար» եւ Միացեալ Նահանգներուն ու դաշնակիցներուն կոչ կ՛ուղղէ`...




















