Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիան Եւ Չինաստանը Համապարփակ Ռազմավարական Գործընկերութեան Համաձայնագիր Ստորագրեցին

December 10, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորն ու Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկը վերջինիս Ռիատ այցելութեան 2-րդ օրուան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր մը ստորագրեցին:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանն ու Չինաստանի նախագահը ունեցան պաշտօնական բանակցութիւններու նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութեան եւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութեան ամրապնդման ջանքերու տարբեր երեսները: Անոնք նաեւ քննարկեցին երկու երկիրներուն կողմէ փոխադարձ ներդրումներու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային վերջին զարգացումներն ու հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերն ու անոնց առնչութեամբ թափուած ջանքերը:

Երկու կողմերը ստորագրեցին շարք մը համաձայնագիրներ ու փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթեր, որոնց շարքին` թագաւորութեան 2030-ի տեսլականի եւ չինական Գօտիի եւ ճամբու նախաձեռնութեան իրարու համապատասխանեցման ծրագիրը, ջրածնային ուժանիւթի մարզին մէջ փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթ մը, ինչպէս նաեւ ուղղակի ներդրումներու քաջալերման փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթ մը:

Լիբանանի Անվտանգութեան, Կայունութեան Ու Հողային
Ամբողջականութեան Նկատմամբ Նախանձախնդրութիւն

Երկու երկիրները սէուտ-չինական վեհաժողովի աւարտին հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ իրենց նախանձախնդրութիւնը յայտնեցին Լիբանանի անվտանգութեան, կայունութեան ու հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ճգնաժամի յաղթահարումը երաշխաւորող բարեկարգումներ կատարելու, երկխօսութեան ու խորհրդակցութեան կարեւորութեան` նկատի ունենալով, որ այդ քայլերը արգելք կը հանդիսանան, որ Լիբանան վերածուի ահաբեկչական որեւէ արարքի մեկնակէտի եւ շրջանին անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը քայքայող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ խմբաւորումներու ապաստանարանի, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչի մաքսանենգման աղբիւրի կամ տարանցման վայրի:

Նշենք, որ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ երէկ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի եւ Չինաստանի ղեկավարներու առաջին վեհաժողովի բացման ընթացքին յայտարարեց. «Ծոցի երկիրները եւ Չինաստանը միացեալ ներդրումային կեդրոն պիտի ստեղծեն, մենք պիտի ուժեղացնենք Ծոցի երկիրներուն հետ մաքուր ուժանիւթի ոլորտին մէջ ներդրումներու ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը»:

 

Նախորդը

Շուէտն ու Ֆինլանտան Կը Ջանան Ուաշինկթընի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Թրքական Կանաչ Լոյս Ստանալ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.