Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ալի Նիքզատէ յայտարարած է, որ որոշ դրացիներու յաւակնութիւններուն Իրանի պատասխանը պիտի ըլլայ ուժեղ, ջախջախիչ եւ ցաւալի: Այս մասին կը գրէ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
Նիքզատէ կիրակի օր խորհրդարանի բաց նիստի սկիզբը իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է, որ Իրանի քաղաքականութիւնը ո՛չ իշխողի, ո՛չ ալ ենթարկուողի կարգավիճակի մէջ ըլլալն է: Դրացիներու հետ բարի դրացիութեան քաղաքականութիւնը նոյնպէս Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ ամրագրուած սկզբունք է, եւ Իրան ապացուցած է, որ իր դրացիներու մեծ բարեկամն ու աջակիցն է:
Իրանցի պաշտօնատարին համաձայն, Իրանը իր դրացիներուն նկատմամբ ողորմած ըլլալուն կողքին դրացիներու որեւէ չարաճճիութեան նկատմամբ կը վարէ կարծր, վճռական եւ ջախջախիչ քաղաքականութիւն:
Նշելով, որ Իրանի համար կարեւոր են անվտանգ եւ տնտեսապէս բարգաւաճ դրացիները, ան ըսած է, որ իր դրացիներուն կողմէ իր գերիշխանութեան դէմ չափէն դուրս յաւակնութիւններու պարագային Իրանի պատասխանը պիտի ըլլայ հզօր, ուժեղ եւ զղջում յառաջացնող:
«Իրան կ՛ողջունէ դրացի երկիրներուն հետ տնտեսական փոխանակումներու աճը եւ չի միջամտեր անոնց ներքին գործերուն», ըսած է Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահը` աւելցնելով, որ Իրան երբեք իր սեփական ազգային ամբողջականութեան հարցին մէջ որեւէ երկրի հետ զիջումներու պիտի չդիմէ: