Ֆինլանտան եւ Շուէտը միացան Միացեալ Նահանգներուն` Թուրքիոյ կոչ ուղղելով իրենց ՕԹԱՆ-ի միանալու կանաչ լոյս տալու, եւ յայտնեցին, որ Անգարային պահանջած բոլոր խոստումներուն կատարման աշխատանք կը տանին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր շուէտ եւ ֆին պաշտօնակիցներ Թոփիաս Պիլսթրոմի եւ Պիքա Հաւիսթոյի հետ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումի ընթացքին նախանձախնդրութիւն յայտնեց սկանտինաւեան երկու երկիրներու դաշինքին միացումը խանգարող Թուրքիոյ նկատմամբ դժգոհութեան կամ սպառնական ոճի դրսեւորումէն զգուշանալու առնչութեամբ:
Պլինքըն միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ես վստահ եմ, որ ՕԹԱՆ-ը մօտ օրէն պաշտօնապէս պիտի ողջունէ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի անդամակցութիւնը»` աւելցնելով. «Երկու երկիրները շօշափելի քայլեր որդեգրեցին` յարգելու իրենց խոստումները, ներառեալ մեծ դաշնակից Թուրքիոյ անվտանգութեան մտավախութիւններուն վերաբերեալ»:
Թուրքիան երկու երկիրներէն պահանջած էր աւելի խիստ քայլեր որդեգրել Անգարայի կողմէ ահաբեկիչ նկատուող քիւրտ գործիչներու նկատմամբ: Շուէտ անցեալ շաբաթ Անգարային յանձնեց Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) անդամ եւ թրքական արդարադատութեան կողմէ որոնուող Մոհամետ Թաթը:
Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Շուէտի եւ իր երկրին Թուրքիոյ խոստացած քայլերը «մեծ մասամբ կատարուեցան»` յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրները փետրուարին կը միանան ՕԹԱՆ-ին:
Նշենք, որ Հունգարիան, որ իր կարգին կ՛ընդդիմանայ սկանտինաւեան երկու երկիրներու ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան, փետրուարը ճշդած է իբրեւ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան ժամկէտ:
«Անշուշտ տակաւին մեզի կը պակսի այս հարցին առնչուած թրքական խորհրդարանի (նիստի) յստակ թուական ու ծրագիր», ըսաւ Հաւիսթօ` աւելցնելով. «Գիտենք, որ Թուրքիան դէպի ընտրութիւններ կ՛ուղղուի: Անշուշտ կը յուսանք, որ Թուրքիոյ որոշումը կանուխ տրուի եւ ոչ թէ ուշ»:


